ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՕԾՄԱՆ ԿԱՐԳ

 Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին վեր­ջերս ընդ­հա­նուր մաք­րու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կուած էր՝ Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեա­նի նուի­րատուու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեան մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի նուի­րեալ ա­նուն­նե­րէն մին է։ Ան ոչ միայն իր ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը բե­րէ մեր ե­կե­ղե­ցի­ներուն, այլ նիւ­թա­պէս կ՚ա­ջակ­ցի ա­նոնց պայ­ծա­ռու­թեան։

Վե­րո­յի­շեալ աշ­խա­տանք­նե­րէն վերջ, շաբա­թա­վեր­ջին Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին օ­ծուե­ցաւ ու վե­րա­բացուե­ցաւ պաշ­տա­մուն­քի։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, տեղ­ւոյն հո­վի­ւը՝ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։

Հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան հե­տե­ւե­ցան տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը եւ ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ իր հայ­րա­կան գնա­հա­տան­քին ա­ռար­կայ դար­ձուց Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեա­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015