ԱՀԱ՛, ՊԻՏ ԻՅՆԱՅ… Կ՚ԵՐԹԱՅ ԿՈՐ…
Եթէ լոյս աշխարհ եկած ես որպէս հայ, ապա անպայմանօրէն լսած պիտի ըլլաս «մեզի» ու «ձեզի», «մեր» ու «ձեր»ի զաւեշտը. միասնութեան կոչուած հայ ժողովուրդը միշտ ալ իր մէջ ունեցած է այդ երկուութիւնը, որ նոյն բանին համար կը պայքարին՝ սակայն հիմնական պայքարը իրարու դէմ կը մղեն. մեր ազգին մէջ գրեթէ ամէն բանի շարքին «մեր»ն ու «ձեր»ը գոյութիւն ունի. անոնց մէջ կարելի է յիշել դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, թերթը եւ գրեթէ ամէն բան՝ որ տարբեր գոյն ու երանգ կրնայ ստանալ:
Նոյն նպատակին ու իտէալին համար պայքարողները տրամաբանականօրէն կարելի է եղբայր նկատել, որովհետեւ անոնք նոյն նպատակին համար պայքար կը մղեն, սակայն չես գիտեր ինչպէս, մեր մօտ նոյն նպատակի համար պայքարողներ եղբօր փոխարէն թշնամի կ՚ըլլան. այդ թշնամութեան պատճառը գաղափարի նոյնութիւնը չէ, այլ պարզապէս «մեր»ի եւ «ձեր»ի տարբերութիւնն է, որովհետեւ մինչեւ այդ «ձեր»ը «մեր» չըլլայ՝ կը նշանակէ, թէ հակառակ ենք: Վերջապէս «մեր»ն է ճիշդը, «ձեր»ը թէ «անոնց»ը՝ տակաւին յստակ չէ եւ կարծես երբեք ալ յստակ պիտի չըլլայ: Այս երկուութիւնը առաջ միայն սփիւռքի մէջ կ՚ապրէինք, սակայն ներկայիս կ՚ապրինք նաեւ հայրենիքի մէջ՝ դարձեալ սփիւռքահայերու ճամբով:
Այս երկուութեան մասին մտածել սկսայ, երբ ականատես եղած հետեւեալին. սփիւռքահայ մը որպէս յաճախորդ մուտք գործեց ժամագործի մը մօտ. «բարեւ»ի ոճէն հասկցաւ, թէ ժամագործը եւս սփիւռքահայ է ու տուաւ հետեւեալ հարցը. «մեզմէ՞ ես»։ Ժամագործը, որ իրականութեան մէջ «իրենցմէ» էր, շուարեցաւ. գիտէ՞ք ինչ վտանգաւոր հարցում մըն է տրուածը. «մեզմէ» ըսելով ի՞նչ նկատի ունի. գո՞ղ է, արուամո՞լ է, սատանայապա՞շտ է... թէ այլ բան: Ժամագործը շուարած ըսաւ, թէ «հայ եմ». վերջապէս ի՞նչ տարբերութիւն, եթէ ժամագործը «մեզմէ» եղած է՝ թէ «իրենցմէ». ու այս «մեզ»ի ու «ձեզ»ի քաոսին մէջ մենք կը փորձենք միասնութիւն ու միութիւն քարոզել։ Այսօր ամէ՛ն տեղ, ուր երկուութիւն գոյութիւն ունի, կայ անհամաձայնութիւն, կայ ատելութիւն արեւմտահային եւ արեւելահային միջեւ, ատելութիւն էջմիածնականի եւ անթիլիասականի միջեւ, ատելութիւն կուսակցութեանց, կազմակերպութիւններուն եւ մինչե՛ւ իսկ դպրոցներուն միջեւ: Ցաւալին հո՛ն է սակայն, որ այդ ատելութիւնը յաճախ հրապարակ դուրս կու գայ հայրենասիրութիւն անուան տակ. հայրենասիրութեամբ մենք զիրար կ՚ատենք՝ նոյն նպատակին համար իրարու դէմ պայքարելով:
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Սիամանթօ կը գրէր «Ատելութեան կոչ» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը. կոչերու երբեք ականջ չտուող մեր ժողովուրդը, չես գիտեր ինչպէս, միայն ականջ տուած է այս կոչին՝ այդ մէկը սխալ հասկնալով։ Բանաստեղծը հայ երիտասարդ սերունդին կ՚ըսէ. «Երգէ՛ եւ Եղբայրութեան հրաւէրդ եւ քու կարմիր Կոչդ Ատելութեան»։ Իրականութեան մէջ այդ կոչը ուղղուած պիտի ըլլար թշնամիներուն, սակայն մեր ազգը սխալ հասկնալով, իրագործեց բանաստեղծին կոչը՝ սակայն այդ մէկը թշնամիներուն փոխարէն՝ իրարու դէմ ի գործ դնելով։ Բանաստեղծը լաւապէս կը գիտակցէր, որ այդ կոչը սարսափելի է. նոյնիսկ ի՛նք իր բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Թէեւ գիտեմ որ Ատելութեան Կոչս ահաւոր է եւ ռազմի հրաւէրս ամեհական». այդ ահաւոր ատելութեան զոհը գնաց, կ՚երթայ ու պիտի շարունակէ երթալ մեր ազգը. կասկած չունինք, որ Սիամանթօ այդ բոլորը գրեց, որպէսզի տեսնէ իր երազած Հայաստանը՝ իր երազած երիտասարդութեամբ՝ իր ամբողջական հզօրութեան մէջ, սակայն ճշմարտութիւնը երբեք այդպէս չեղաւ. ինչքան ալ ամօթ զգանք ու լռենք, հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ երբեք պիտի չջնջուին եղբայրասպան կռիւները՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին։ Միանալով թշնամիին դէմ կռուելու կոչուած մեր ժողովուրդը իրարու դէ՛մ կռուեցաւ, մինչեւ իսկ հայը հայուն արիւնը թափեց... վասն ինչի՞:
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան կարծես հայ ժողովուրդի կորուստը կը նկարագրէ իր հետեւեալ բառերով. անոր «Խօսեցեալ ի կաճառս ընկերութեան համազգեաց» ճառին մէջ կ՚ըսէ. «...արդէն կորստեան անդունդին եզերքը մէկ ոտքը դրեր էր, տգիտութեան մշուշը զինքը չարաչար խեղդել կ՚ուզէր, ատելութիւնը իր գիշատիչ ճանկերը անոր վրան նետած՝ աղիքը կը կրծէր, մէկ պզտիկ ընթացք մը, շարժում մը, զինքը պիտի գահավէժ գլորէր. ահա՛, ահա՛, պիտ իյնայ… կ՚երթայ կոր…»:
Մենք չենք նկատեր, սակայն այդ «մեր» ու «ձեր»ի կռիւի ժամանակ արդէն իսկ գահավէժ կը գլորինք դէպի անդունդ. տակաւին որոշ ժամանակ մը կ՚ուզենք, հասկնալու, որ «մեր» եւ «ձեր» եկեղեցւոյ մէջ պաշտուող Աստուածը նո՛յն Աստուածն է. «մեր» եւ «ձեր» ակումբներուն մէջ քարոզուող հայրենասիրութիւնն ու հայրենիքը նո՛յնն են. «մեր» եւ «ձեր» դպրոցներուն մէջ նո՛յն մայրենին կ՚ուսուցուի եւ նոյն ազգի զաւակները հասակ կ՚առնեն. երանի՜ մենք մոռնանք մերը, դուք մոռնաք ձերը եւ միասնական սփիւռք ու հայրենիք կերտենք, Աստուած գիտէ հազար անգամ ըսելով, որ միասնութիւնն է մեր փրկութիւնը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մերօրեայ կրթական համակարգին մէջ սխալներ կա՞ն:
Պատասխան. Այո՛, մերօրեայ կրթական համակարգին մէջ նկատելի թերութիւններ կան: Շատ մը կրթական համակարգեր կը խեղդեն քննադատական մտածողութիւնը եւ կը խեղդեն անհատներու տաղանդներն ու հետաքրքրութիւնները: Որոշ կրթական համակարգերու մէջ գոյութիւն ունի անհաւասարութիւն: Թերութիւն կայ նաեւ ծրագիրի բովանդակութեան եւ հմտութեան զարգացման կապի մէջ: Այս խնդիրները կը պահանջեն կրթական մեթոտներու վերագնահատում, քննելու համար տարբեր կարիքներն ու մարտահրաւէրները, որպէսզի կարենան զանոնք բարելաւել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024