ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ այցելեց Սամաթիա։ 2015 թուականի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին Վոլքան Պոզքըր կառավարութեան սէրը փոխանցեց թրքահայ համայնքին նկատմամբ եւ ընդգծեց համակեցութեան առթած գոհունակութիւնը։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մուտքին Վոլքան Պոզքըր դիմաւորուեցաւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիրի եւ Սամաթիոյ ընտանիքի պատասխանատուներուն կողմէ։ Նախարարին կ՚ընկերանային Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիր եւ այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ԱԳ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեան։
Եկեղեցական համալիրէն ներս նախարարը ողջունուեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի սաներուն կողմէ։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլուի ուղեկցութեամբ ան զրուցեց աշակերտներուն հետ։ Ապա Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դրան առջեւ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Եսայի Տէմիրի ուղեկցութեամբ նախարարը ծանօթացաւ նաեւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Իսկ աւելի վերջ ուղղուեցաւ դէպի վարժարանի նախակրթարանի բաժինը։ Տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզի ուղեկցութեամբ այս փուլին ալ ան ջերմօրէն ողջունուեցաւ փոքրիկներուն կողմէ։ Արտասանութիւններով հանդէս եկան Առէն Եաթսի, Լարիսա Քապայէլ, Գարուն Ալկան։
Այս բոլորէն վերջ Վոլքան Պոզքըր առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր թաղային խորհուրդին կողմէ պատուասիրուեցաւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Ընդունելութեան ընթացքին նախարարը մեր ազգայիններուն հետ զրուցեց միջոց մը։ Եսայի Տէմիրն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։
Հրաժեշտի հանգրուանին Վոլքան Պոզքըր դարձեալ առարկայ դարձաւ ներկաներու համակրանքին։
Հարկ է նշել, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անցեալ շաբաթավերջին թուրքերու եւ հայերու համակեցութեան տեսակէտէ օրինակելի նկատած էր Սամաթիոյ մթնոլորտը։ Իր այդ խօսքերէն քանի մը օր վերջ տեղի ունեցաւ Վոլքան Պոզքըրի այցելութիւնը։ Նախարարը Սամաթիոյ մէջ ըրած յայտարարութիւններուն ժամանակ շեշտեց, որ երրորդ կողմերը պէտք չէ միջամուխ դառնան հայկական հարցին։ «Պիտի չարտօնենք, որ պատմութիւնը գրաւի տակ դնեն անոնք, որոնք պատմական միասնականութիւն չունին հայոց հետ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ իրենք կը վկայեն հայոց ապրած ցաւերուն։ Վոլքան Պոզքըրի խօսքերով, 1870-1920 թուականներուն ապրուած են լուրջ ցաւեր, մեծ դէպքեր, հետեւաբար ամէն ինչը պէտք չէ սահմանափակել 1915 թուականին ապրուածներով։ Նախարար Պոզքըր դէմ արտայայտուեցաւ նաեւ այդ պատմական խնդիրներու քաղաքականացման։