«ԿԱՊՈՅՏ ԿԷՏ». ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԽԱՂԵՐԷՆ ՄԻՆ
Առցանց խաղերը, որոնք մեր կեանքին մէկ մասը դարձած են թեքնոլոժիի զարգացմամբ, կը գրաւեն անհատներու ուշադրութիւնը՝ յատկապէս դեռահասութեան շրջանին։ Հասկնալի է, որ այդ խաղերէն շատերը կը ներառեն պատերազմի, զէնքի եւ բռնութեան երեւոյթը։ «Կապոյտ կէտ» անունով յայտնի խաղը տասնեակ երեխաներու ինքնասպանութեան պատճառ կը դառնայ աշխարհի բազում երկիրներու մէջ:
Խաղը գրուած է ռուս ծրագրաւորող Ֆիլիփ Պուտելքինի կողմէ, որ ներկայիս բանտարկուած է։ Պարզ չէ, թէ Պուտելքին ո՛ւրկէ կամ որմէ սորված է ընկալման կառավարման մեթոտը, բայց երբ ուսումնասիրուի իր օգտագործած համակարգուած կառուցուածքը, յստակ կը դառնայ, որ ան հոգեբանութեան որոշ մասնագիտութիւն ունի։
Խաղը կը կոչուի «Կապոյտ կէտ», որովհետեւ կէտերը երբ ընկճուին, ինքնասպան կ՚ըլլան։ Կապոյտ գոյնը կը գերիշխէ խաղի ամբողջ ձեւաւորման վրայ: Կապոյտը ենթագիտակցօրէն պատճառ կը դառնայ տխրութեան, ընկճուածութեան եւ քնկոտութեան: Մարդոց մօտ կարելի է ճնշուած, ընկճուած վիճակներ յառաջացնել՝ օգտագործելով կապոյտի որոշ երանգները: Օրինակ, երբ մտնէք կապոյտի որոշ երանգով ներկուած սենեակ մը, կրնաք արագօրէն տխրիլ, նոյնիսկ հեկեկալ՝ առանց պատճառը հասկնալու: Երանգներու թեքնիքը յատկապէս օգտակար է այն գործարարներու համար, որոնք կը փափաքին տպաւորել իրենց մրցակիցները կամ յաճախորդները հանդիպումներու ժամանակ։
Խաղը հասանելի չէ բոլորի համար, բայց խաղի ղեկավարողները համացանցի վրայ կ՚որոնեն իրենց թոյլ նկատած երեխաները եւ խաղը կ՚ուղարկեն անոնց։ Տեղեկութիւններ կան նաեւ, որ որոշ պարագաներուն սպառնալիքի կ՚ենթարկեն իրենց ընտրած երեխաները՝ ըսելով, որ եթէ չխաղան եւ չաւարտեն խաղը, կը սպաննեն իրենց ամբողջ ընտանիքը կամ սիրելիները։
Խաղը կը տեւէ յիսուն օր եւ յանձնարարուած իւրաքանչիւր պարտականութեամբ երեխան կամաց-կամաց կ՚ուղղորդուի իր ինքնասպանութեան։ Այստեղ օգտագործուող հոգեբանական պատրաստման ձեւը կ՚անուանուի «ընկալման աստիճանական փոփոխութիւն»: Այսինքն, երբ կ՚ուզենք մէկը ստիպել ինչ-որ բան ընել, կը սկսինք փոքր խնդրանքներէն ու ամէն մէկը կատարելէ յետոյ աւելի մեծ խնդրանք կը ներկայացնէք։ Այսպէսով, մարդը չ՚անհանգստանար ձեր խնդրանքներէն եւ չի գիտակցիր, թէ այդ խնդրանքները զինք ո՛ւր կ՚ուղղորդեն: Քանի որ երեխաներու ուղեղը զարգացման փուլին է, այս մեթոտը իրենց մօտ շատ աւելի դիւրին կը կիրառուի։
Յիսուն օրուան ընթացքին երեխան նախ կը ստիպեն դիտել որոշ սարսափելի տեսանիւթեր եւ ունկնդրել անհանգստացնող երաժշտութիւն: Երեխայէն կը պահանջուի արթննալ առաւօտուն ժամը 4-ին եւ դիտել որոշ տեսանիւթեր։ Քունէն զրկուած վիճակով նման տեսանիւթերը աւելի շատ կ՚ազդեն երեխայի վրայ։ Այնուհետեւ, երեխայէն կը խնդրուի փոքր վէրքեր հասցնել իր մարմնի տարբեր մասերուն: Իւրաքանչիւր առաջադրանք կատարելէ յետոյ երեխային կը տրուի յաջորդ առաջադրանքը: Որոշ իրավիճակներուն կը պահանջուի նաեւ բարձր տեղ բարձրանալ կամ ասեղը թեւին ներարկել: Այս ողջ ընթացքին երեխան աստիճանաբար կը հաւատայ, որ «կապոյտ կէտ» կայ եւ ան իրեն երջանկութիւն կը բերէ։
Խաղի ժամանակ մէկը առցանց հաղորդագրութեամբ անընդհատ պատուէրներ եւ առաջարկներ կ՚ուղարկէ երեխաներուն։ Նախ, երեխան կը ստիպեն հաճոյք ստանալ ինքն իրեն վնասելէ: Տրուած առաջադրանքները միշտ ուշ երեկոյեան կամ վաղ առաւօտեան ժամերուն կ՚ուղարկուին։ Այսպէսով, նպատակը երեխայի միտքը թուլացնելն է՝ զինք քունէն զրկելով։ Եթէ տուժողը աղջիկ է, անընդհատ կ՚ըսեն, որ ան գեր է կամ տգեղ, իսկ եթէ տղայ է՝ անյաջող եւ այդպէսով անոնց մօտ կը յառաջանայ «թերարժէքութեան բարդոյթ»։ Երեխաներուն միշտ կ՚ըսեն, որ իր բոլոր անախորժութիւններէն ազատելու միակ միջոցը «կապոյտ կէտ» դառնալն է։
Խաղի վերջին առաջադրանքներով երեխան կը վարժուի ինքն իրեն վնասելու եւ ամբողջովին կը կորսնցնէ ինքնավստահութիւնը։ Վերջին առաջադրանքներէն մէկը թեւին դանակով կէտ նկարելն է։ Եթէ երեխան այդ մէկը ընէ, ապա ան կը հասնի եզրափակիչ փուլ։
Յիսուներորդ օրը երեխային հրահանգ կը տրուի, որ ժամանակն է դառնալ «կապոյտ կէտ» եւ ինքնասպանութիւն գործել։ Յիսուն օրը շատ գիտակցաբար ընտրուած է, որովհետեւ եթէ ուղեղը որոշ գործողութիւններ կատարէ քսանմէկ օրէն աւելի, մեծ հաւանականութեամբ զանոնք սովորութիւն կը դառնան: Ահա թէ ինչու, օրինակ, զինուորական եւ ոստիկանական դպրոցներու մէջ վերապատրաստումը կը տեւէ յիսուն կամ վաթսուն օր: Որոշ երեխաներ անմիջապէս կը կատարեն այս վերջին հրամանը, քանի որ անոնք հոգեբանօրէն խաղը կառավարողներու ազդեցութեան տակ մտած են: Դիմադրող երեխաներուն կ՚ըսեն, որ այս փուլին ետդարձ չկայ եւ եթէ անոնք դաւաճանեն «կապոյտ կէտին», ապա անոնց բոլոր սիրելիները կը մահանան ցաւէն, անոնք նոյնպէս կը սպաննուին։ Որոշ երեխաներ ալ այս փուլին ինքնասպան կ՚ըլլան:
Այս խաղը կը պարունակէ չափազանց վտանգաւոր ընկալման կառավարման թեքնիք: Ընկալման կառավարումը դանակի կը նմանի։ Դանակով կարելի է հաց հատել կամ ոճիր գործել, սա ամբողջովին կախուած է խիղճէն։ Այդ իսկ պատճառով ծնողներու եւ ուսուցիչներու համար շատ կենսական է տեղեակ ըլլալ իրավիճակին եւ ժամանակին միջամտել, քանի որ երեխայի համար շատ դժուար է ինքնուրոյն պայքարիլ նման ուժեղ թեքնիքի մը դէմ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024