ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉՈՒԵՑԱ՛Ւ…
Անշուշտ, պիտի ըսէք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, մեզի անծանօթ չէ, թէ Յիսուս խաչուեցաւ։ Բայց սիրելինե՜ր, բնաւ խորհա՞ծ էք կամ դուք ձեզի հարցուցած էք, թէ Յիսուս ինչո՞ւ խաչուեցաւ։ Առանց չարչարուելու, առանց խաչուելու կարելի չէ՞ր որ կատարեր իր առաքելութիւնը։ Ան չունէ՞ր այդ կարողութիւնը՝ որ հեռու մնար խաչելութեան արարքէն։
Ուրեմն, միասին խորհինք եւ խորհրդածենք, Յիսուս ինչո՞ւ խաչուեցաւ, Յիսուս ինչո՞ւ չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, Յիսուս թողուց, որ իշխանաւորներ ձերբակալեն զԻնք եւ Իրեն հետ վարուին որպէս հասարակ «ոճրագործ» մը։ Հոս չենք ուզեր խորանալ Յուդայի պատմական եւ ճակատագրական դերին մասին՝ որպէս մատնիչ։ Ան պէ՛տք էր կատարեր իր պատմական դերը։ Այս մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններու թարգման եղած էր Գրիգոր Սարկաւագ Գալփաքճեան թերթիս սիւնակներուն մէջ։
Բայց հարցը սա է. Յիսուս եթէ ուզէր չէ՞ր կրնար Իր «օձիկը ազատել» եւ արգիլել այն բոլոր ահաւոր պատահարները՝ որոնք տեղի ունեցան իր երկրային կեանքին վերջի մի քանի օրերուն ընթացքին՝ ակնթարթի մը արագութեամբ։ Երբ ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանար, ինչպէ՞ս փոխուեցաւ ամէն ինչ եւ Յիսուս «ոճրագործ»ի մը դիրքին մէջ խաչուեցաւ…։
Որքա՜ն իմաստալից է Յիսուսի խօսքը, երբ կ՚ըսէ.
«Ժամանակս լեցուած է»։ Այս խօսքով Ան կը յայտնէ, թէ Ինք կը շարժի Հօրը կամքով։
Արդարեւ ի՞նչ էր Հօրը կամքը։ Կարելի չէ՞ր որ փոխուեր այդ «կամք»ը։ Ուստի այդ կամքը իր յատուկ առումով վճռական «ճակատագի՞ր» մըն էր, թէ՝ ծրագիր մը, որ նպատակի իրականացման համեմատ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել։ Եթէ նպատակը մարդոց փրկութիւնն էր, ապա ուրեմն անոր միակ կերպը Յիսուսի խաչելութի՞ւնն էր։ Պէ՞տք էր զոհուիլ…։
Առաքեալը կ՚ըսէ. «Անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով, մարդոց նմա՛ն ըլլալով… Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մահուան հնազանդեցաւ, եւ այն ալ՝ խաչի մահուամբ, այսինքն խաչելութեամբ մահուան ենթարկուելու։ Յիսուս մարդացաւ առանց վերապահութեան, եւ ենթարկուեցաւ այն բոլոր փորձութիւններուն եւ փորձառութիւններու՝ որոնց ենթակայ կ՚ըլլայ որեւէ մարդ իր ապրած կեանքին ընթացքին»։
Այո՛, ինչո՞ւ խաչուեցաւ Յիսուս։
Այն օրէն սկսեալ երբ Պետրոս դաւանեցաւ, թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի՛ն է կենդանի Աստուծոյ, Յիսուս սկսաւ յայտնել Իր աշակերտներուն՝ թէ Ինք պէ՛տք էր Երուսաղէմ երթար, հոն չարչարուէր, սպաննուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր (ՄԱՏԹ. ԺԶ 21)։
Պահ մը միայն՝ Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ, հաստատելով այսպէս՝ Պետրոսի դաւանութիւնը։ Ան ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք Իր փառքին մէջ մտնելու համար պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։ Արդարեւ Մովսէս եւ Եղիա տեսած էին Աստուծոյ փառքը Լերան վրայ։ Այս կերպով «Օրէնք»ը եւ «Մարգարէ»ները աւետած էին Մեսիային չարչարանքները։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի մահուան չարչարանքը իրապէ՛ս Հօր կա՛մքն է, Որդին կը գործէ իբրեւ Աստուծոյ Ծառան…։
Կը հետեւի, թէ Քրիստոսի «աշակերտ»ը պէտք չէ՛ միայն իրեն պահէ հաւատքը եւ ապրի զայն, այլ նաեւ դաւանի՛ զայն, վկայէ անոր վստահութեամբ եւ տարածէ զայն։ Արդարեւ պահուած գանձը ո՛չ մէկուն օգուտ կրնայ ունենալ։
Պէտք է պատրաստ ըլլան անոնք՝ որ «աշակերտ» են, դաւանելու Քրիստոսը մարդոց առջեւ եւ հետեւելու Անոր՝ Խաչի ճանապարհին վրայ, հալածանքներուն, չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն ընդմէջէն, որոնք երբեք չեն պակսիր մարդկային կեանքին։ Ուստի հաւատքին ծառայութիւնը եւ վկայութիւնը պահանջուած են փրկութեան, այսինքն երանութեան համար։ Յիսուս կ՚ըսէ.
«Ո՛վ որ Զիս դաւանի մարդոց առջեւ, Ես ալ զինք պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է. իսկ ո՛վ որ ուրանայ Զիս մարդոց առջեւ՝ Ես ալ զինք պիտի ուրանամ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է» (ՄԱՏԹ. Ժ 32-33)։
Ուրեմն կը տեսնուի, որ Յիսուսի խաչելութիւնը ընդհանուր «ծրագրի» մը մասն էր, եւ պէտք էր որ Ան չարչարուի, հալածուի եւ խաչուի։ Արդէն կեանքի իրականութիւնն է այս՝ կեանքը նեղութիւններով, ցաւերով, վիշտերով, երբեմն նեղ դռներէ անցնելու պարտաւորութիւնը ունեցող ընթացք մը չէ՞։
Յիսուսի խաչելութիւնը կեանքին մէկ պահանջքն էր. առանց չարչարուելու երջանկութիւն չ՚ըլլար, եթէ ըլլայ՝ սուտ եւ խաբէական կ՚ըլլայ, կ՚անցնի կ՚երթա՜յ…։ Կեանքը իր իրականութեամբը ցոյց տալու համար Յիսուս չարչարուեցաւ եւ խաչուեցաւ, քանի որ Ան Ճշմարտութի՛ւնն իսկ է։
Եկէ՛ք, բոլորովին տարբեր կերպով մը մօտենանք հարցին։
Յիսուս մարդացաւ, կատարեալ մա՛րդ եղաւ, եւ Ան մարդացաւ առանց վերապահութեամբ։ Յիսուսի վարդապետութեան կարեւոր սկզբունքներէն է նաեւ հաւասարութի՛ւնը։ Եւ քանի որ «կատարեալ մարդ» էր, ուրեմն պէտք էր որ «մարդոց նման ըլլար» ըստ հաւասարութեան անխախտելի սկզբունքին։ Ինք չէր կրնար բացառութիւն կազմուիլ հաւասարութեան սկզբունքէն։
Իրաւացի կամ անիրաւ, Յիսուսի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն պատիժը՝ մահու վճիռ արձակել կը պարտադրէր։ Յիսուսի տեղ պարզ հասարակ մարդ մը ի՛նչ պատիժով որ պիտի դատապարտուէր, նոյն պատիժին պէտք էր ենթարկուեր Ինք, որպէսզի չխախտի հաւասարութեան սկզբո՛ւնքը։
Խորհեցէ՛ք, սիրելիներ, մէկը որ հաւասարութիւն կը քարոզէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, բայց երբ իր կեանքը խնդրոյ առարկայ ըլլայ չի գործադրեր զայն եւ ինքզինք բացառութիւն կը նկատէ։ Այդպիսի մէկը ո՞րքան վստահութիւն կրնայ ներշնչել իր շուրջիններուն։ Զոհողութիւնը աչքի չառնող մէկը ո՞րքան յարգ ու պատիւ կրնայ ունենալ մարդոց առջեւ։ Զոհել ու զոհուիլ՝ մարդուն արժանաւորութիւնը վեր կը բռնեն, փոյթ չէ՛, թէ անոնք կորսնցնեն իրենց կեանքը նոյնիսկ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 25, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024