ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԵՒ ԿԱՄՔ…
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան համոզուած է, թէ համայնքային կեանքի խնդիրներու լուծման համար ներկայ դրութեամբ անհրաժեշտ դարձած են հիմնաւորեալ ու կատարեալ տուեալները եւ կամքը։
2024-2025 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանը երէկ սարքուեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ հրատապ օրակարգին շուրջ ծաւալուն արժեւորում մը ըրաւ հաւաքոյթի ընթացքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը կարգ մը հարցերու պարագային ըրաւ կարեւոր զգուշացումներ։ «Մեր նաւը տակի մասէն ջուր կ՚առնէ, սակայն ուղեւորները վերը կը զուարճանան։ Այնպէս կը ձեւացնենք, թէ ոչինչ կայ, սակայն, կա՛յ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն համար ժողովրդագրութիւնը ամէն ինչ կը նշանակէ։ Կրթական համակարգի խնդիրներուն անդրադառնալով՝ ան շեշտեց, որ դպրոց փակելը ամենադիւրին գործն է։
Սիրոյ սեղանի հուսկ բանքին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ մատաղօրհնութիւններու բուն արդիւնքը պէտք է չափել ո՛չ թէ հանգանակութեամբ, այլ՝ մարդոց մասնակցութեամբ եւ արտայայտած պատգամով։ Արդարեւ, այդ զօրակցութիւնն ու միասնութիւնն է սիրոյ սեղանի մը բուն արդիւնքը, իսկ դրամական հանգանակութեան պարագան կը յաջորդէ անոր։
Ելոյթին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ համայնքային կեանքը ունի իր կշռոյթը եւ իր ընկալմամբ՝ խնդիրները կենսունակութեան պատճառ կը համարուին։ «Անհատները կու գան ու կ՚անցնին, սակայն, ազգը կը շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը։ Մենք կենսունակ հաւաքականութիւն մըն ենք, որովհետեւ ունինք մեր դատը եւ ունինք մեր նպատակները։ Այստեղ հերթական անգամ արտայայտուեցաւ, թէ մենք մեր կարելին ի գործ պիտի դնենք», շեշտեց ան։
Անդրադառնալով կրթական հաստատութիւններուն՝ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ տնտեսութենէն անդին՝ անոնք խարսխուած են շարք մը արժէքներու վրայ, եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ։ «Մեր դպրոցները մեր իտէալներուն ու մեր հաւատքին վրայ կառուցուած են։ Անոնք կը խորհրդանշեն, որ մենք մէ՛կ ազգ ենք։ Հետեւաբար ոգին եւ իտէալը ձեւաւորած են նաեւ մեր համայնքի այսօրուան հարստութիւնը։ Մեր հաստատութիւններուն մէջ հաւաքուած հարստութիւնը, իրականութեան մէջ, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ իր հաւատին բերումով տրուածներուն, շարժման անցուածներուն շնորհիւ հաւաքուած է։ Այդ հարստութիւնը բաղկացած է ինչպէս կալուածներով, այնպէս ալ կեանքերով ու վաստակով», ըսաւ ան։
Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ այսօրուան աշխարհին մէջ ամէն ինչ կախում ունի նիւթականէ։ Այսպէս, կա՛մ ըստ տնտեսութեան մտայնութեան կը վարուին հաւաքականութիւնները եւ կամ անոր իրականութիւնը ձեւով մը ստիպողաբար ինքզինքը կը պարտադրէ։ Իր խօսքով՝ իրականութեան մէջ թրքահայ համայնքը ունի բաւարար նիւթական միջոցները՝ կրթական համակարգը կանգուն պահելու համար։ Բայց եւ այնպէս, անոնք ցրուած են։ Թրքահայութեան թիւը հեզհետէ կը նուազի եւ զուգահեռաբար համատարած մտահոգութեան առարկայ կը դառնան մեր վարժարաններուն վերաբերեալ մտահոգութիւններն ու հարցականները։ «Այսքան վարժարան շա՞տ է», կը մտածեն մարդիկ։
Այս կէտէն սկսեալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ պոլսահայ կրթական համակարգի վերաբերեալ որեւէ արմատական որոշում պէտք չէ առնել՝ որքան ատեն, որ գիտութեան ու կամքի պակաս մը խնդրոյ առարկայ է։
«Թէ որքա՞ն է մեր հաւաքական հասոյթը եւ որքա՞ն են մեր կալւածները։ Մենք որքա՞ն կալուած ունինք՝ տակաւին արժեւորելու համար։ Որպէս ներուժ՝ քանի՞ տարուան ընթացքին, որքա՞ն պիտի արժեւորուին մեր կալուածները։ Հետեւաբար, միայն մէկ վարժարանի պիւտճէին նայելով, անոր սակաւ աշակերտութեան թիւը նկատի առնելով դպրոց մը փակելը մեր նման փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ այդքան ալ բանիմաց ըլլալ չի թուիր։ Իրականութեան մէջ, դպրոց փակելը ամենադիւրին գործն է, սակայն, մենք կը նկատենք, թէ փակուած որեւէ դպրոցը վերստին բանալ կարելի չ՚ըլլար», շարունակեց ան։
Այս կէտէն սկսեալ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնն ալ (ԹՎՄ-ERVAB) իր յանձնախումբերով այս խնդիրները պէտք է նկատի առնէ առաջնահերթօրէն։ Թէեւ կան որոշ աշխատանքներ, սակայն անոնք անբաւարար են։ Յամենայնդէպս, Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունելի նկատեց այդպիսի աշխատանքներու սկսած ըլլալը։ Ի շարունակութիւն ան կանգ առաւ ժողովրդագրութեան մարտահրաւէրներուն վրայ։
«Նոյնիսկ եթէ այս բոլորը գիտնանք եւ տուեալները սեղանին վրայ դնենք, նորէն ալ մեր խնդիրները չենք կրնար լուծել, որովհետեւ հասարակաց կամք մը չունինք։ Մենք չունինք խորհուրդ մը, որ կարենայ ըսել, թէ այս ինչ բանը՝ այսպէս պիտի ըլլայ։ Որպէս համայնք՝ մենք իրազեկուելու կարիքը ունինք։ Մենք չենք գիտեր մեր վարժարաններու աշակերտներու ընդհանուր դիմագծին վերաբերեալ տուեալները։ Այսինքն, ովքե՞ր են մեր վարժարաններու սաներուն ծնողները, ո՞ւր կ՚ապրին։ Վարժարան մը փակելու պարագային մենք քանի՞ աշակերտ կամ քանի՞ ծնողք անվերադարձօրէն կը կորսնցնենք։ Դպրոցները փակելը կամ միացնելը այս առումով ալ պէտք է արժեւորենք։ Մենք տեղեկատուութեան եւ հետազօտութիւններու կարիքն ունինք։ Մենք կարծես չենք զգար, թէ մեր նաւը կ՚ընկղմի։ Մեր նաւը տակի մասէն ջուր կ՚առնէ, սակայն, վերը ուղեւորները կը զուարճանան։ Այնպէս կը ձեւացնենք, թէ ոչինչ կայ, սակայն, կա՛յ։ Ժողովրդագրութիւնը մեր նման փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն համար ամէն ինչ կը նշանակէ։ Ամէն ինչ լաւ ու գեղեցիկ է մարդով, իսկ մեր պարագային մեր մարդուժը կը նուազի։ Ես երբ պատրիարք եղայ, շուրջ հինգ տարի առաջ, մեր վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կը գերազանցէր 3 հազարի սահմանը, իսկ այսօր իջած է 2 հազար 700-ի», ընդգծեց Նորին Ամենապատուութիւնը։
Այս բոլորի լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համոզուած է, թէ համայնքի մասնագէտները պէտք է հարցախոյզներով եւ այլ ձեւերով շփուին մեր վարժարաններու վարիչներուն, կրթական մշակներուն, տնօրէններուն, սաներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ։ Այդպիսի խօսակցութիւններու եւ շփումներու հիման վրայ պէտք է տուեալներ ձեւաւորուին ընդհանուր դիմագծին մասին։ «Մեր ընտանիքներու եւ իրենց բնակչութեան դասաւորումը պէտք է տեսնենք։ Աւելի վերջ ալ, Պատրիարքարանի հետ միասին, մեր թիւին շուրջ արժեւորում մը պէտք է կատարենք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ իրականութեան մէջ մեծ աշխատանքային խումբեր ստեղծելը այդքան ալ դիւրին չէ, ուստի, կարելի է աւելի փոքր ձեւաչափերու մէջ խօսակցութիւններ ծաւալել եւ այդ տուեալները գոյացնել։ Այս տեսանկիւնէն Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւորեց նաեւ ERVAB-ի հարթութեան վրայ ձեւաւորուելիք կամքը։ «Լաւ տեղեկացուած, իրազեկ խորհուրդի մը կողմէ առնուած որոշումներու պէտք ունինք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ երկրի բարձր գնաճով պայմանաւորուած միջավայրին մէջ կ՚աղքատանան ինչպէս ամբողջ երկիրը, այնպէս ալ ժողովուրդն ու մեր համայնքը։ «Մեր վարժարաններու ծախսերը դիմագրաւելու ճանապարհին կը դժուարանանք ու պիտի դժուարանանք։ Բայց, այս դժուարութիւնը պէտք է մեզ ա՛լ աւելի զօրացնէ։ Մենք պէտք է մտածենք արժեւորելու մասին այն կալուածները, որոնք այսօր լաւ չեն արժեւորուիր կամ բարձիթողի վիճակի մէջ կը գտնուին։ Անոնք պէտք է շահոյթի վերածուին։ Բաց աստի, համայնքային կալուածներու պարագային վարձակալութենէ դուրս այլ ձեւերով հասոյթ ապահովելու ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններու մասին ալ պէտք է մտածենք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ նոյն տրամաբանութեան մէջ կանգ առաւ նաեւ համայնքէ ներս ընդհանուր կազմակերպութեան հարցերուն վրայ։ Իր խօսքով՝ այդ կազմակերպչական հարցերուն լուծումը ունի մեծ նշանակութիւն։ Հետեւաբար, այդ հարցերը ի՛նչ ճամբով կրնան լուծուիլ՝ պէտք է բոլորը մտածեն եւ մեր համայնքային հաստատութիւններն ալ պէտք է խրախուսուին այս ուղղութեամբ։
«Եկեղեցի-դպրոց յարաբերութիւնը պէտք է շարունակուի առանց վնասուելու, որովհետեւ սա արդէն օրինակելի կապ մըն է», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ իր խօսքի եզրափակիչ բաժնին մէջ մատնանշեց նաեւ համայնքի այն սպասումները, որոնք խնդրոյ առարկայ են պետութենէն։ Այս ամբողջին մէջ ան երկու առանցքային կէտ թուարկեց. առաջին՝ համայնքային վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան բարձրացման մեծածախս խնդիրը, եւ երկրորդ՝ մեր կրթական մշակներու ամսաթոշակները։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ այս ուղղութիւններով համայնքը կ՚ակնկալէ պետութեան աջակցութիւնը եւ յառաջիկայ շրջանին այս բոլորը վերստին պաշտօնական շրջանակներու նկատառման պիտի յանձնուին։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նոր սերունդի մասնակցութեան բարձր նշանակութիւնը ընդգծեց եւ ըսաւ. «Երիտասարդները մեր հաւաքական կեանքի յաջողութեան չափանիշը կը նկատուին։ Եթէ անոնք կեանքի նետուելէ վերջ կը վերադառնան համայնքային կեանքին, ապա կը նշանակէ, որ մենք յաջող ճամբու վրայ ենք»։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024