ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻ՛ՒՆ
Հոն ուր կայ իրաւունք, իրաւունք վայելում եւ ազատութիւն, հոն կայ նաեւ պատասխանատուութի՛ւն։
Արդարեւ, աշխարհի ստեղծագործութիւնը եւ մարդ արարածին արարչութիւնն ալ հիմնուած է այս մշտնջենաւոր սկզբունքին վրայ։ Ամէն իրաւունք կը փոխարինուի պարտքով մը եւ ամէն ազատութիւն կը չափաւորուի սահմանով մը։ Ազատութեան սահմանը եթէ նկատի չառնուի՝ հոն կը սկսի հատուցման պարտաւորութիւնը։ Կեանքը ահաւասիկ այս ներդաշնակութեան վրայ հիմնուած է եւ այս ներդաշնակութեան շնորհիւ է, որ կ՚ընթանայ անվտանգ կերպով։
Պատասխանատուութիւնը կ՚ենթադրէ «երկրորդ հանդիպում» մը։ Պատասխանատուութիւն կը նշանակէ նախապէս տրուածին հաշիւը պահանջել, հաշուեպահանջ մըն է ան, եւ ուրեմն երկու հանգրուաններու երկրորդն է պատասխանատուութիւնը։ Մարդ իրաւունքի մը կը տիրանայ, զայն վայելելու ազատութիւնը կ՚ունենայ, այս առաջին հանգրուանն է, բայց այդ վայելումին փոխարէն՝ հաշուեպահանջը, այս ընթացքին երկրորդ հանգրուանն է։ Եւ ահաւասիկ այս երկու հանգրուաններու միջեւ կը գտնուի պատասխանատուութիւնը՝ որ ենթական կը պարտադրէ ուշադրութեամբ գործածելու իրեն տրուած իրաւունքները եւ զանոնք վայելելու ազատութիւնը։
Եւ եթէ հո՛ս, երկրի վրայ կեանք մը կ՚ապրի մարդ, ունի իրաւունքներ, զանոնք վայելելու ազատութիւն, բնական է, որ այս բոլորը պէտք է ունենայ վարձք մը կամ հատուցում մը՝ որ կ՚որոշուի ըստ հաշուեպահանջի մը տրուած հաշիւին։ Երկնային հաշուեյարդարը ահաւասիկ, կը կոչուի «վերջին դատաստան» եւ ըստ հաւատքի պիտի կատարուի Յիսուս Քրիստոսի «Երկրորդ Գալուստ»ին։ Հակիրճ ակնարկով մը՝ Յիսուս եկաւ առաջին անգամ տալո՛ւ, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ հաշիւը պահանջելի տուածին գործածութեան։
Արդարեւ, Յիսուսի գալստեան յիշատակը՝ այսպիսի մէկ գալստեան մը յիշատակն է։ Ուստի, հարցը փափուկ է՝ հաւատքի ու հաւատալիքներու ամենէն կարեւո՛րը։
«Երկրորդ Գալուստ»ը վերլուծել, անշուշտ հմուտ եւ խելամուտ մասնագէտներու գործ է։ Բայց մարդկային կեանքի առօրեայ հարց մըն է «հատուցո՛ւմ»ը։
«Հատուցում» բառը, սիրելինե՜ր, հայերէն լեզուի ճիշդիմաստ բառերէն մէկն է եւ կը նշանակէ՝ փոխարինութիւն՝ բարի կամ չար գործի մը։
Ազատ կամքի, ազատօրէն գործելու հետեւանքն է հատուցումը՝ որ կը կառավարուի «պատասխանատուութեան գիտակցութեան» կողմէ։ Սապէս կարելի է ըսել՝ «Ազատութիւն»ը կը պահանջէ «Հատուցում» եւ կը պարտադրէ շարժիլ ըստ «Պատասխանատուութեան գիտակցութեան»։ Ուստի, հոն՝ ուր ազատութիւն կայ, բայց կը պակսի պատասխանատուութիւնը, ապա հոն կը տիրէ անիշխանութիւն, սանձարձակ, քմահաճութիւնը առաջնակարգ շարժառիթ նկատող կեանք՝ որուն բնական բայց ցաւալի հետեւանքն է վիհ՝ քաո՛ս։
Ազատութիւնը հաւասարակշռող տարրն է՝ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Ուստի, այդ ազատ վայելումի արդիւնքը եթէ «բարի» է՝ անոր հատուցումը վարձք է, իսկ եթէ «չար» է՝ պատիժն է անոր բնական հատուցումը։
Ուրեմն, ամէն մէկս մտածելու ենք մեր պատասխանատուութիւններու մասին եւ նկատելու ենք, թէ «ազատ եմ, ուզածս կ՚ընեմ»ի նման անպատասխանատու մտածումներ մարդս երբեք չեն առաջնորդեր ուղիղ ու շիտակ ճամբայ, քանի որ կեանքը հաւասարակշռութիւններու, ներդաշնակութիւններու, համաձայնութիւններու ընթացք մըն է եւ երջանկութիւնը չափաւորութեան մէ՛ջ է։ Ուստի նախ խորհինք, եւ յետոյ գործենք, խոհեմութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 17, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024