ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ Է
Բնական երեւոյթ մըն է՝ մարդ, ընդհանրապէս իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր իսկ գործերուն «մեծութեան» ու «կարեւորութեան» վրայ եւ ինքզինք «մե՛ծ» ու «կարեւո՛ր» անձ մը կը նկատէ։
Ամէն մարդ կը գործէ այդ սխալը՝ քիչ կամ շատ, եւ կ՚ուզէ, նոր արժէք տրուի իրեն եւ իր գործին։
Այս զգացումով, ամէն մարդ «մեծ» է իր «մեծութեան» սահմանին մէջ, բայց ո՜րքան պզտիկ ու աննշան՝ երբ իր կարծեցեալ մեծութիւնը համեմատութեան դնէ իսկական առումով «մեծ»ին ու «մեծութեան» հետ։ Իր շրջանակին մէջ ամէն մարդ «մեծ» է եւ ամէն մարդու գործը՝ «մեծութի՛ւն» է։ Եւ ահաւասիկ ճիշդ այդ կէտին է, որ կ՚ըսենք «մեծութիւնը յարաբերակա՛ն է»։ Արդարեւ, ամէն մարդ, իր սենեակին մէջ «մե՛ծ» է, հապա ամբողջ տան մէ՞ջ, կամ ընկերութեան մէջ, գործատեղին կամ հանրութեան մէջ։ Եթէ հոն ալ մե՛ծ է, ահաւասիկ այդ մէկը կարելի է անուանել «մե՛ծ մարդ», «կարեւո՛ր մարդ»։
Մեծութիւնը յարաբերական է, ըսինք։ Պզտիկ, անկարեւոր, աննշան մէկը՝ որ կոյր է իր անձէն դուրս մեծ եւ մեծութիւն տեսնելու, ինքզինք «մեծ» եւ իր գործը «մեծութիւն» կը կարծէ՝ թէեւ մեծի ու մեծութեան ամէն ստուգանիշներով տակաւին պզտիկ, եւ յաճախ խղճալիօրէն պզտիկ է եւ ան-նըշա՛ն։
Այս խորհրդածութիւններով կը հասնինք սա անուրանալի իրողութեան՝ թէ մարդկային հպարտութիւնը բանաւոր հիմ չունի, երբ մարդ յիշէ, որ շատ մը մարզերու մէջ ո՜րքան անկարող է եւ տկար։ Մարդ երբ ինքզինք «մեծ» կը կարծէ, երբ կը հպարտանայ ինքն իրմով, պահ մը իր մեծութիւնը պէտք է բաղդատէ «մեծ»երու հետ, եւ այն ժամանակ դժուար պիտի չըլլայ հասկնալ, թէ ինք ո՜րքան «մեծ» է եւ կամ ո՛րչափ պզտիկ։ Հոս ալ, ահաւասիկ կարեւորութիւնը կը տեսնուի ինքնաճանաչութեան։
Չափաւորութիւն, կշիռ դնել պէտք է, եւ սահմանը լա՛ւ որոշել մեծութեան։ Արդարեւ «մեծ» երեւելու ջանքը մարդս մեծ չ՚ըներ, ինչպէս՝ վերէն նայիլ մարդս երբեք բարձր չ՚ըներ, կարեւորը վերը ըլլալը չէ մարդուն, այլ իր նկարագիրն է, այն ի՛նչ որ է, եւ ո՛չ թէ այն որ ինչպէս կ՚երեւի։
Չկա՞յ մարդոց մէջ շնորհներ՝ որոնք կրնան կեանքը գեղեցկացնել, եղբայրասիրութիւնը զարգացնել, սէր մշակել եւ փո-խըմբռնումը հաստատել իրենց մէջ։ Կա՛ն անշուշտ, եթէ մարդիկ անդրադառնան, անդրադառնալ ուզեն այդ շնորհներուն։
Համեստութիւն, խոնարհութիւն, չափաւորութիւն, ինքնաճանաչութիւն, պարզութիւն եւ մանաւադ սէր, շնորհներ են որ մարդս կը կատարելագործեն, առիթ կ՚ընծայեն, որ գիտնան իրենց չափը, սահմանը, կշիռը, որպէսզի զարգացնեն, աճեցնեն, մեծցնեն զանոնք։
Արդարեւ ինքզինք «մեծ» կարծող մէկը ինչպէ՞ս կը մեծնայ, ինչպէս՝ ինքզինք «գիտուն» կարծող մէկը չի կրնար սորվիլ, չի կրնար իրապէս գիտուն ըլլալ, քանի որ ինք իսկ սահմանած է իր կարողութիւնը՝ ըսելով, թէ ինք արդէն մե՛ծ է, արդէն գիտուն է…։
Արդարեւ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մե՛ծ է այն, որ սպասաւորն է ուրիշներուն, օգտակարութիւն մը ցոյց տալու ջանքին մէ՛ջն է։ Չէ՞ որ ըսաւ Յիսուս, թէ ինք չէ՛ եկած սպասաւորութիւն ընդունելու, ուրիշներ իրեն ծառայեցնելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ։ Քրիստոս խոնարհեցաւ ծառաներու գործը կատարելու, Ան, որ իսկական իմաստով ճշմարիտ Մե՛ծն էր։ «Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը, թէ սպասաւորը։ Անշուշտ որ սեղան բազմողը։ Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ» (ՂՈՒԿ. ԻԲ 27)։
Ուրեմն խոնարհութիւնը, համեստութիւնը իրական մեծութեան յատկանիշն են եւ ո՛չ թէ «մեծ երեւնալ»ու անիմաստ կեցուածքը։ Ի՞նչ կ՚ըսէ ֆրանսական ժողովըր-դական խօսքը. «Սքեմը չէ՛ որ մէկու մը յարգը կը բարձրացնէ, այլ այդ սքեմը կրողն է որ սքեմին յարգը կը պահպանէ»։ Ո՛չ թէ արտաքին տեսքով, այլ ներքնապէս «մե՛ծ» ըլլալու է մարդ։
Յովհաննէս Աւետարանիչ կը վկայէ Յիսուսի մեծութեան՝ Իր խոնարհութեանը մէջ. «Ապա ջուր առնելով՝ լեցուց կոնքին մէջ եւ սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ մէջքին կապած ղենջակով սրբել» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 5)։ Կը հարցնեմ սիրելինե՜ր. ո՞վ է մեծը՝ Յիսուս թէ աշակերտները…։ Ահաւասիկ իրա՛ւ «մեծ»ը։
Մեծ ու կարեւոր ըլլալու համար, նախ պէ՛տք է պզտիկ եւ աննշան ըլլալ, վերը ըլլալու, բարձրանալու համար նախ պէ՛տք է վարը ըլլալ…։
Անտարակոյս կա՛ն ընտիր, ազնիւ անձեր, սիրելի բարեկամնե՜ր, որոնք կ՚անդրադառնան իրենց ընծայուած շնորհներուն եւ ըստ այնմ կը շարժին, գիտեն, թէ ո՛ւր են եւ կ՚որոշեն իրենց նպատակակէտը՝ ե՛տ կը մնան, որպէսզի յառաջանան։
Փոխըմբռնումը կարեւո՛ր է մարդկային կեանքին համար, լաւ յարաբերութիւններ մշակելու համար մարդոց հետ, չափը, կշիռը, սահմանը լաւ որոշել, գիտնալ, ճանչնալ ինքզինք. ահաւասի՛կ իրապէս «մե՛ծ» ըլլալու եւ իրաւ մեծ գործեր կատարելու բացատրագիրը, ուղեցոյցը։
Երանի՜ անոնց, որ իրապէս կը ճանչնան իրենք զիրենք եւ կ՚երեւին այնպէս՝ ինչպէս որ են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 21, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024