ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՈՒ ՀԱՅՀՈՅԱՆՔ
Ցաւով տեղակացանք, թէ մեր համայնքէն Կարօ Գաբրիէլեան բռնութեան մը ենթարկուած է Գնալը կղզիի մէջ։ Ան վէճի բռնուած է՝ իր բնակած շէնքի մուտքի խանութի սեփականատիրոջ հետ։ Այդ խանութի ապրանքները խոչընդոտած են տուեալ շէնքի անարգել մուտքը, Կարօ Գաբրիէլեան քաղաքապետարան դիմելով բողոք ներկայացուցած է եւ այս բոլորը պատճառ դարձած են սուր վէճի մը։ Ստեղծուած լարուածութեան ի շարունակութիւն՝ Կարօ Գաբրիէելեան ծեծի ենթարկուած է խանութպանի եւ այլ երկու հոգիի կողմէ։ Յարձակման ընթացքին հայհոյանքներ ալ հնչած են՝ իր հայկական պատկանելիութեան համար։
Ըստ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտած տեղեկութիւններու՝ Կարօ Գաբրիէլեանի երեսին ու ձեռքին ոսկորներու բեկանումներ յառաջացած են։ Վնասուած է նաեւ իր աչքը։ Գաբրիէլեան վիրաւոր վիճակի մէջ փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր ստացած է անհրաժեշտ բուժում։ Ներկայիս ապաքինումը կը շարունակուի իր բնակարանին մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024