ԱՌԱՋԻՆ ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ԳՈՐԾԻՉԸ
Յաճախ ըսած ենք ու կը կրկնենք, որ մեր ազգին մէջ կան անուններ, որոնք հակառակ իրենց անձնուէր գործունէութեան՝ մնացած են շուքի տակ եւ երբեք չեն արժանացած այն պատիւին ու գնահատանքին՝ որուն արժանի են, այդ իսկ պատճառով ժամանակ առ ժամանակ, պիտի գրենք անոնց մասին, ոգեկոչելու անոնց անմահ յիշատակն ու մեծարելու այն գործունէութիւնը, որուն համար տիւ եւ գիշեր տքնած ու աշխատած են:
Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Գարեգին Լեւոնեանը. գրականագէտ, արուեստաբան, մատենագէտ, ինչպէս նաեւ «Խորհրդային սոցիալիսատան հանրապետութիւններու միութեան» գրողներու միութեան անդամ: Ի դէպ, պէտք է ըսել, որ Գարեգին Լեւոնեանի հայրը յայտնի հայազգի գուսան աշուղ Ջիւանին է:
Գարեգին Լեւոնեան ծնած է Կիւմրիի մէջ եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի Ս. Փրկիչ դպրոցին մէջ. երիտասարդ տարիքին ծնողքին հետ տեղափոխուած է Թիֆլիզ, ուր մտերմացած է շատ մը մտաւորականներու, որոնցմէ կարելի է յիշել Թումանեանը, Պռոշեանը, Աղայեանն ու ուրիշներ. Թիֆլիզի մէջ հետեւած է նկարչութեան դասընթացքներու եւ ապա ընդունուած՝ տեղի արուեստի ակադեմիան: Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակով վերադարձած է Հայաստան եւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ նկարչութիւն դասաւանդած է: Որոշ ժամանակ հայրենիքի մէջ մնալէ ետք դարձեալ վերադարձած է Թիֆլիզ, ուր 1908 թուականին հիմնած է «Գեղարուեստ» հանդէսը, որուն մէջ առաջին անգամ հրատարակուած են Խաչատուր Աբովեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Վրթա-նէս Փափազեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ այլ մեծանուն հեղինակներու գործերը:
Գարեգին Լեւոնեան հանդէսի կողքին հիմնած է նաեւ նկարչութեան արհեստանոցներ եւ դպրոցներու համար պատրաստած է ուսուցիչներ. անոնց համար կազմած է «Գծագրութիւն եւ նկարչութիւն» խորագրեալ դասագիրքը, որ արժանացած է մի քանի տպագրութիւններու. այդ աշխատութեան նախաբանին մէջ Գարեգին Լեւոնեան կը գրէ. «Պէտք է նախ սորվիլ գծագրութիւն եւ ապա նկարչութիւն, որովհետեւ գծագրութիւնը նկարչութեան հիմքն է, որովհետեւ ամէն նկար, ամէն ձեւ կազմուած է գիծերէ»: Այս բոլոր գործերու կողքին անձնուէր հայը ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցէն ներս, ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր դպրոցներու եւ հաստատութիւններու մէջ:
Սակայն Թիֆլիզ մեկնէ առաջ ան ունեցած է գրական գործունէութիւն. օրինակի համար՝ 1894 թուականին հրատարակած է «Հայ պարբերական մամուլը» խորագրեալ աշխատութիւն մը, որուն համար արժանացած է Յովսէփ Իզմիրեանցի կտակին համաձայն հիմնուած Սահակ Մեսրոպեան գրական մրցանակին: Այդ տարիներուն ան բազմաթիւ յօդուածներով ու ուսումնասիրութիւններով աշխատակցած է «Նոր դար»ին։ Ան բացի նկարչութեան ոլորտէն, մեծ աշխատանք տարած է ներկայացնելու հայ աշուղական արուեստը, ինչպէս նաեւ զբաղած է հայ թատրոնի պատմութեամբ. 1892 թուականին հրատարակած է «Հայ աշուղներ» աշխատութիւնը եւ լայն ուսումնասիրութիւն կատարած է Սայաթ Նովայի, Պաղտասար Դպիրի մինչեւ իսկ իր հօր՝ Ջիւանիի մասին. հրատարակած է «Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը», «Թատրոնը հին Հայաստանում», «Աշխարհէ աշխարհ» հատորները. զբաղած է նաեւ մանկավարժութեամբ. մի քանի տարի Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Մանկավարժական կաճառէն ներս դասախօսած եւ արժանացած է երիտասարդութեան յարգանքին: Շնորհիւ իր իմաստութեան ու նուիրումին, եղած է Պետական պատմական թանգարանի գիտական խորհուրդի անդամ եւ դարձած է Գրողներու եւ Նկարիչներու միութեան անդամ:
Պէտք է ընդգծել, որ հայ ազգի պատմութեան մէջ եղած է առաջին անձը, որ արժանացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումին:
Ի դէպ, այսօր այս նուիրեալ անձի մահուան 77-ամեակն է. այսօր թէեւ մոռցուած, սակայն իր ժամանակին յայտնի ու կարեւոր արժէք մըն էր Գարեգին Լեւոնեան. օրինակի համար՝ իր մահուան առիթով «Էջմիածին» ամսագիրը կը գրէ հետեւեալ տողերը. «Ծանր կորուստ կրեց հայ բանասիրական գիտութիւնը». անոր մահուան ժամանակ հայ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր ու հրապարակախօս Նայիրի Զարեան կ՚ըսէ. «Մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր անխոնջ մշակներէն մէկը՝ Գարեգին Լեւոնեանը, որ գրականութեան համար ձգած է հարուստ ժառանգութիւն եւ մեծ աւանդ տուած՝ հայ ժողովուրդի մշակոյթին մէջ»:
Ահաւասիկ մի քանի էջերու մէջ կ՚ամփոփուի կեանքը մարդու մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ գրականութեան, բանասիրութեան ու մշակոյթին. այս կարճ տողերու մէջ գրուած իւրաքանչիւր գործունէութիւն երկար տարիներու վաստակ մըն է. այսօր մեր հայ ազգը կարիքը ունի նոր Գարեգիններու, որպէսզի թէ՛ տէր դառնան հայ մշակոյթին եւ թէ իրենց հոգիով ու սիրտով մեր հայկական մշակոյթը սիրելի դարձնեն մեր նոր սերունդին։ Թող յիշատակը մի՛շտ վառ մնայ հայ մշակոյթի եւ գրականութեան պատմութեան մէջ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մշակոյթի մէջ գրականութի՞ւնը, թէ երաժըշ-տութիւնը առաջնահերթ է:
Պատասխան. Մշակոյթի մէջ գրականութեան եւ կամ երաժշտութեան առաջնահերթ ըլլալը կախեալ է հասարակական արժէքներէն, սակայն երկու արուեստի ձեւերն ալ վճռորոշ դեր ունին մարդկային պատմութեան եւ արտայայտման մէջ:Գրականութիւնը խորութիւնը կը հաղորդէ պատմուածքներու ճամբով, ուսումնասիրելով բարդ թեմաներ, յոյզեր եւ մարդկային վիճակներ, մինչդեռ երաժշտութիւնը գերազանցելով լեզուականը կը դառնայ ընդհանուր լեզու եւ մարդկային յոյզերու արձագանգը կը դառնայ: Շատ մը մշակոյթներու մէջ գրականութիւնը կրնայ աւելի առաջնահերթ ըլլալ, գրականութիւնը եւ թէ երաժշտութիւնը մշակոյթի կենսական սիւներն են. իւրաքանչիւրը կը հարստացնէ կեանքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024