ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր յայտնի ազգայիններէն, երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեան կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ գործարար աշխարհէ ներս՝ միշտ հասնելով յաւակնոտ կէտերու։ Վերջերս հրատարակուեցաւ Իսթանպուլի արդիւնաբերութեան պալատին կողմէ ամէն տարի պատրաստուած՝ Թուրքիոյ 500 մեծագոյն արդիւնաբերական ընկերութիւններու ցուցակը։ Երկար տարիներէ ի վեր այս ցուցակին վրայ տեղ կը զբաղեցնեն՝ Արէտ Երկանեանի «Նուրսանլար» հոլտինկի հովանոցին ներքեւ գործող զանազան ընկերութիւններ։ Արէտ Երկանեան այդ կառոյցի հիմնական բաժնետէրերէն մին է եւ երկար տարիներէ ի վեր իր իմաստուն վերահսկողութեան ներքեւ ապահոված է անոր կայուն եւ յարատեւ զարգացումը։
Իսթանպուլի արդիւնաբերութեան պալատին կողմէ հրապարակուած վերջին ցուցակին վրայ ալ տեղ գտած է «Նուրսան» լարային սարքաւորումներու արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի ընկերութիւնը։ 2023 թուականի տուեալներուն հիման վրայ պատրաստուած է այս 500 մեծագոյններու ցուցակը, ուր տեղ գտած է Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի Իսթանպուլի արդիւնաբերութեան պալատը մէկ տարի առաջուան տուեալներուն հիման վրայ կը հրատարակէ իր տեղեկագիր-ցուցակը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք թերթիս վաղեմի բարեկամ Արէտ Երկանեանը, որուն յարատեւութիւն կը մաղթենք գործարար կեանքէ ներս, ուր որպէս ձեռներէց կը վայելէ մեծ հեղինակութիւն եւ դրական համբաւ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024