Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդ Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը, որու ձեռնադրութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցած էր Վատիկանի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Նորատունկեան Գերապայծառի անդրանիկ այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շնորհաւորեց անոր ձեռնադրութիւնն ու օծումը, ինչպէս նաեւ բարեմաղթանքներ յղեց կաթողիկէ հայ համայնքի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր օրհնութիւնը անոր ու մաղթեց Աստուածոյ օգնականութիւնն ու առաջնորդութիւնը պատասխանատու առաքելութեան մէջ՝ ի պայծառութիւն Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2024