ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԻՐՔԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ. ՄԵԿՆԱՐԿԸ՝ ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑՈՎ

Երեք օր՝ սեպտեմբերի 6-ին, 7-ին եւ 8-ին Երեւանը կը մտնէ իր ամենամեայ գրական փառատօնային տրամադրութեան մէջ:

2017 թուականէն սկսեալ՝ ամէն տարի Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Գիրքի միջազգային փառատօնը, որ սպասուած տօն կը դառնայ գրասէրներու, ընթերցասէրներու, գիրն ու գրականութիւնը գնահատողներու համար: Սովորաբար աշխուժութիւն կը տիրէ փառատօնի օրերուն, մասնակիցներու մեծ թիւ կ՚արձանագրուի:

Այս տարուան փառատօնին նոյնպէս կը սպասուի խանդավառ մասնակցութիւն: Ընկերային ցանցերու վրայ փառատօնի մասին տարածուող յայտարարութիւնները, նիւթերը լայն արձագանգ կը ստանան: Նախատեսուած է աւելի քան յիսուն հրատարակչութիւններու, գրավաճառներու եւ մշակութային կազմակերպութիւններու, աւելի քան երկու հարիւր գրողներու, քննադատներու մասնակցութիւն: Իսկ իբրեւ հիմնական մասնակիցներ պիտի ըլլան ընթերցողները, որոնց համար կը գրուին, կը հրատարակուին բազմաթիւ գիրքեր: Հայաստանի մէջ վերջին տասն տարուան ընթացքին կը տպուին աննախադէպ թիւով գիրքեր, որոնց շարքին են հայ հեղինակներու նոր գործերը, մնացած մասը թարգմանութիւններ կամ վերահրատարակութիւններ են: Հակառակ որ Երեւանի մէջ գրախանութները շատ չեն, սակայն նոր տպուած գիրքը անպայման կը գտնէ իր ընթերցողը: Նմանատիպ փառատօները, գրականութեան նուիրուած ձեռնարկները գիրքը ծանօթացնելու լաւագոյն միջոցը կը դառնան:

Գիրքի փառատօնի կազմակերպիչն է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը, իսկ գլխաւոր հովանաւորն է Երեւանի քաղաքապետարանը, կան նաեւ այլ աջակիցներ:

Արդէն եօթներորդ տարին ըլլալով տեղի կ՚ունենայ Երեւանի գիրքի փառատօնը, որ դարձած է Հայաստանի մէջ գրականութեան եւ գրահրատարակչութեան ոլորտի առաջին եւ ամենամեծ ծրագիրը:

2017 թուականէն ի վեր, միայն 2020 թուականին՝ պատերազմի ու համավարակի պատճառով փառատօնը տեղի չունեցաւ, սակայն, այդ տարին փառատօնին փոխարինեց գիրքի մէկօրեայ տօնավաճառը, որմէ գոյացած հասոյթի մէկ մասը գրահրատարակիչները ուղղեցին զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամին:

Փառատօնը միաժամանակ միջազգային համբաւ ձեռք բերած է եւ դարձած է Եւրոպական Միութեան գրական փառատօներու ընտանիքի անդամ: Հայաստանեան այս փառատօնին մասնակցելու համար այս տարի գրողներ եկած են Ռուսաստանէն, Լաթվիայէն, Սլովենիայէն, Իտալիայէն, Վրաստանէն եւ Սպանիայէն: Անոնց կարգին է իտալացի գրող Վալենթինա Քոլոննա, որ միեւնոյն ժամանակ բանաստեղծուհի, դաշնակահարուհի եւ հետազօտող է ու իր ստեղծագործութիւնները հրատարակուած են տասնվեց երկիրներու մէջ:

Փառատօնի մասնակիցները հիմնականը երիտասարդներ, ուսանողներ կ՚ըլլան: Այդ մէկը ուրախալի է այն առումով, որ երիտասարդները կը կարդան, ջանք կը գործադրեն՝ չհեռանալու գրականութենէն, գիրքէն եւ կը հերքեն տարածուած այն մտայնութիւնը, թէ երիտասարդութիւնը չի կարդար: Եւ փառատօնն ալ կը կրէ «Քաղաքը կը կարդայ» խորագիրը, որ կը խորհրդանշէ ընթերցանութիւնը, որով երեք օր կը տարուին բոլորը եւ ատկէ ետք ալ այդ ոգեշնչումը երկար ժամանակ կը պահպանուի, քանի այդ օրերուն շատ գիրքեր կը վաճառուին, կը բաժնուին, կը նուիրուին… Նշանակալի է նաեւ մասնակցութիւնը աւագ սերունդներու, որոնք նոր ձեւաչափերու մէջ կը ծանօթանան նոր գրականութեան:

Գիրքի երեւանեան փառատօնը կը սկսի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Սարգսեան արդէն յայտարարած է, որ հայ դասական գրողներու յոբելեանները այս տարի բազմաթիւ են, ուստի, փառատօնի ղեկավարութիւնը որոշած է զայն չնուիրել ոեւէ գրողի: Բայց հայ դասականներուն մէջ կայ գրող մը, որ առանձնակի ուշադրութեան պիտի արժանանայ փառատօնին: Եւ ան արեւմտահայ գրող Միսաք Մեծարենցն է:

Փառատօնը կը բացուի Ազգային պատկերասրահին մէջ խորհրդանշական ցուցադրութեամբ մը, որ կ՚առընչուի Մեծարենցին: Կը ցուցադրուի ցուցանմոյշ մը՝ Միսաք Մեծարենցի մատանին, որ Ազգային պատկերասրահ պիտի բերուի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի կաճառէն, ուր կը պահուին Միսաք Մեծարենցի ձեռագիրները, իր նամակներէն եւ անոնց քով՝ մեծ ակով այդ մատանին, որ բանաստեղծին նուիրած է մայրը՝ Իսկուհի Մեծատուրեանը: Մատանիի քարին վրայ փորագրուած է հետեւեալ նախադասութիւնը՝ «Կատարեալ սէր մերժէ զերկիւղ»՝ Աստուածաշունչէն խօսք մը՝ առնուած «Երգ երգոց»էն: Մատանին մայրը որդիին նուիրած է՝ ուխտ մը ունենալով: Յայտնի է, որ տաղանդաւոր բանաստեղծը երիտասարդ ժամանակ կը տառապէր թոքախտով, որ հիւծած էր զայն: Մայրը կը ձգէ ամէն բան եւ կը սկսի խնամել հիւանդ որդին: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, մայրը իբրեւ չար ուժերէ պաշտպանութեան խորհրդանիշ այդ ժամանակ որդիին կը նուիրէ այս ոսկեայ մատանին: Իսկ կան որոշ տեղեկութիւններ ալ, ըստ որոնց՝ մայրը մատանին նուիրուած է, երբ Միսաք Մեծարենց տակաւին մանուկ էր: Մեծարենցի մօր մասին կը պատմուի, որ աստուածավախ կին մըն էր: Անոր աղօթքները լեցուն էին յոյսով, հաւատքով եւ ջերմ աղաչանքներով:

Երբ Միսաք մէկ տարեկան էր, շատ ծանր կը հիւանդանայ ու բժիշկները բուժուելու ոչ մէկ յոյս կու տան: Երբ հիւանդ երեխային անկողինին շուրջ հաւաքուած հարազատները կու լային, տիկին Իսկուհին անոնց դիմելով կ՚ըսէ. «Տղա՛ք, ինչո՞ւ կը տխրիք եւ ինչո՞ւ կ՚արտասուէք: Աստուած տուաւ եւ Աստուած ալ կ՚առնէ, ան երկինքի հարսանիքին կ՚երթայ, դուք ալ՝ աշխարհի հարսանիքին: Բայց ես յոյսս չեմ կտրած, եւ հաւատքս այնքան զօրաւոր է մանուկները սիրող Յիսուսին, որ պիտի ապրեցնէ Միսաքս»: Ապա դառնալով զաւկին կ՚ըսէ. «Չէ՞, գառնո՛ւկս, չէ՞, Միսաք, պիտի ապրիս ու պիտի ապրեցնես, որպէսզի օր մը հաւատքի երգեր երգես բոլորիս»:

Այդ օրը ամբողջ գիւղը եկեղեցիներուն մէջ կ՚աղօթէ փոքրիկ Միսաքի ապաքինման համար: Միսաքը կ՚առողջանայ, կը մեծնայ եւ կը ստեղծագործէ: Դժբախտաբար ան երկար չ՚ապրիր եւ կը մահանայ քսաներկու տարեկանին: Անոր շուրթերուն վերջին բառը կը մնայ՝ «մա՜յր»ը:

Այս երկու ծանր հիւանդութիւններուն ո՛ր մէկուն ժամանակ նուիրուած է մատանին, ուսումնասիրողներ տակաւին չեն ճշդած: Յայտնի է, որ մատանին Մեծարենցի եղբօր դստեր՝ Արշալոյս Մեծատուրեանին քովն էր, անոր հետ եղած են նաեւ ձեռագիրներ, Մեծարենցի յառաջդիմութեան թերթիկը, զոր բանաստեղծը ստացած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը յաճախած ժամանակամիջոցին: Նմոյշները Հայաստան հասած են միջնորդի մը միջոցով:

Մեծարենցի մատանիի ցուցադրութեամբ նախատեսուած փառատօնային բացումի երաժշտական մասը կ՚ապահովէ «Հող արթուն» խումբը: Երաժիշտներ՝ Հող եւ Արթուր Ալեք, որոնք խումբին անդամներն են, անոնք ժողովրդական երգերը կը մատուցեն ժամանակակից ոճով:

Գիրքի երեւանեան փառատօնի ընթացքին տեղի կ՚ունենան գիրքերու քննարկումներ, բանաստեղծութիւններու, արձակ գործերու ընթերցումներ, վարպետութեան դասեր, թատերական ներկայացումներ, նոր գիրքերու շնորհանդէսներ, հայ գրողներուն կը տրուին մրցանակներ եւ գրական, գեղարուեստական այլ ձեռնարկներ: Փառատօնի ընթացքին սպասուած հաճելի առիթներ են մանաւանդ նոր հրատարակուած գիրքերու համար յայտարարուած զեղչերը, որոնք կը գործեն երեք օրերուն:

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Գիրքի երեւանեան միջազգային փառատօնի ընթացքին կ՚արժեւորուի նշանաւոր գրող Կոստան Զարեանի ժառանգութիւնը: Այս միջոցառումը կը կազմակերպուի Երեւանի «Էպիկրաֆ» գրախանութին հետ միասին, որ վերջին տարիներուն մասնագիտացած է մանաւանդ արեւմտահայերէնով գրականութեան տարածման գործին մէջ: Կոստան Զարեանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան, արձակի եւ բանաստեղծութեան, հայ եւ համաշխարհային մշակոյթին առընչուող յօդուածներու ու դասախօսութիւններու մասին փառատօնին հրաւիրուած է խօսելու՝ գրականագէտ եւ արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան, որու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած են Կոստան Զարեանի տասներկու հատորները, որոնց մէջ ընդգրկուած են նաեւ գրողի անտիպներէն: Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան Կոստան Զարեանի մասին գրած է.

«Կոստան Զարեանի եթէ չըսենք ողջ գրականութիւնը, ապա անոր մեծագոյն մասը ուղղուած է իր ժողովուրդի ինքնութեան խորքերու մէջ ներթափանցման ու ճանաչողութեան, հոգեկան կառուցուածքի բացայայտման, հայ մարդու ազգային գիտակցութեան ձեւաւորման ու հաստատման, վերջապէս՝ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան բիւրեղացման:

«Թէպէտ գրողը ապրած եւ ստեղծագործած է հիմնականը եւրոպական երկիրներու մէջ եւ ոչ միայն քաջածանօթ է եւրոպական գրականութեան 1920-1930-ական թուականներու հոսանքներուն ու մտայնութիւններուն, այլեւ անձամբ ճանչցած է ժամանակի գրական շարժումներու նշանաւոր դէմքերը, այնուամենայնիւ, իր գրականութիւնը հեռու եւ անմասն մնացած է եւրոպական նորագոյն գրական շարժումներէն թէ՛ ձեւով եւ թէ բովանդակութեամբ:

«…Անոր գերագոյն խնդիրը կը կապուի հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագրին եւ ազգային հաւաքական գիտակցութեան կայացման:

«Վստահօրէն կարելի է ըսել, որ այդ միտքերն ու գաղափարները գրողին մեծապէս զբաղեցուցած են Պոլիսէն Հայաստան գալէն եւ Հայաստանէն մեկնելէն ի վեր, աւելի ճիշդ՝ նման գաղափարները իր մէջ ծագած են հիմնականը Հայաստանի մէջ, երկիրը եւ ժողովուրդը ի մօտո ճանաչելէն յետոյ:

«Այստեղ երկրի եւ հայրենիքի զգացողութիւնը կը դառնայ խիստ առարկայական, շօշափելի, իրական եւ կը ստանայ բոլորովին նոր իմաստ եւ բովանդակութիւն»:

ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Գրականութեան ասպարէզին մէջ մրցանակները մեծապէս կը նպաստեն մրցանակակիրներու ճանաչելիութեան բարձրացման եւ գրական միջավայրի զարգացման։ Միաժամանակ ատոնք ոգեւորիչ հանգամանք են ստեղծագործողի մը համար, որ մրցանակակիր դառնալէ ետք աւելի պատասխանատու աշխատանք կը տանի:

Երեւանի գիրքի միջազգային փառատօնի ընթացքին աւանդաբար մրցանակներ կը շնորհուին զանազան ժանրերու մէջ ստեղծագործող գրողներու: Միաժամանակ հանդիպումներ կը կազմակերպուին նախորդ տարիներու մրցանակակիր գրողներու հետ:

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆ

«Թատերական Երեւան» ծրագիրով Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած են համաշխարհային ճանաչում ունեցող հինգ թատրերգութիւններ, որոնք նաեւ պիտի բեմադրուին:

Թատրերգութիւններու շնորհանդէսը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի գիրքի միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս եւ այս մէկը թէ՛ թարգմանական գրականութեան, թէ՛ թատրերգութեան ի նպաստ ծրագիր մըն է, որ յաջողութեամբ իրականացուած է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2024