ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմակերպուած այս աւանդական հաւաքոյթին ընթացքին ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Ընդհանուր Փոխանորդի կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Ընդունելութեան սկիզբին Նորին Սրբազնութիւնը ջերմօրէն ողջունեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնց փոխանցեց Ս. Զատկի տօնին առթիւ իր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնները։
Աւելի վերջ տիկնանց յանձնախումբերու ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ խօսք առնելով շնորհաւորեց Ընդհանուր Փոխանորդին եւ հոգեւոր հայրերուն Ս. Զատիկը եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց բոլորին։
Այս ելոյթներէն վերջ ընդունելութիւնը շարունակուեցաւ զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան համայնքէն ներս ու մանաւանդ մեր վարժարաններու երդիքին տակ կրօնի եւ լեզուի դասերու կարեւորութեան շուրջ։ Հոգեւոր հայրերը դիտել տուին, թէ այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կ՚ուղարկեն համայնքային վարժարան մը, պահանջկոտ պէտք է ըլլան կրօնի եւ լեզուի ուսուցման հարցերուն շուրջ։
Այս տարուան Ս. Զատկի ընդունելութիւնը կը զուգադիպէր Աւետման տօնին, ինչ որ տարբեր երանգ մը վերագրեց հաւաքոյթին։ Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ նուիրեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը Ընդհանուր Փոխանորդն ու հոգեւոր հայրերը շրջապատեցին Պատրիարքարանի մուտքի աստիճաններուն վրայ, ուր կատարուեցաւ նկարահանութիւն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024