ՏԵՂ ՄԸ, ՊԷՏՔ Է ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱԽԵԼ
«Տղաս, եթէ տեսնես մէկը գետին ինկած է... կից մըն ալ դուն տուր»:
Այս խօսքերը հազար անգամ լսած եմ մեծմօրս բերնէն. քիչ մը տարօրինակ էր: Իմ տեսած միւս բոլոր ծերերը գրեթէ օրհնութիւնը կը բաշխէին, իսկ մեծմայրս կը յորդորէր ինկածը գետնէն հանելու փոխարէն հարուած մըն ալ տալ ու անցնիլ: Մինչեւ որոշ տարիք այս խօսքին ճշմարիտ իմաստը չկրցայ հասկնալ, սակայն, հիմա որ արդէն մեծահասակ եմ, հասած եմ այն եզրակացութեան, որ մէկ կիցի փոխարէն պէտք է տալ երկու եւ աւելի կիցեր, որովհետեւ թէեւ ո՛չ քրիստոնէական կեանքը, սակայն մարդկային կեանքն ու փորձառութիւնը այդ մէկը կը սորվեցնէ:
Յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ կ՚ըսեն ու կը հաւատան, որ «մարդ կը հնձէ այն՝ ինչ կը ցանէ»։ Իրականութեան մէջ այս խօսքը սուտ ու անճիշդ կը գտնենք, որովհետեւ կեանքը ցոյց կու տայ, որ յաճախ կատարուած բարիքի մը դիմաց մարդ բարութիւն չի՛ հնձեր. կատարուած բարութեան դիմաց կը հնձէ չարութիւն՝ որ ինք երբեւէ ցանած չէ եւ այստեղ մարդ կը շուարի, թէ ո՛վ է մեղաւորը. անձը որ բարի՞ք սերմանեց ու չարը հնձեց, թէ դիմացինը՝ որ ցանուած բարիքին դիմաց չարութիւն փոխադարձեց: Այս մէկը մերօրեայ ընկերութեան մէջ լուրջ հարց մըն է, որովհետեւ մարդկային արժէքներու կողքին պակսած է նաեւ երախտագիտութեան զգացումը: «Ինչ որ ցանես այն կը հնձես» խօսքը ժամանակավրէպ ու սուտ խօսք մըն է, որովհետեւ մերօրեայ ընկերութիւնը այդ խօսքին փոխարէն նորը ստեղծեց. «ըրէ՛ բարիք, գտի՛ր չարիք...»: Այս երեւոյթն է, որ գուցէ շատ մը մարդոց մէջ սպաննած է հաւատքը մարդոց ու մարդկութեան հանդէպ, որովհետեւ այդ մէկը կապ ունի բարոյականութեան հետ, իսկ մեր օրերուն բարոյականութիւն փնտռել լուսնի վրայ կենդանի արարած մը փնտռելէն բանով մը չի տարբերիր: Ընկերային այս լուրջ հարցը կը վնասէ ընդհանուր վստահութեան եւ կը քանդէ մարդկային յարաբերութիւնները, որովհետեւ ի գործ դրուած բարիքի մը փոխարէն չարիք հնձելը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ դաւաճանութիւն եւ դաւաճանութիւնը միայն մարդ ու կնոջ միջեւ տեղի չ՚ունենար:
Կատարուած բարիքի մը փոխադարձը մարդ կ՚ակնկալէ որպէս բարիք եւ շնորհակալութիւն, սակայն անսպասելի չարիք մը, ապերախտութիւն մը զինք քայլ մը աւելի կը զզուեցնէ մարդկութենէն. գուցէ պատճառը այն է, որ մենք քիչ մը մեծցած ենք ոչխարի հոգեբանութեամբ. սորված ենք, որ պէտք է ըլլալ մարդասէր, ընկերասէր, նուիրուող եւ անձնուրաց, որովհետեւ հինէն ի վեր մեզի սորվեցուած են, թէ «բարիքը բարիք կը բերէ». այս բոլորին մէջ վստահաբար դեր ունի նաեւ կրօնական դաստիարակութիւնը, որ կը յորդորէ աջ երեսը ապտակ զարնողին ցոյց տալ նաեւ ձախը՝ հարուած մըն ալ այդտեղէն ստանալու համար:
Մենք ալ գիտենք, որ կեանքի մէջ կայ ամէն բանի իտէալականը. սակայն կեանքը օրէ օր կը սորվեցնէ, որ այդ իտէալը ցնորք մըն է պարզապէս եւ ո՛չ իրականութիւն։ Իտէալական համոզումներու հակառակ մարդ արարածը անշնորհակալ, պատեհապաշտ ու սեփական շահերով առաջնորդուող արարած մըն է, իր ներքին նեխութեան պատճառով անվստահութեամբ լեցուած:
Մեծմօրս խրատը մեր օրերուն համար անհրաժեշտ է, որովհետեւ շատեր բարութիւնը կը շփոթեն տկարութեան ու թուլութեան հետ եւ բազմաթի՜ւ են անոնք, որոնք պատրաստ են շահագործել այդ բարի կողմը: Իսկ եթէ կ՚ուզէք գիտնալ, թէ ինչու պէտք է ինկողի մը կից մը տալ. բացատրենք.
Ա.- Անվստահութիւն. յաճախ մենք զոհն ենք մեր վստահութեան եւ ապերախտութեան պատճառած ցաւը իրականութեան մէջ այդ վստահութեան չգոյութեան համար է. այսօր մեծմօրս խօսքին հակառակ կրնայ ըլլալ դուք օգնէք ինկածին, սակայն պէտք չէ զարմանալ, կարճ ժամանակ ետք այդ նոյն անձին կողմէ երբ հարուածներ ստանաք եւ նոր սկսիք զգալ համը վստահութեան թշուառ կողմին եւ կամաց-կամաց լեցուիք անվստահութեամբ:
Բ.- Գետին ինկող մարդուն մէջ այսօր շնորհակալութեան զգացմունը արթննալու փոխարէն կ՚արթննայ նախանձի զգացումը, որովհետեւ մերօրեայ ընկերութեան մէջ շնորհակալ ըլլալը կարծես ամօթալի արարք մը ըլլայ. նախանձը դրական գործողութիւնները եւս կը թունաւորէ եւ թշնամութիւն կը սերմանէ:
Դ.- Ձեր կողմէ կատարուած բարութիւնը ժամանակ մը ետք մարդիկ իրաւունքի կը վերածեն. ձեր կամաւորաբար կատարած լաւ արարքը կը սկսին տեսնել որպէս պարտաւորութիւն եւ շնորհակալ ըլլալու փոխարէն ձեզմէ այդ մէկը «կը ստիպեն» եւ կը սկսին աւելին պահանջել. ժամանակ մը ետք ձեր կատարած բարիքները կրնայ զիրենք չգոհացնել:
Տակաւին կարելի է շարքը երկարել, որովհետեւ կատարուած բարիքի դիմաց ի գործ դրուած չարութիւնը մարդկային կեանքին մէջ շատ մեծ վէրքեր կրնայ յառաջացնել. գուցէ այդ է պատճառը, որ մեծմայրս կը յորդորէր կից մը տալ ինկողին. գուցէ ինք եւս շա՜տ անգամ ինկածներուն օգնելով, նոյնինքն այդ ինկածներէն ստացած է ծանր հարուածներ: Տեղ մը, բարութիւնը եւս պէտք է ծախել:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ բարիքի դիմաց չարիք կը հնձենք:
Պատասխան. Կատարուած բարիքի մը դիմաց չարիք հնձելը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ անապահովութենէն, նախանձէն եւ կամ թիւրիմացութենէն: Բարութիւնը երբեմն մարտահրաւէր է մարդոց համար, որոնք բաւարարուած չըլլալու զգացումը ունին եւ այդ մէկը իրենց մօտ վրդովմունք կը յառաջացնէ: Շատեր կրնան լաւ մտադրութիւնը տարբեր ձեւով մեկնաբանել, առաջնորդուելով անձնական շահերէ, մանաւանդ հո՛ն, ուր վստահութիւնը հաստատ չէ: Այդ իսկ պատճառով աշխարհի մէջ բարութիւնը եւս կրնայ բացասական արձագանգներ ունենալ, մանաւանդ անոնց մօտ, որոնք պատրաստ չեն կատարուած բարութիւնը ընդունելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024