Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Հայաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք մասնակցած էին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տարեկան Ս. Պատարագին։ Ի շարունակութիւն՝ ուխտաւորները երէկ ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը եւ հնարաւորութիւն ունեցան իրեն հետ անմիջականօրէն զրուցելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, սոյն այցելութեան համար եւ հոգեւոր կեանքի վերաբերեալ յորդորներ տալու առընթեր, անոնց մաղթեց բարի կեցութիւն։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2024