ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՁԵՌՆՈՒՆԱՅՆ
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը ձեռնունայն վերադարձաւ Մենչըսթըրէն, ուր Եւրոպայի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներուն մասնակցեցաւ՝ որպէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչը։ ՈՒԷՖԱ-ի այս հիմնական ֆութսալի մրցաշարքի ծիրէն ներս Շիշլի երէկ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Երեւանի ֆութսալի ակումբին դիմաց։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանը յաղթած է Թուրքիոյ ֆութսալի ախոյեանին։
Այսպէսով, նախաորակաւորման D խմբաւորման մէջ շիշլիցիները երեք խաղի արդիւնքին, երեք պարտութիւն կրեցին։ Յառաջատարը եղաւ Հոլանտայի «Tigers Roermond» խումբը, որ երեք խաղերու արդիւնքին ապահովեց 6 միաւոր։ Երեւանի ֆութսալի ակումբն ալ թէեւ 6 միաւոր ապահովեց, սակայն հոլանտական խումբին դիմաց պարտութիւն կրած էր։ Այս պայմաններուն ներքեւ, մրցաշարքի յաջորդ փուլին անցնելու հնարաւորութեան տիրացաւ «Tigers Roermond» խումբը։
Շիշլի երկու տարի անընդմէջ Թուրքիոյ ֆութսալի ախոյեանը դարձած էր, իբր այդ երկու տարի անընդմէջ երկիրը ներկայացուց Եւրոպայի ախոյեաններու լիկին մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024