ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՎԵՐԱՕԾԵԱԼ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, շաբաթավերջի վերաօծումէն վերջ, մէկ շաբթուան տեւողութեան ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Մայր Տաճարի մէջ։ Այս ծիրէն ներս առաջին Ս. Պատարագը մատուցանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու առընթեռակայ էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Բացի տեղացի հաւատացեալներէ, Նորին Ամենապատուութեան մատուցած Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան այն պոլսահայ ուխտաւորները, որոնք սրբազան արարողութիւններուն առթիւ մեկնած էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։
Ս. Պատարագին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, իսկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութեան ընթացքին Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց բազմաթիւ հաւատացեալներու։
Հուսկ, բոլոր հաւատացեալները, մայրավանքի երեկոյեան ժամերու խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ ստացան Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհութիւնները։
Հարկ է նշել, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։