ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Մեռելոցին առթիւ երէկ հոգեհանգստեան ընդհանուր կարգ տեղի ունեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Ընդհանուր հոգեհանգիստին հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։ Արարողութեան ընթացքին հանդիսադիր Հայր Սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը եւ այս առթիւ կարեւորեց հանգուցեալներու վերյիշման խորհուրդը ու կանգ առաւ անոնց նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ չթերանալու անհրաժեշտութեան վրայ։