«ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ»
Երեք տարի առաջ էր հեռախօսազանգ մը ամբողջովին փոխեց տրամադրութիւնս դէպի լաւը։ Դեռ թագաժահրին սարսափին մէջ էինք, երբ մեր աշխարհը, հայուն աշխարհը աւելի սարսափելին ալ տեսաւ՝ 2020-ի նոյեմբերը, պահ մը կարծեցի որ վերջն է աշխարհին, հիւանդութիւն, պատերազմ պիտի ջնջեն, տանին ամէն բան…
Մայրս նոր կորսնցուցած էի՝ աշխարհէս մաս մը փլած էր, նոր ոտքի ելած էի ծանր հիւանդութենէ մը՝ աշխարհէս ուրիշ մաս մը փլած էր, եւ…
-Անուշ, դիմատետրին վրայ կը հետեւիմ գրութիւններուդ եւ կը փափաքիմ «Այդ սերմը ես էի» գիրքէդ հատ մը ունենալ։
Նախկին սաղիմահայ տիկին Զապէլ Ստեփանեան Թազեանն էր, որուն մեղմանուշ ձայնն ու քնքուշ խօսակցութիւնը ո՛չ միայն խաղաղութիւն կը սփռէ չորսդիս, այլեւ իր հանդարտութեամբ ու քաղցրութեամբ պահ մը կը կարծեմ, թէ մայրս է խօսողը։
-Սիրով տիկին Զապէլ, այնքան անուշ կը խօսիք, որ ուրիշ աշխարհի մէջ կը կարծեմ ինքզինքս։ Հասցէնիդ ղրկեցէք՝ ես ալ անմիջապէս կը ղրկեմ։
Շատ չանցած նոյն մեղմանուշ ձայնը դարձեալ կը հասնի Ամերիկայէն…
-Չորս հատ ալ կ՚ուզեմ, չորս թոռներուս պիտի տամ, պէ՛տք է ունենան եւ կարդան այս գիրքը։ Եւ խնդրեմ, պէտք է անպայման նուէր մը ընեմ ձեզի։
Գիրքերը մակագրուած հասան…
Այդ գիրքը սկիզբ դրաւ սիրալիր բարեկամութեան մը մեր միջեւ։ Իւրաքանչիւր խօսակցութիւն տիկին Զապէլին հետ մոռցնել կու տայ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին չարութիւն, նախանձ, սրտնեղութիւն։ Իր հանդարտութիւնը անմիջապէս կը փոխանցուի քեզի եւ խօսակցութիւնը կը վերջանայ անպայման բարի մաղթանքով եւ իր կեանքի փորձառութենէն խրատով մը։ Յաճախ չենք խօսիր, բայց երբ խօսինք՝ այդ խօսակցութիւնը երկա՜ր կը մնայ յիշողութեանս մէջ։
Վերջերս գեղեցիկ անակնկալով մը ուրախացուց զիս, ուրախանալու պատճառները մէկէ աւելի էին… Նախ իր քնքշութիւնն ու հանդարտութիւնը, որ դարձեալ փոխանցեց, յետոյ Մեծ եղեռնէն ետք չորրորդ սերունդի պատկանող իր թոռնուհիին գիրքս կարդալը հաղորդեց, որմէ շատ տպաւորուած է թոռնուհիս ըսաւ, սակայն ամենամեծ անակնկալը այն էր, որ թոռնուհին՝ Թարան, որ UCLA Կը յաճախէ, «Այդ սերմը ես էի» գիրքս որպէս ուսումնասիրութիւն ներկայացուցած է։
Ուրախաթիւն եւ զարմանք խառնուեցան… Ուրախացայ, որովհետեւ ինչպէս ըսի, չորրորդ սերունդ Մեծ եղեռնէն ետք հետաքրքրուած է իր ազգին պատմութեամբ եւ իր ուսումնասիրութեան նիւթը դարձուցած է գիրքս, եւ զարմացայ, որ Ամերիկա ծնած ու մեծցած աղջիկ մը, որ մինչեւ ութերորդ դասարան միայն սորված է հայերէն՝ համարձակօրէն հայերէնով ներկայացուցած է դժուար նիւթ մը, իր ուսումնասիրութիւնը վերնագրելով «Վերածնունդ»։
Թարային աշխատանքը ցոյց կու տայ, որ ան պարզապէս նիւթ մը չէ, որ որպէս պարտականութիւն ներկայացուցած է, այլ կ՚ապրի ներկայով, կապելով անցեալն ու ներկան, յուսալով բարի ապագայ. «Մեծ մայրս եւ իր հեռանկարները լսելը կ՚օգնեն, որ հակառակ Արցախի կորուստին, մենք ենք հայրենիքը եւ դիմադրութիւնը մեր արեան մէջ է: Թէեւ գիրքը կը ներկայացնէ, որ հակառակ արհաւիրքներու յառաջ բերած տառապանքին, մտային եւ ֆիզիքական կորուստներուն, չյաջողեցան մեզ բնաջնջել։ Այնքան ատեն, որ վերապրեցանք եւ յաղթահարեցինք այդ դժուարութիւնները, կը կարծեմ, որ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ ապրի, ձախողած են։ Մէկ սերմը ցանելով ամբողջ հայ ազգը կը վերապրի։ Անուշ Նագգաշեանի «Այդ սերմը ես էի» գիրքը, իմ մէջս արթնցուց այն դրական կարեւորութիւնը, որ նոյնիսկ ամենագէշ պարագաներու այս օրինակը կը գործածեմ Արցախի պատերազմին կորուստէն ետք» կը գրէ Թարան։
Սիրելի Թարա, անուշիկ եւ արժանի հայուհի, այսպէս է հայ ազգին ու Հայաստանին պատմութիւնը, ծանր ու դժուար օրեր ապրեցանք, բայց յոյսը երբեք չլքեց մեզ, անոր համար միշտ լուսաւոր տեսանք ապագան։ Այդ լոյսը կը տեսնեմ քու մէջդ եւ կը լուսաւորուի ներկայէն նեղուած ու մթագնած հոգիս։ Այո՛, մենք ազգ մըն ենք, որ ծնած ենք լոյս սփռելու համար աշխարհին, անոր համար ալ սփռուեցանք աշխարհով մէկ, որպէսզի մեր լոյսը տարածենք… Այս պարտուած ներկային ալ պիտի յաղթենք. պիտի յաղթենք, որովհետեւ դուն եւ քեզի նմաններն են այն սերմերը, որոնք լոյս են ամբողջ եւ յոյս…
Ե՛ւ ուրախացայ, ե՛ւ հպարտացայ, ե՛ւ յուզուեցայ գրութեամբդ… Ինքնութիւնը կեանքի մէջ շատ կարեւոր է… Եւ դուն նոր սերունդի մէկ սերմը՝ կ՚աճիս առողջ, հպարտ քու անցեալով եւ ներկայով եւ ամենակարեւորը՝ չյանձնուելու հաւատքով։
Շնորհակալութիւն արժանի հայուհի։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024