ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔԸ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՌՈՆ
Հոգեւոր-մշակութային ուղղուածութիւն ունեցող հայկական «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան առթիւ մեկնարկած է ութ մասէ կազմուած տեսաժապաւէնի մը ցուցադրութիւն՝ «Միւռոնօրհնեէքը պատմութեան էջերուն մէջ» խորագրով:
Այս տեսաժապաւէնը պահպանուած արխիւային նիւթերու հիման վրայ կը ներկայացնէ 1955, 1976, 1983, 1991, 1996, 2001, 2008, 2015 թուականներու՝ Ամենայն հայոց հայրապետներ Վազգէն Ա., Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ.-ի կողմէ կատարուած միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Պատրաստուած ամէն մէկ տեսաշարը կը ներառէ միւռոնօրհնութեան մէկ արարողութիւն եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի քարոզէն մէկ հատուած:
Առաջին տեսաշարը նուիրուած է Անկախութեան միւռոնին:
1991 թուականին, Ա Վազգէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը օրհնեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին միւռոնը՝ անուանելով զայն «Անկախութեան միւռոն»: Ինչպէս Հայաստանի հանրապետութիւնը, այնպէս ալ անկախութեան միւռոնը այսօր 33 տարեկան են:
«Անկախութեան միւռոն»ը եղաւ Վազգէն Ա.-ի օրհնած վերջին՝ վեցերորդ միւռոնը, որով օծուեցած Մայր Տաճարի Աւագ խորանի «Տիրամայրը Մանկան հետ» պատկերը: Սոյն պատկերն ալ իր կարգին անուանուեցաւ «Անկախութեան Տիրամայր»: Անուանի նկարիչ Գրիգոր Խանճեանի գծած այդ Տիրամայրը առանձնայատուկ տեղ ունի Հայոց Եկեղեցւոյ բոլոր Տիրամայրերուն մէջ:
«Անկախութեան Միւռոնօրհնութեան» քարոզին մէջ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մասնաւորապէս ըսած է.
Այս օրերուն, երբ մեր մայր հայրենիքը հռչակած է իր պետական անկախութիւնը, Հայ Առաքելական Եկեղեցին բարձրաղաղակ կ՚ողջունէ այդ հռչակումը, այն գիտակցութեամբ նաեւ, որ ինքը՝ հայոց եկեղեցին իր սկզբնաւորման ժամանակներէն մինչեւ մեր ժամանակները պահած, պահպանած է անկախութեան գաղափարը՝ հոգեւոր կեանքի մակարդակին վրայ: Դարեր շարունակ բռնատէրերու լուծին տակ հայ հաւատացեալը ինքզինք զգացած է ազատ ու անկախ՝ միմիայն իր Մայր Եկեղեցւոյ կամարներու ներքոյ: Կը կարծեմ՝ արդար է հետեւաբար, որ Հայաստանեայց Եկեղեցին ճանչցուի նախավկան, նախակարապետը՝ մերօրեայ պետական անկախութեան: Այսօր, սիրելի՛ ժողովուրդ, մեր անկախ պետութեան հռչակումով այժմէութիւն կը ստանայ նաեւ հայ ազգի եկեղեցւոյ հոգեւոր անկախութեան ամրապնդման հրամայականը, իբրեւ հայ ժողովուրդի միակ, հարազատ եկեղեցի՝ անկախ օտար կրօնական կեդրոններէն:
Մեր նոր, ինքնիշխան պետութեան անկախութեան հիմքերէն մէկն է նաեւ հայ ազգի եկեղեցւոյ անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:
Մենք կը դաւանինք Հաւատամքը՝ մէկ ազատ ազգութիւն, մէկ անկախ պետութիւն, մէկ անկախ ազգային Եկեղեցի:
Այս հաւատամքով, այս գիտակցութեամբ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ օրհնուած այս Սրբալոյս Միւռոնը մենք կը հռչակենք Անկախութեան միւռոն:
Հայե՛ր, հոգեւոր զաւակներ Մեր, այս սրբազան Միւռոնով միացէ՛ք, եղբայրացէ՛ք, եղէ՛ք մէկ կամք, եղէ՛ք մէկ ուրախութիւն, եղէ՛ք մէկ ցաւ:
Եղէք մէ՛կ ազգ, մէ՛կ ընտանիք, մէ՛կ ժայռացած երդում եւ հաւատացէ՛ք մեր այս մէկ բուռ հայրենի հողին ու անոր գալիքին, սուրբգրական Արարատի հայեացքին տակ, Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեան ներքոյ:
Տեսաշարը կը սկսի 1955 թուականի Միւռոնօրհնէքէն.
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցին շուրջ երեք տասնամեակ հնարաւորութիւն չունեցաւ միւռոնօրհնութիւն կատարել։ 1955 թուականի հոկտեմբերի 8-ին, իր առաջին միւռոնօրհնութիւնը կատարեց նորընտիր կաթողիկոս Վազգէն Ա. Պալճեանը (1955-1994):
Հայ Առաքելական Եկեղեցին խորհրդային Միութեան տարիներուն միւռոնօրհնութեան կատարման հնարաւորութիւն ունեցաւ նաեւ 1976 թուականին՝ կրկին Վազգեն Ա. Վեհափառի ձեռամբ:
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 1996 թուականի սեպտեմբերի 8-ին Մայր Աթոռի մէջ կատարեց իր առաջին միւռոնօրհնութիւնը՝ կոչելով զայն «Վերածնութեան միւռոն»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գահակալութեան օրօք կատարած է 2001, 2008 եւ 2015 թուականներու միւռոնօրհնէքները եւ հաւատացեալները անոր գլխաւորութեամբ կը սպասեն նաեւ այս հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի 28-ին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան Սրբալոյս Միւռոնի մասին պատրաստած է ուսումնասիրութիւն մը, որմէ տեղեկութիւններ քաղելով՝ կը տեսնենք, որ մեր եկեղեցւոյ մէջ Միւռոնօրհնութեան բացառիկ իրաւունքը վերապահուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Ըստ աւանդութեան՝ Միւռոնը կ՚օրհնուի հինգ-եօթ տարին անգամ մը, բայց այս կարգը կրնայ նաեւ փոխուիլ անհրաժեշտութեան պարագային. «Անկասկած երջանիկ է այն Կաթողիկոսը, որ իր գահակալութեան ընթացքին կը կարողանայ գէթ մէկ անգամ միւռոն օրհնել եւ իր հայրապետական օրհնութիւը բաշխել հաւատացեալներուն», կը նշէ Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան: Բայց նաեւ կը յիշեցնէ, որ ցաւօք, մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք նաեւ այնպիսի հայրապետներ, որոնք իրենց գահակալութեան շրջանին չեն կրցած կատարել սրբազան այս արարողութիւնը: Օրինակ՝ Մատթէոս Բ. Կոստանդնուպոլսեցի Իզմիրլեան Կաթողիկոսը (1908-1910) իր կարճ գահակալութեան ընթացքին չկրցաւ Միւռոն օրհնել, քանզի 1909 թուականին նշանակուած արարողութիւնը յետաձգուեցաւ Կովկասի մէջ ծայր տուած ժանտախտի պատճառով: Նոյն բախտին արժանացան նաեւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Մուրադբէկեան (1932-1938) եւ Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան (1945-1954) կաթողիկոսները, որոնք չկրցան միւռոնօրհնէք կատարել քաղաքական դրդապատճառներով եւ խորհրդային իշխանութեան արգելքի պատճառով:
ԿԱԹՍԱՆ
Արդէն շուրջ հարիւրքսան տարիէ ի վեր Մայր Աթոռի մէջ կը գործածուի Միւռոնի արծաթէ այս կաթսան, որ 1895 թուականի յունուարի 1-ին Սուրբ Էջմիածնին նուիրաբերած է Նոր Նախիջեւանի վաճառականներէն Աղա Գասպար Յարութիւնեան Կարապետօղլեան: Ան պատրաստուած է Մոսկուայի մէջ՝ Պ. Օվչիննիկովի արհեստանոցը:
Կաթսային վրայ պատկերուած են Քրիստոսի մկրտութիւնը՝ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով, Աբգար արքայի մկրտութիւնը՝ Ս. Թադէոս առաքեալի կողմէ, արքայական ընտանիքի մկրտութիւնը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ, Միածին Որդիի էջքը, Մայր Տաճարը եւ Հոգեգալուստը: Կաթսայի գծագրութեան ծախսերը հոգացած է Յարութիւն Եզեանց, իսկ կաթսայի վրայի ձուլածոյ կաղապարները պատրաստուած են Սերովբէ Յարութիւնեանի տպարան-գործարանին մէջ:
Առաջին անգամ այս կաթսային մէջ Սրբալոյս Միւռոնը օրհնած է Խրիմեան Հայրիկ՝ 1897 թուականի սեպտեմբերի 14-ին:
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉՈՎ
Ամենայն Հայոց Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնը նախ կ՚օրհնէ Սուրբ Խաչով:
Սուրբ Խաչի մէջ, ինչպէս ծանօթ է, զետեղուած է մասունք՝ Տիրոջ խաչափայտէն: Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կը մատնանշէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Աղօթամատեան»ը, ուր 93-րդ գլուխը ամբողջութեամբ նուիրուած է Միւռոնին եւ ուր կ՚ըսուի. «խնկելի, պաշտելի եւ երանելի այս իւղը մարդուն ոեւէ օգուտ չի տար, եթէ տէրունի կենսատու խաչով չտեառնագրուի»:
Մասունքակիր խաչը, որով պիտի օրհնուի միւռոնը, պատրաստուած է մասնաւորապէս Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցի Կաթողիկոսի (1632-1655) համար՝ 1652 թուականին: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը պահուին նաեւ այլ սրբութիւններ, որոնք Յիսուսի խաչափայտի մասունքով են:
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ Ս. ԳԵՂԱՐԴՈՎ
Հայոց Եկեղեցւոյ՝ դարերով ընդունուած աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնը կ՚օրհնէ նաեւ աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդով: «Ասիկա նիզակի այն ծայրն է, որով Ղուկիանոս անունով հռոմէացի զինուորը խոցեց Յիսուսի կողը, որմէ բխեցաւ ջուր եւ արիւն»:
Ըստ սրբազան աւանդութեան, համաքրիստոնէական այս սրբութիւնը հայոց աշխարհ բերած է Սուրբ Թադէոս առաքեալ: Պատմահայր Սուրբ Մովսէս Խորենացին կը պատմէ, որ Քրիստոսին ժամանակակից Աբգար թագաւոր անբուժելի հիւանդ էր: Լսելով Տիրոջ հրաշագործութիւններու եւ բժշկումներու մասին՝ ան Յիսուսէն կը խնդրէ իրեն այցելել: Տէրը արքային մօտ կը ղրկէ Սուրբ Թադէոսը, որ Սուրբ Գեղարդով եւ Փուշէ պսակով կը բժշկէ Աբգարը: Վերջինս քրիստոնեայ կը դառնայ՝ նոյնը պատուիրելով նաեւ իր քեռորդիին՝ Սանատրուկին:
Այսօր աշխարհի մէջ կան նմանատիպ քանի մը գեղարդներ, բայց հայ եկեղեցւոյ հայրերը աներկբայ կը հաւատան, որ իսկական Սուրբ Գեղարդը Հայ Եկեղեցւոյ կը պատկանի, քանզի բազում բժշկումներ եւ հրաշքներ կապուած են նուիրական այս սրբութեան հետ:
Սուրբ Գեղարդը որոշ ժամանակ պահուած է Փոքր Հայքի Կամրջաձորի վանքին մէջ, բայց 13-րդ դարէն սկսեալ, մինչեւ 18-րդ դար ան գտնուած է Այրիվանքի մէջ, որ այս սրբութեան շնորհիւ վերակոչուած է Գեղարդավանք:
Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան հետաքրքրական կը նկատէ այն հանգամանքը, որ Գեղարդավանքի մէջ պահուած են նաեւ Նոյեան տապանի մասունքը եւ Հաւուց Թառի փրկչական պատկերը: 18-րդ դարուն Սուրբ Գեղարդը տեղափոխուած է Սուրբ Էջմիածին, ուր կը պահուի առ այսօր:
13-րդ դարուն Խաղբակեան Պռոշ իշխանը Զաքարեաններէն կանխիկ դրամով գնած է Այրիվանքը՝ իր շրջակայ լեռներով եւ դաշտերով ու 1268 թուականին պահարան մը պատրաստել տուած է Սուրբ Գեղարդին համար: Ասոր մասին կը պատմէ պահարանի վրայ փորագրուած քսանութ տողնոց արձանագրութիւնը: Յետագային, ինչպէս կը նշէ ան, պահարանը վերանորոգած է նոյն տոհմի ներկայացուցիչ Դաւիթ Վարդապետ, 1687 թուականին:
Մեր եկեղեցւոյ հայրերը կը խօսին նաեւ Սուրբ Գեղարդի հրաշագործ զօրութեան մասին: Ահաւասի՛կ, պատմութիւն մը, որ կը վկայէ այդ հրաշագործ յատկութիւնը. 1765 թուականին Ալաշկերտի հովիտին մէջ ժանտախտի համաճարակ ծայր կու տայ: Տեղւոյն ժողովուրդը աղերսական նամակ մը կը գրէ ժամանակի կաթողիկոս Սիմէոն Ա. Երեւանցիին (1763-1780)՝ խնդրելով Սուրբ Գեղարդը իրենց ուղարկել՝ պատուհաս հիւանդութենէ ազատելու համար: Բայց Կաթողիկոսը, վախնալով, որ Սուրբ Գեղարդը կրնայ յայտնուիլ թշնամի լեզկիներու ձեռքը, կը մերժէ խնդրանքը՝ խոստանալով այլ սրբութիւններ ուղարկել անոնց: Այս պատմական փաստէն յայտնի կը դառնայ, որ Սուրբ Գեղարդը այդ ժամանակ ծանօթ էր ժանտախտը բուժող իր զօրութեամբ, ուստի ժողովուրդը Վեհափառէն յատկապէս այդ սրբութիւնը խնդրած էր:
Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ Սուրբ Գեղարդի հրաշագործ զօրութեան մասին տեղեակ էին նաեւ վրացիները, մահմետականները եւ հարեւան այլ ժողովուրդներ: 1797 թուականին Թիֆլիզի մէջ ծայր տուած ժանտախտի պատճառով վրաց Կէորկի թագաւորը խնդրանքով կը դիմէ Ղուկաս Ա. Կարնեցիին (1780-1799)՝ Սուրբ Գեղարդը Թիֆլիզ տանելու համար: Ծանօթ է, որ շատ չանցած, այդ հիւանդութիւնը կը վերանայ քաղաքէն: Վրաց թագաւորը, այս հրաշքը տեսնելով՝ չ՚ուզեր Սուրբ Գեղարդը վերադարձնել հայերուն: Սուրբ Գեղարդը Թիֆլիզ կը տարուի նոյն պատճառով նաեւ 1811 եւ 1814 թուականներուն, իսկ Անդրկովկասի տարածքին շրջած է 1846-1847 թուականներու միջեւ:
1847 թուականին, ինչպէս կը նշէ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան, Սուրբ Գեղարդը վերադարձուած է Սուրբ Էջմիածնին եւ այլեւս երբեք դուրս չէ տարուած: Այսօր ալ, կը նշէ ան, հրաշքներ կը կատարուին այս համաքրիստոնէական սրբութեան միջոցաւ: Սրբութիւն, որ մեր օրհնեալ հայոց հողին վրայ է՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ:
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋՈՎ
Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նշէ, որ ո՛ւր որ կը գտնուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, հո՛ն պէտք է ըլլայ նաեւ ատոր վաւերականութեան կնիքը եւ խորհրդանիշը՝ Լուսաւորչին Աջը: Այս բազուկի եւ մատներու տեսք ունեցող պատեանին մէջ ամփոփուած են Ս. Գրիգորի աջ ձեռքի մասունքները:
«Նուիրական այս սրբութիւնը պատմութեան ընթացքին բաժնեկից եղած է մեր ժողովուրդի ձեռքբերումներուն եւ դժբախտութիւններուն, պատուհասներուն եւ վերելքներուն՝ մշտապէս իր օրհնութիւնը բաշխելով բոլորին: Այս Աջի հետ հայ մարդու կապուածութիւնը դիպուկ բնորոշած է Առաքել Դաւրիժեցին՝ գրելով. «Աջի եւ Սուրբ Էջմիածնի հետ հայոց ողջ ազգն է կապուած»:
Միւռոնօրհնութեան արարողութենէն զատ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը դուրս բերուած է նաեւ բացառիկ եւ կարեւոր տօներու ու իրադարձութիւններու ժամանակ, երբ հայ հաւատացեալներուն հնարաւորութիւն տրուած է՝ համբուրելու զայն եւ օրհնութիւն ստանալու առաքելաշաւիղ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի նշխարներէն:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը դարերու ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու հետ տեղափոխուած է քաղաքէ քաղաք՝ մնալով իբրեւ Կաթողիկոսութեան խորհրդանիշ եւ երաշխաւոր: 1292 թուականին Եգիպտոսի սուլթանի զօրքերը կ՚արշաւեն Կիլիկիա, կը գերեվարեն ժամանակի Ստեփանոս Հայրապետը եւ իրենց հետ կը տանին բազում սրբութիւններ, այդ կարգին՝ նաեւ Լուսաւորչի Աջը: Եգիպտոսի մէջ ծայր կ՚առնէ համաճարակ, որ կը խլէ շատերու կեանքը: Ըստ աւանդութեան՝ պատճառը Սուրբ Աջն էր, զոր եգիպտացիները կը վերադարձնեն հայերուն: Բայց, իրականութեան մէջ Աջը կը վերադարձուի ջանքերով Լեւոն Բ. թագաւորի, որ ուղղակի կը գնէ զայն եգիպտացիներէն: 1439 թուականին Սիսի կաթողիկոսարանէն կ՚անհետանայ Լուսաւորչի Աջը: Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կը նշէ, որ յիշատակարաններու գրիչները մեր ազգին բաժին հասած դժբախտութիւնները կը բացատրեն Աջի անհետացմամբ, որ էջմիածնասէր քանի մը եպիսկոպոսներու ջանքերով տեղափոխուած էր Սուրբ Էջմիածին: 1604 թուականէն յետոյ Մայր Աթոռէն դուրս բերուած է նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, պարսից Շահ Ապպասի կողմէ, որ կրկին վերադարձուած է 1663 թուականին՝ այլեւս չլքելով Սուրբ Էջմիածինը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024