ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ ա­նի­րաւ­ներ կը քա­լեն մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ, իսկ ար­դար­ներ եւ ի­րա­ւա­ցի­ներ նկուն են ընդ­հան­րա­պէս։

Հին շրջան­նե­րէ ի վեր այս ի­րո­ղու­թիւ­նը չէ՛ փո­խուած՝ չա­րա­միտ­ներ կը յա­ջո­ղին եւ ար­դար­ներ կը ձա­խո­ղին։ Ի՞նչ է պատ­ճա­ռը, կը հարց­նէ մարդ, սա­կայն ստոյգ պա­տաս­խան մը տալ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար։ Գո­հա­ցու­ցիչ պատ­ճառ մը, պա­տաս­խան մը գտնել շատ դժուար է այս մա­սին, քա­նի որ մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քին մէջ բնա­կան-սո­վո­րա­կան ի­րո­ղու­թիւն մը կ՚ե­րե­ւի այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ այս հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը՝ միշտ խո­շոր հա­մե­մա­տու­թեամբ, վրդո­ված են մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թիւ­նը, եւ կ՚ե­րե­ւի դեռ եր­կար ա­տեն պի­տի շա­րու­նա­կէ վրդո­վել, քա­նի որ մե­րօ­րեայ «աշ­խար­հա­տանջ պա­տե­րազմ»ի մէջ նոյն տա­րօ­րի­նա­կու­թիւ­նը կը տի­րէ ա­մէ­նու­րեք. ա­նի­րաւ­ներ յա­ջո­ղու­թեան ճամ­բուն մէջ են. ի­րա­ւուն­քի տէր ար­դար­ներ ա­ռանց պատ­ճա­ռի կը զրկուին ո՛չ միայն ինչ­քէ, ստա­ցուած­քէ, գոր­ծէ, աս­պա­րէ­զէ, այլ նաեւ՝ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քէ՛։ Կեան­քի, ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին այս­պէս բռնա­բա­րու­մը վե­րա­պա­հուած է ե­ղեր, ազ­գե­րու, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մեծ կեան­քին մէջ, այս լոյ­սի՛ դա­րուն, քա­ղա­քակր­թու­թեան, յա­ռաջ­դի­մու­թեան այս դա­րուն՝ որ կո­չուած էր քա­մահ­րել հի՜ն դա­րե­րու տգէ­տու­թիւն­նե­րը, նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը, այ­սինքն լոյ­սի, գի­տու­թեան, յա­ռաջ­դի­մու­թեան հա­կա­ռակ բո­լոր մարդ­կա­յին եւ հա­մա­մարդ­կա­յին կամ հա­կա­մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րը եւ թե­րու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զան ա­րարք­նե­րը։

Ո՜վ սի­րե­լի ազ­նիւ ըն­թեր­ցող բա­րե­կա՛մ, դուն ալ վրդո­ված ես այս ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րէն, այն­պէս չէ՞։

Բայց այս խրթին հա­նե­լու­կին լու­ծու­մը ան­հա­տա­կան կեան­քի, ան­հա­տա­կան նկա­րագ­րի կեր­տու­մէն կա­խուած է։

Ար­դա­րեւ մար­դիկ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րո­ղու­թեան, տա­րո­ղու­թեան եւ չա­փին մէջ, պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ են աշ­խար­հի վրայ տի­րող չա­րիք­նե­րուն՝ ո­րոնց կար­գին են ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ, ա­նար­դա­րու­թիւն­ներ։ Ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի ինք­զինք զերծ կա­ցու­ցա­նել այս­պի­սի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մը գի­տակ­ցու­թե­նէն։ Դուք, սի­րե­լի­ներ, քննե­ցէք մար­դի­կը եւ ի­րե­րը եւ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պի­տի գտնէք ա­տոնց մէջ։ Չա­րի­քը՝ որ գո­յու­թիւն ու­նի, չա­րի­քը՝ որ­մէ կը տա­ռա­պի աշ­խարհ, մարդ­կու­թիւն՝ բնա­կան պա­տու­հաս մը չէ՛ երկ­րա­շար­ժի կամ ջրհե­ղե­ղի նման, այլ ուղ­ղա­կի՛ ար­դիւն­քը ու­րաց­ման այն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, զոր մար­դիկ ու­նին կեան­քի շրջա­նին մէջ ի­րենց բո­լոր գոր­ծու­նէու­թեան եւ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին ընդ­հան­րա­պէս։

Ան­հատ­ներ, մար­դիկ, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ, ժո­ղո­վուրդ­ներ, ազ­գու­թիւն­ներ՝ առ­հա­սա­րակ օժ­տուած, տո­գո­րուած են տկա­րու­թեամբ մը՝ որ կը կա­յա­նայ ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րու եւ վնա­սուած­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ու­րիշ­նե­րու վե­րագ­րե­լու մէջ։

Մար­դու մը իր սխա­լը ըն­դու­նի­լը կամ չնդու­նի­լը գի­տակ­ցու­թեան հարց մըն է։ Ե­թէ մարդ անդ­րա­դառ­նայ, թէ իր ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը ա­մե­նա­լայն ա­ռու­մով, կը պար­տադ­րէ նաեւ պարտք ու պար­տա­կա­նու­թիւն՝ թէ՛ իր ան­ձին եւ թէ իր շուր­ջին­նե­րուն, այն ա­տեն իր սխալն ալ պի­տի ըն­դու­նի, քա­նի որ պա­տաս­խա­նա­տու է՝ սկսե­լով իր շրջա­նա­կէն, մին­չեւ հա­մայն մարդ­կու­թիւն։

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ի­րենց գոր­ծե­րուն մէջ նկա­տի կ՚ու­նե­նան նեղ շրջա­նակ մը՝ ըն­տա­նիք, մեր­ձա­ւոր­ներ, ի­րենց ապ­րած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ըն­կե­րու­թիւ­նը միայն։ Բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մար­դոց ո­րե­ւէ մէկ ա­րար­քը կը տա­րա­ծուի ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան եւ մին­չեւ իսկ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան։ Խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­ներ, մէ­կը սխալ մը կը կա­տա­րէ ո­րե­ւէ գոր­ծի մէջ, եւ այդ օ­րի­նակ կ՚ըլ­լայ թե­րեւս հա­զա­րա­ւոր­նե­րու՝ սխա­լը գոր­ծո­ղին դիր­քին կամ կա­ցու­թեան հա­մե­մա­տու­թեամբ։

Մա՛րդ միայն ի­րեն հա­մար գործ մը չի կա­տա­րեր այս աշ­խար­հի վրայ, այդ գոր­ծը ան­պայ­ման ազ­դե­ցու­թիւն մը կը գոր­ծէ նոյ­նիսկ ա­մե­նա­հե­ռա­ւոր սահ­ման­նե­րու մէջ, մա­նա­ւանդ մեր շրջա­նին, երբ «աշ­խարհ շատ պզտիկ­ցած» կ՚ե­րե­ւի, ա­մէն մարդ ա­մէն ի­րո­ղու­թե­նէ տե­ղեակ կրնայ գտնուիլ քիչ ժա­մա­նա­կի մը մէջ։

Ու­րեմն, «կեան­քը ապ­րե­լու ի­րա­ւունք»ը ան­սահ­ման ա­զա­տու­թիւն մը չի տար մար­դուն, այլ՝ ան սահ­մա­նա­փա­կուած է՝ ու­րիշ­նե­րուն «կեան­քը ապ­րե­լու ի­րա­ւունք»ով։

Ուս­տի ի­րա­ւուն­քի վա­յե­լու­մը «հա­սա­րա­կաց բա­րիք»ով սահ­մա­նա­ւո­րուած է եւ այդ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ կա՛յ նաեւ, բնա­կա­նա­բար են­թա­կան՝ ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լո՛­ղը։ Հա­սա­րա­կաց բա­րի­քով, կամ հա­սա­րա­կու­թեան օ­գու­տը ստու­գա­նիշն է ի­րա­ւունք­նե­րու վայ­լու­մին ա­զա­տու­թեան չա­փը եւ սահ­մա­նը։ Ան, ար­դա­րեւ ամ­բող­ջու­թիւնն է ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րուն, ո­րոնք թոյլ կու տան թէ՛ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, թէ՛ ա­նոր ա­մէն մէկ ան­դա­մին, այ­սինքն՝ ան­հա­տին հաս­նե­լու կա­տա­րե­լու­թեան ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան եւ ա­ւե­լի հեշտ կեր­պով։ «Հա­սա­րա­կաց բա­րիք»ը կամ «հա­սա­րա­կաց օ­գուտ»ը կը շա­հագրգ­ռէ բո­լո­րին կեան­քը։ Ան կը պա­հան­ջէ իւ­րա­քան­չիւ­րին խո­հե­մու­թիւ­նը եւ դեռ ա՛լ ա­ւե­լի ողջմ­տու­թիւ­նը ա­նո՛նց՝ որ կը վա­րեն ընդ­հան­րա­պէս «իշ­խա­նու­թեան» պաշ­տօ­նը։

Մար­դոց ի­րե­րօգ­նու­թեան, ու­րիշ խօս­քով՝ ի­րար­մէ կա­խում ու­նե­նա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շէ ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թեան պայ­ման­նե­րը։ Եւ մար­դոց ի­րար­մէ կա­խում ու­նե­նա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը տա­րա­ծուի, տա­կաւ առ տա­կաւ կ՚ըն­դար­ձա­կուի հա­մայն աշ­խար­հի տա­րած­քով։ Մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը, ի­րա­րու հա­մախմ­բե­լով բնա­կան հա­ւա­սար ար­ժա­նապա­տուու­թիւն մը վա­յե­լող ան­հատ­նե­րու մի­ջո­ցով յա­ռաջ կը բե­րէ «ընդ­հան­րա­կան հա­սա­րա­կաց բա­րիք» մը…։

Մա՛րդ չ՚ըն­դու­նիր իր սխա­լը, կամ ը­սենք, մա՛րդ իր սխա­լը ըն­դու­նե­լու քա­ջու­թիւ­նը չ՚ու­նե­նար։

Բայց հա՛րկ է բու­ժել կամ սրբագ­րել այս տկա­րու­թիւ­նը։ Հա՛րկ է հո­գե­պէս զօ­րա­նալ եւ ըն­դու­նիլ սխա­լը։ Քա­ջու­թիւն կը պա­հան­ջէ ա­սի­կա, բայց ազ­նիւ ըլ­լա­լու, ա­ռա­քի­նի ըլ­լա­լու, ըն­տիր մարդ ըլ­լա­լու հա­մար մարդ պէ՛տք է ու­նե­նայ այդ քա­ջու­թիւ­նը, եւ ո՞վ չ՚ու­զեր ազ­նիւ ըլ­լալ եւ ըն­տիր մա՛րդ։

Զոր օ­րի­նակ, երբ մեծ բազ­մու­թեան մը  առ­ջեւ խօ­սուի ան­միա­բա­նու­թեան չա­րիք­նե­րուն վրայ, վստահ ե­ղէք, որ ունկն­դիր­նե­րուն մէջ տա­սը տո­կո­սով հո­գի կա­րե­լի չ՚ըլ­լար գտնել, որ իր վրայ առ­նէ բա­ժին մը. ա­մէնքն ալ կը կար­ծեն, թէ ի­րենց չ՚ուղ­ղուիր խօս­քը, ան­միա­բան­նե­րը ի­րենք չեն, հոն չեն, այլ դուրսն են ա­նոնք, ու­րիշ­ներ են՝ բա­ցա­կա­նե՜ր…։

Սի­րե­լի եւ ազ­նիւ ըն­թեր­ցող բա­րե­կա՛մ. երբ մարդ ար­դա­րու­թեամբ, ար­դար  նպա­տակ­նե­րը գոր­ծա­ծե­լու եւ օգ­տա­գոր­ծե­լու մի­ջոց կը նկա­տէ ստա­ցուած­քը եւ այդ­պէս կը տի­րա­նայ ա­նոր,  վստահ ե­ղիր, որ այդ ստացուած­քը ար­ժէք կ՚ու­նե­նայ նաեւ եր­կին­քի՛ մէջ։

Ուս­տի ստա­ցուած­քին ձեռք ձգե­լու կեր­պը եւ գոր­ծա­ծու­թեան նպա­տա՛կն է կա­րե­ւո­րը. չա­րը ստա­ցուած­քը չէ՛ այլ գոր­ծա­ծու­թեան կերպն է…։

Ե­թէ նպա­տա­կը բա­րի է, մի­ջոցն ալ բա­րի՛ է։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 9, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015