ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ… ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի մէջ սիւ­նա­կա­գիր Ահ­մէտ Հա­քա­նի «Չո­րեք­շաբ­թիի զրոյց­ներ»ու այ­սօ­րուան հիւ­րը ե­ղած է «Վա­թան» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Տո­ղու Փե­րին­չէք։ Ահ­մէտ Հա­քան բազ­մաբ­նոյթ նիւ­թե­րու շուրջ շօ­շա­փած է իր զրու­ցակ­ցին՝ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քի տե­սա­կէտ­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ Տո­ղու Փե­րին­չէք ներ­կա­յիս դար­ձեալ հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած է՝ Դա­մաս­կո­սի մէջ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման բե­րու­մով։

Հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Ահ­մէտ Հա­քան Տո­ղու Փե­րին­չէ­քի կար­ծի­քը շօ­շա­փած է նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ իր գոր­ծը ներ­կա­յիս վե­րա­տե­սու­թեան կ՚են­թար­կուի Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի (Ե­ՄԻԱ) Մեծ պա­լա­տին մօտ։

Ահ­մէտ Հա­քան ա­ռա­ջին հեր­թին հե­տե­ւեալ հար­ցու­մը ուղ­ղած է Տո­ղու Փե­րին­չէ­քին. «Կարգ մը ա­րեւմ­տեան եր­կիր­ներ սահ­մա­նե­ցին «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն» մը։ Դուք ալ պայ­քա­րե­ցաք ա­նոր դէմ։ Գա­ցիք այդ տե­ղե­րը եւ գոր­ծե­ցիք այդ յան­ցան­քը։ Հե­տաքր­քիր եմ գիտ­նա­լու, թէ ձեր կող­մէ ղե­կա­վա­րուած երկ­րի մը մէջ անձ մը ա­զա­տօ­րէն պի­տի կա­րե­նա՞յ ը­սել, թէ «տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»»։

Ի պա­տաս­խան, Փե­րին­չէք յայտ­նած է, թէ ի­րենց կող­մէ ղե­կա­վա­րուե­լիք Թուր­քիոյ մէջ ա­զա­տօ­րէն պի­տի կա­րե­նան խօ­սիլ ա­նոնք, ո­րոնք կ՚ը­սեն, թէ տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Ար­դէն այս պա­հուն ալ ա­նոնք կը խօ­սին ա­զա­տօ­րէն։

Այս նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ Ահ­մէտ Հա­քա­նի երկ­րորդ հար­ցու­մը ե­ղած է այն, թէ այդ ու­րաց­ման յան­ցան­քը գոր­ծե­լէ վերջ Ե­ՄԻԱ-ի կող­մէ ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տրուած է Փե­րին­չէ­քին։ Պա­տաս­խա­նե­լով այս հարց­ման Փե­րին­չէք նշած է, թէ ի­րենք յաղ­թա­նակ մը տա­րած են։ «Ազ­գայ­նա­կան­նե­րը չէին կրնար յա­ջո­ղիլ այս բա­նը։ Հար­ցը թուրք-հա­յու կռի­ւի վե­րա­ծե­լով այս­պի­սի յա­ջո­ղու­թիւն մը չ՚ար­ձա­նագրուիր։ Մենք այս դա­տին մէջ հա­յոց ուղ­ղեալ թոյզն իսկ վի­րա­ւո­րանք մը չը­րինք։ Ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցինք զա­նոնք չվի­րա­ւո­րե­լու հա­մար, նոյ­նիսկ ու­նե­ցանք զա­նոնք պաշտ­պա­նող ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ Օ­րի­նա­կի հա­մար ը­սինք, թէ սա ծա­ւա­լա­պաշտ սուտ մըն է։ Պայ­քա­րը դրինք կար­ծի­քի ա­զա­տու­թեան հու­նին մէջ», մատ­նան­շած է Տո­ղու Փե­րին­չէք։

Ահ­մէտ Հա­քան յի­շե­ցու­ցած է, թէ յա­մե­նայն­դէպս Տո­ղու Փե­րին­չէք ար­դար դա­սուած է ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թեան նման եւ­րո­պա­կան ար­ժէ­քի մը շնոր­հիւ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան ը­սած է, թէ այդ ար­ժէք­նե­րը չեն պատ­կա­նիր Եւ­րո­պա­յին, այլ՝ հա­մա­մարդ­կա­յին են ու մի­ջազ­գա­յին։

Իսկ ե­թէ սուտ է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ա­պա ի՞նչ պա­տա­հած է 1914-ին։ Ահ­մէտ Հա­քա­նի այս հարց­ման ի պա­տաս­խան նշած է, թէ բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, թէ փո­խա­դարձ կո­տո­րած­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են։ Ան այդ փաս­տա­թուղ­թե­րու շար­քին թուար­կած է ռու­սա­կան ցա­րու­թեան դա­տա­րան­նե­րու տե­ղե­կագ­րե­րը։ Ըստ Փե­րին­չէ­քի սա թուր­քե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած միա­կող­մա­նի կո­տո­րած մը չէ։ Ան մէջ­բե­րած է նաեւ Զի­յա Կէօ­քալ­փի բա­նա­ձե­ւու­մը, ըստ ո­րու փո­խա­դարձ սպանդ­ներ պա­տա­հած են։

Ա­ւե­լի վերջ Ահ­մէտ Հա­քան ը­սած է, թէ այդ բա­նա­ձե­ւու­մը ըն­դու­նե­լի կրնայ ըլ­լալ զի­նեալ հա­յոց եւ թուրք զի­նուոր­նե­րու մի­ջեւ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն հա­մար։ Բայց եւ այն­պէս, դէպ­քե­րուն ըն­թաց­քին սպան­նուած են քա­ղա­քա­յին հա­յեր, ո­րոնց ձեռ­քը զէնք չկար։ Տե­ղա­հա­նու­թեան ո­րոշ­ման հե­տե­ւան­քով ա­նոնք կը մա­հա­նան ճա­նա­պար­հին։ Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել այս ե­րե­ւոյ­թը։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Տո­ղու Փե­րին­չէք նշած է, որ եր­բեք չեն ու­րա­ցած այս հան­գա­ման­քը, ինչ որ գոր­ծօն մը հան­դի­սա­ցած է՝ Ե­ՄԻԱ-ի մօտ դա­տը շա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Ե­թէ ու­րա­նա­յինք, ա­պա չէինք կրնար շա­հիլ», ը­սած է Փե­րին­չէք։

Այս կէ­տին վրայ Ահ­մէտ Հա­քան ա­ւել­ցու­ցած է հե­տե­ւեա­լը. «Ի՛նչ բանն է, որ չէք ու­րա­ցած»։ Ի պա­տաս­խան Փե­րին­չէք նշած է հե­տե­ւեա­լը.

«Փո­խա­դարձ կո­տո­րած­ներ ապ­րուե­ցան։ Քա­ղա­քա­յին բնակ­չու­թիւնն ալ սպան­նուե­ցաւ։ Բայց այդ բո­լո­րի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ար­դէն դա­տուե­ցան։ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան կող­մէ հիմ­նուած դա­տա­րան­նե­րուն կող­մէ շուրջ հա­րիւր անձ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կուե­ցաւ։ Տե­ղա­հա­նու­թեան ըն­թաց­քին պա­տա­հե­ցաւ, որ մեր հայ եղ­բայր­նե­րու ստա­ցուած­քին ձեռք դրուի։ Բայց ի՞նչ է այս ե­րե­ւոյ­թին պատ­ճա­ռը։ Այդ ժա­մա­նակ ծա­ւա­լա­պաշտ ծրա­գիր մը կար՝ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը բաժ­նե­լու հա­մար։ Սա Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի, Անգ­լիոյ եւ Ֆրան­սա­յի ծրա­գիրն էր։ Ա­նոնք են նաեւ հայ­կա­կան հրո­սա­խում­բե­րու կազ­մա­կեր­պող­նե­րը։ Լե­նի­նի «Ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թիւն» գիր­քին մէջ նշուած է, թէ Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նը կը կազ­մա­կեր­պէր հայ­կա­կան հրո­սա­խում­բեր, որ­պէս­զի զա­նոնք յա­ռաջ քշէր պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ու բաժ­նէր Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը»։

Ահ­մէտ Հա­քա­նի հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին հար­ցու­մը ե­ղած է այն, որ մի­թէ կա­րե­լի չէ՞ր ա­ռանց տե­ղա­հա­նու­թեան այս հար­ցը լու­ծել։ Փե­րին­չէք պա­տաս­խա­նած է ըստ հե­տե­ւեա­լի.

«Ա­ռանց տե­ղա­հա­նու­թեան ո­րո­շու­մը առ­նե­լու, ան­կա­րե­լի էր մղել Ան­կա­խու­թեան պա­տե­րազ­մը»։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015