ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ
Առողջութիւնը մարմնական թանկագին բարիք մըն է՝ որ մարդուս յանձնուած է Աստուծմէ։ Ուստի, մարդ պարտականութիւնը ունի առողջութեան խնամք տածելու բանաւոր չափերով։ Այս առթիւ իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է նաեւ ուրիշին կարիքներուն եւ հասարակաց բարիքին։ Եւ այս կը նշանակէ, որ առողջութիւնը որքան անհատական, նո՛յնքան եւ հասարակական արժէք մըն է։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, անհատներու «առողջութեան հոգատարութիւն»ը կը պահանջէ ընկերութեան օժանդակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք ձգել կեցութեան այն պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան մեծնալ եւ հասնիլ հասունութեան տարիքին. այսինքն՝ սնունդ եւ զգեստ, բնակարան եւ խնամք առողջութեան, հիմնական ուսում, գործ-աշխատանք, ընկերային հասարակական օժանդակութիւն։
Բարոյականը թէեւ կոչ կ՚ընէ մարմնաւոր կեանքին յարգանքին, սակայն զայն չի դարձներ «բացարձակ արժէք» մը։ Ան կ՚ընդվզի նոր հեթանոսական այն մտայղացումին դէմ, որ կը ձգտի զարկ տալու «մարմինի պաշտամունքին», ամէն ինչ զոհելու անոր՝ պաշտամունքի վերածելու ֆիզիքական կատարելութիւնը եւ մարզական յաջողութիւնը։
Հզօրներուն եւ տկարներուն միջեւ զատողութիւն կատարելով, նման մտայղացումը կարող է մեզ հասցնել մարդկային փոխյարաբերութիւններու չարափոխումին։ Արդարեւ, ժուժկալութեան առաքինութիւնը մարդս տրամադիր կը դարձնէ զգուշանալու ամէն տեսակ չափազանցութիւններէ։
Երբ հարցը առողջութեան յարգանքը եւ խնամքն է, կ՚արժէ խորհրդածել մարդկային էակին վրայ կատարուած որոնումներուն եւ փորձարկումներուն վրայ։ Արդարեւ, անոնք չեն կրնար օրինաւորել այնպիսի արարքներ՝ որոնք յինքեան հակառակ են անձերու արժանապատուութեան եւ բարոյական օրէնքին։
Անհատներուն պատահական հաւանութիւնը չ՚արդարացներ նման արարքները։ Մարդկային էակին վրայ կատարուած փորձարկումը բարոյապէս օրինաւոր չէ, եթէ ենթակային կեանքը կամ ֆիզիքական եւ հոգեբանական ամբողջութիւնը կ՚ենթարկուին անհամաչափ կամ զգուշանալի վտանգներու։
Մարդկային էակներու վրայ կատարուած փորձարկումը անձերուն արժանապատուութեան համապատասխան չէ, մանաւանդ երբ ան կը կատարուի առանց գիտակից հաւանութեան ենթակային կամ անոր վրայ իրաւունքներ ունեցողներուն։
Այս կարգին, «մարմնի գործարաններուն պատուաստում»ը համապատասխան է բարոյական օրէնքին, եթէ տուողին ֆիզիքական եւ հոգեբանական վնասները համաչափ են այն բարիքին, զոր պատուաստուողը կ՚ակնկալէ քաղել։
Մարմնի գործարաններու նուիրումը մահէն ետք՝ ազնուական եւ արժանաւոր արարք մըն է՝ զոր պէ՛տք է քաջալերել որպէս վեհանձն համընկերութեան արտայայտութիւն։ Սակայն անիկա բարոյապէս ընդունելի չէ, եթէ նուիրատուն կամ անոր իրաւատէրերը չեն տուած իրենց բացայայտ հաւանութիւնը։ Առաւել, բարոյապէս անընդունելի է հաշմանդամացնող անդամահատութիւնը կամ մարդկային արարածի մը մահը ուղղակիօրէն պատճառելը, եւ ասիկա նոյնիսկ եթէ ուրիշ անձերու մահը ուշացնելու համար է։
Վերջապէս, ամէն մարդ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատո՛ւ է իր կեանքին՝ մարմնական եւ հոգեբանական առողջութեան, քանի որ անոնք առողջ եւ ամբողջ յանձնուած են իրեն։
Կեանքին Տէրը Աստուա՛ծ է, եւ աւանդ մըն է կեանքը՝ մարդուն տրուած…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024