ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆ
Ինքնախաբէութիւնը չար ոգիի բնաւորութի՛ւնն է։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, թէ երբ մարդ իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, կը զոհուի թէպէտեւ, իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէ։ Ուստի պէ՛տք է իրապաշտ ըլլալ եւ ինքզինք չխաբել՝ իր չունեցած որեւէ բարիք ունենալ կարծելով։ «Վասնզի մեռնելու ատեն ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ» (ՍԱՂՄ. ԽԹ 17-18)։ Արդարեւ ինքնախաբէութիւնը շատ անգամ աշխարհային մտածելակերպով յաջողութիւն մը ձեռք բերելով յառաջ կու գայ։ Ձեւով մը, ինքնախաբէութիւնը, չափազանցութեան արդիւնք է։ Պարզ յաջողութեամբ մը ինքզինք ամենակարող ու կատարեալ զգալ՝ ինքնախաբէութի՛ւն է։
Դարձեալ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ես իմ յաջողութեանը մէջ ըսի թէ.- Յաւիտենական պիտի չսասանիմ» (ՍԱՂՄ. Լ 6)։ Իսկ Մարգարէն կ՚ըսէ. «Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ, անիկա հարստահարելը կը սիրէ» (ՈՎՍԵԱՅ ԺԲ 8)։ Եւ վերջապէս Աւետարանիչը կը յայտնէ. «Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ՚ըսէր.- Ի՞նչ ընեմ, վասնզի տեղ չունիմ, ուր բերքերս հաւաքեմ։ Եւ ըսաւ.- Իմ ամբարներս քակեմ ու ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն հաւաքեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 17), եւ շարունակելով, «Եւ իմ անձիս ըսեմ.- Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛ ուրեմն, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղիր» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 18-19)։
Ահաւասիկ ինքնախաբէութեան հրաշալի՜ օրինակ մը՝ թէ ինքնախաբէութեամբ մարդ որքան կը սխալի…։
Խաբեբան շուրջիններուն վնաս կը հասցնէ, իսկ ինքնախաբէութեամբ, մարդ թէ՛ իր շուրջիններուն եւ թէ ինքնիրեն վնաս կը պատճառէ։ Ուրեմն կարելի է ըսել, թէ՝ ինքնախաբէութիւնը կրկնակի խաբէութիւն է եւ կրկնակի վնասակար։ Ինքնախաբէութիւնը կը փճացնէ մարդս թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքապէս։ Ինքնախաբէութիւնը պարզամտութիւն եւ ունայնամտութիւն է՝ անիրականալի երեւակայութիւն, ապարդիւն մտազբաղո՛ւմ…։
Ուստի անկեղծ ու իրատես ըլլալ՝ մարդուս բազմապատիկ օգուտներ կ՚ապահովէ քան վնաս։
Չեմ հասկնար, սիրելիներ, մարդ ի՞նչ կը կորսնցնէ, երբ անկեղծ ու իրատես ըլլայ, այդպէս վարուի եւ ըլլայ միշտ ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ է։ Ասիկա ո՛չ միայն իր շուրջիններուն նկատմամբ, այլ մանաւանդ ինքն ի՛ր հանդէպ ըլլալու է։ Զօրաւոր են, կայուն նկարագրի տէր են այն անձերը՝ որ իրենք իրենց հանդէպ անկեղծ եւ իրատե՛ս են։ Մարդուս համար ամենամեծ ինքնախաբէութիւնն է՝ ինքզինք մի՛շտ արդար եւ իրաւացի՛ կարծելու խաբկանքը։
Երբ մարդ տեւապէս ինքզինք արդար ու իրաւացի համարէ՝ արդարութիւնը երբեք չ՚իրականանար։ Կարելի չէ՛ հասկնալ, թէ մարդ՝ որ «սխալական» է. թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, մէկ խօսքով՝ կատարեալ չէ, կրնա՞յ ամէն պարագային մէջ, տեւապէս արդար եւ իրաւացի ըլլալ։ Մասնակի պարագաներու մէջ իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջել, ինքզինք արդար եւ իրաւացի նկատել, իր իսկ իրաւունքը պաշտպանել, իրաւունքին տէր կանգնիլ, անշո՛ւշտ որ առաքինութիւն է, ազնուութիւն է եւ բնական հետեւանքն է մարդկային արժանապատուութեան, հաւատարմութիւն՝ մարդուն կոչումին, բնական է ասիկա…։
Բայց մարդ տեւապէս, ամէն պարագայի մէջ իրաւացի չի կրնար ըլլալ՝ քանի որ իր շուրջիններն ալ նոյնքան իրաւացի են եւ արդար, եւ քանի որ իրաւունքը եւ արդարութիւնը՝ «ուրիշ»ի մը դիրքին համեմատութեամբ կը յայտնուի եւ ուրիշի մը իրաւունքէն եւ ազատութենէն կախում ունի, ապա ուրեմն մարդ երբեք տեւապէս իրաւացի չի կրնար ըլլալ, գոնէ մասամբ՝ յարգելով ուրիշին ալ իրաւունքը…։
Ահաւասիկ, ինքնախաբէութեան լաւագոյն օրինակը՝ ինքզինք միշտ իրաւացի եւ արդար նկատել։ Եւ հոս կարեւորութիւն կը ստանայ՝ ինքնաճանաչողութիւնը։
Ուրիշը դատելէ առաջ՝ ինքնադատողութիւն ընել, ինքզինք ճանչնալ, ինքզինք քննել ամենամեծ առաքինութիւն է, կատարելութեան ստուգանիշ։ Այն որ ինքզինք չի ճանչնար, ինքնախաբէութեան մոլորանքի մէջ կ՚իյնայ։
Կը տեսնուի, որ «ինքնախաբէութիւն»ը ո՜րքան վնասակար է անձին յառաջդիմութեան եւ կատարելագործութեան մէջ։ Ինքնախաբէութիւնը ամենամեծ արգե՛լք չէ մտապէս եւ հոգեպէս կատարելագործութեան։
Ուրեմն, իմ սիրելի ընթերցող բարեկամնե՜ր, շուրջը դիտելէ, դատելէ եւ որոշումներ արձակելէ առաջ, նախ մենք զմեզ դիտենք, ճանչնանք, դատենք եւ ապա ուրիշներու նկատմամբ որոշում արձակենք։ «Ես կատարեալ եմ», «ես անթերի եմ»ի նման սխալ մտադրութիւններ մարդս կ՚առաջնորդեն «ինքնակեդրոն» ըլլալու՝ միշտ «դատաւոր»ի դեր ունենալու, միշտ ուրիշներ դատելու եւ նստելու միշտ արդարութեան գահուն վրայ՝ որուն ո՛չ ոք արժանի է յարատեւ բազմելու։ Միայն ինքնախաբէութեան մոլորութեան մէջ եղողներ իրենք զիրենք միշտ իրաւացի եւ արդար կը կարծեն եւ կը փորձեն մի՜շտ դատել՝ փոխանակ դատուելու։ Մինչդեռ ո՛չ ոք միայն դատողի դիրքին վրայ կրնայ գտնուիլ տեւական՝ երբեմն դատող, երբեմն դատուո՛ղ։
Եւ կարելի է կարծել՝ թէ բազմաթիւ ընկերային հարցեր, անհամաձայնութիւններ, անմիաբանութիւններ կը ծագին՝ «Ես իրաւացի՛ եմ» մտայնութենէն…։
Այս կէտին կու գանք, չափաւորութեան՝ այսինքն չափ ու սահման գիտնալու, փոխյարաբերութիւններու մէջ կշիռ դնելու հարցին՝ որ նոյնքան կարեւոր է, ինչպէս ինքնաճանաչութիւնը։ Արդարեւ եթէ մարդ ինքնաճանաչութեան գիտակցութիւնը ունի, արդէն իր բոլոր արարքներուն մէջ չափ ու կշիռ եւ սահման կա՛յ…։
Դարձեալ այս կէտին՝ երբ մարդ ինքնախաբէութեամբ, հաւատարիմ չի մնար իր չափին ու սահմանին, կշիռ չի ճանչնար, ահաւասիկ կը ծնին հազար ու մէկ հարցեր, քանի որ դիմացինն ալ կա՛մ նոյն կերպով կը վարուի եւ կամ կը յուսալքուի ու դասալիք կ՚ըլլայ կեանքի ընդհանուր պայքարին մէջ, եւ ընկերութիւնը կը կորսնցնէ անդամ մը՝ անհատ մը՝ ա՛նձ մը…։
Չտարուինք ինքնախաբէութեան սուտ եւ անիրականալի խաբկանքէն՝ անկեղծ եւ իրատես ըլլանք, երեւինք այնպէս՝ ի՛նչպէս որ ենք, մենք զմեզ զգանք այնպէս՝ ի՛նչպէս որ մեր միտքը ցոյց կու տայ մեզի, նախ մենք զմեզ չխաբելու մեր մասին։ Փոխանակ տարբեր երեւելու ջանասիրութիւնը ունենալու՝ ջանա՛նք մեր սխալները շտկելո՜ւ, թերութիւնները ամբողջացնելո՜ւ, երկարութիւնները զօրացնելո՜ւ՝ կատարեա՛լ ըլլալու։
Եւ այդպէս կարելի է կարծել, թէ աւելի՛ դիւրին եւ պատշաճ է սրբագրուիլ, քան թերութիւնները եւ տկարութիւնները ծածկել, քօղարկել ինքնախաբէութեան մոլորանքով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 24, 2015, Իսթանպուլ