ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԴԱՌՆ ՊԱՀ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր նորոգ հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ծանօթ է, որ Սարգիս Սերովբեանի կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Երէկ, բոլորին համար հրաժեշտի դառն պահ մը ապրուեցաւ եւ Սարգիս Սերովբեան յաւերժութեան ճամբուեցաւ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ, յուզումնախառն զգացումներով։
Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը մահաբեմին վրայ զետեղուած էր Սարգիս Սերովբեանի դագաղը, որու շուրջ համախմբուած յուղարկաւորները մատուցին իրենց վերջին յարգանքը ու բերին իրենց խոնարհումը անոր վաստակին առջեւ։ Ներկայ էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հայ Կաթողիկէից Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, մեր վեղարաւոր հայրերն ու հոծ թիւով քահանայ հայրեր։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց եւ կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, «Ակօս»ի ընտանիքէն անդամներ, համայնքային մարմիններէն ներկայացուցիչներ, որոնք անկեղծօրէն վշտակցեցան հանգուցեալի հարազատներուն։
Յուղարկաւորութենէն վերջ Սարգիս Սերովբեանի դագաղը առաջնորդուեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատունը, ուր տեղի ունեցաւ կարճ սգահանդէս մը, որու աւարտին իր անշունչ մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։
Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին՝ վաստակաւոր ուսուցչուհի Մանուշակ Սերովբեանի, որդւոյն՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, դստեր՝ Կարինէ Սերովբեան-Պահչէճիի եւ համայն ընտանիքին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024