ՏԽՐՈՒՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած եւ համատարած համակրանքի, յարգանքի արժանացած տիրական դէմքերէն մին՝
ՍԵԼՄԱ ԻՍՔԷՆՏԷՐԷՕԶ
Տասնամեակներ շարունակ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերէն մին եղած էր Սելմա Իսքէնտէրէօզ, որ իր լուսահոգի ամուսնոյն՝ Պերճ Իսքէնտէրէօզի հետ հաճելի ներկայութիւն կը համարուէր համայնքային զանազան տեսակի ձեռնարկներուն։ Պոլսահայ դասական ընտանիքի մը մթնոլորտին մէջ հասած էր Սելմա Իսքէնտէրէօզ, որ իր ուսումը ստանալէ վերջ գործարար կեանքէ ներս ալ գործունէութիւն ծաւալած էր՝ ըլլալով սեփականատէրը «Կոլտեն» տուրմերու եւ շաքարեղէնի արտադրութեան ընկերութեան։ Ան մեր համայնքի ընկերամշակութային շարժումներուն եւ մեր վարժարաններու ի նպաստ զօրակցութեան աշխատանքին հետ նոյնացած անուն մը եղած էր՝ քանի տասնամեակներ շարունակ թէ՛ որպէս կամաւոր աշխատանք տարած էր եւ թէ նուիրատուութիւններ ըրած էր համահունչ այդ նպատակներուն։ Սելմա Իսքէնտէրէօզ երկար տասնամեակներ գլխաւորած էր նաեւ Պատրիարքարանի տիկնանց կազմը։ Այս բոլորի հանրագումարը եղած էր այն, որ Սելմա Իսքէնտէրէօզ համայնքային շրջանակներէ ներս միշտ յարգանք ու համակրանք վայելած անձնաւորութիւն մը եղած էր, բոլորին կողմէ սիրուած էր եւ ունեցած էր բարձր հաղինակութիւն։ Դժբախտաբար, յառաջացած տարիքի հետեւանքով վերջին տարիներուն առողջութիւնը որոշ վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր։ Խնդիրները բարդացած էին նաեւ մանաւանդ՝ իր լուսահոգի ամուսնոյն կորուստէն վերջ, երբ ան կեանքի տեւողութեան դատապարտուած էր առանձնութեան։ Սելմա Իսքէնտէրէօզ որոշ շրջանէ մը ի վեր թէեւ իր իրականութեան սահմաններուն մէջ կայուն կեանք մը յառաջ կը տանէր, սակայն, վերջին շրջանին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց փոխադրուած էր ընթացիկ առողջութեան հաւասարակշռութիւններու հունէ դուրս գալուն հետեւանքով։ Դժբախտաբար, իրեն ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը բաւարար չէ եղած այդ հաւասարակշռութիւնները վերականգնելու համար եւ ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր ցաւ պատճառելով իր սիրելիներուն եւ բարեկամական շրջանակին։ Անշուշտ, իր սերնդակիցներու շարքին այդ բարեկամական շրջանակը յարաբերաբար աւելի սահմանափակ կը համարուի, սակայն, Սելմա Իսքէնտէրէօզ հաղորդական բնաւորութեամբ յաջողած էր գրաւել նաեւ սիրտը իրմէ աւելի երիտասարդ սերունդներուն, ուստի, այսօր համայնքային շրջանակներէ ներս խոր յուզում կը տիրէ իր հրաժեշտի փուլին։
Այս տխուր առթիւ մենք եւս մեր խոնարհումը կը բերենք իր բարի ու անթառամ յիշատակին առջեւ ու կը վշտակցինք նորոգ հանգուցեալ Սելմա Իսքէնտէրէօզի բոլոր սիրելիներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024