ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Ազատութիւն»ը՝ իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է՝ գործելու կամ չգնործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ ու անկախօրէն վճռելու կատարելիք գործեր։ Այս սահմանումէն կը հետեւի, թէ հացը, ջուրը եւ օդը ի՛նչ որ է մարդուս մարմնին, ֆիզիքական էութեան համար, ազատութիւնը նոյնն է մարդուս մտաւոր կեանքին համար։ Եթէ մարմինը կը սնանի հացով եւ ջուրով եւ ֆիզիքական էութիւնը կը գոյատեւէ շնչելով, բանաւոր ու իմացականութեամբ օժտուած մարդուն համար՝ մտքին աճման ու զարգացման համար անհրաժե՛շտ է ազատութիւնը։
Ազատ մարդը արդա՛ր է, ազատ մարդը իր անձին տէ՛րն է։
Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր իսկ անձին։ Զօրութիւն մը, ներուժ մըն է ազատութիւնը մարդուն մէջ՝ որ հաստատուած է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը բարձրագոյն արժէքը, արժանապատուութիւնն է մարդուն։
Ազատութիւնը կը զարգանայ եւ կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի բարձր արժէքներու, վերին սկզբունքներու եւ վերջապէս դէպի Բարձրագոյն Էութիւն՝ դէպի Աստուած՝ որ մարդուն երանութիւնն է։
Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ՛ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուա՛ծ է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնն ու հաւանականութիւնը՝ «ընտրելու բարիին ու չարին միջեւ», եւ հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու եւ զարգանալու կատարելութեան մէջ եւ կամ տապալելու՝ սայթաքելու եւ մեղանչելո՛ւ։ Այս իմաստով ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէ՛ս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի եւ կամ պարսաւանքի՝ արժանիքի եւ կամ անարժանութեան։ Ազատութիւնը շրջահայեաց կ՚ըսէ մարդս, աւելի՛ համբերող, աւելի՛ հանդուրժող, աւելի՛ ներող, աւելի՛ խոհական եւ աւելի առաքինի ու պարկեշտ։
Մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, ա՛յնքան աւելի ազատ կ՚ըլլայ։ Ազատամիտ մարդը ներքին խաղաղութիւն ունի, խիղճը հանդարտ է եւ միտքը բեղուն եւ աւելի արտադրող, աւելի շիտակ եւ աւելի ուղղամիտ…։
Ազատ մարդը անկախ է ամէն ճնշիչ ուժերէ՝ որոնք կը խանգարեն իր ներաշխարհին ներդաշնակութիւնը եւ անդորրութիւնը։ Ազատութիւնը նաեւ արդարութեան նախապայմաններէն մէկը եւ նոյնիսկ առաջնակարգն է, քանի որ առանց ազատութեան արդարութիւն չկա՛յ…։
Ազատութիւնը մարդս կը դարձնէ պատասխանատո՛ւ. ազատութեան բնական հետեւանքն է պատասխանատուութիւն, ի՛նչ որ մարդուս փառքն է, արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութի՛ւնը։ Ան որ պատասխանատու է, ան մարդկային բարձր արժէքներու հասած է։ Մէկը երբ կը խուսափի պատասխանատուութենէ, ան «ազատութիւն» վայելելու արժանի չէ եւ կ՚ապրի որպէս «մակաբոյծ», չըսելու համար «ստրուկ», այսինքն ցկեանս գերութեան մատնուած կամ դատապարտուած մարդ։ Ի՜նչ ցաւալի, քանի որ ստրուկներ կորսնցուցած են իրենց անձնականութիւնը եւ վիրաւորուած է իրենց արժանապատուութիւնը։
Մինչդեռ ազատ ըլլալ կը նշանակէ՝ պատասխանատու ըլլալ, իսկ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունենալ՝ արժանապատուութեան տէ՛ր ըլլալ…։
Ուստի չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն, եթէ ոչ ի սպաս բարիին եւ արդարին։ Չարիք եւ անհնազանդութիւն նախընտրելը՝ ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի մեղքին ստրկութեան։ Եւ ստրուկութիւն կը նշանակէ՝ կորսնցնել ամէն բարձր արժէք։
Ըսինք, որ ազատութիւնը մարդս կը դարձնէ պատասխանատու իր արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք կամովի՛ն են։ Առաքինութեան ու ազնուութեան մէջ յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը, ճանաչումը բարիին եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն վրայ։
Ազատութեան մէջ կատարուած ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին, եւ այս իրողութիւնը ահաւասիկ, անհատը կը բարձրացնէ «անձ»ի եւ զայն կը հասցնէ կատարելութեան։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ անհրաժեշտ է ազատութիւնը մարդկային մտաւոր կեանքին համար։
Ազատութիւնը անհրաժեշտ սնունդն է մտքին։
Ազատութիւնը կը կիրարկուի նաեւ մարդկային արարածներուն յարաբերութիւններուն մէջ։
Մարդկային իւրաքանչիւր «անձ», ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ Անոր նմանութեամբ, ունի բնական իրաւունքը ճանչցուելու իբրեւ ազատ եւ պատասխանատու էակ։ Ուրեմն ամէն ոք պարտաւո՛ր է իւրաքանչիւր անհատի հանդէպ յարգանքի այս տուրքը հատուցանելու անխտիր կերպով։ Մարդուս իր ազատութիւնը գործածելու արդար իրաւունքը անբաժանելի հարկաւորութիւն մըն է մարդկային անձին արժանապատուութեան, մանաւանդ բարոյական, հոգեւոր եւ կրօնական հարցերու մէ՛ջ։
Ազատութիւնը գործածելու իրաւունքը ճանչցուելու է քաղաքականապէս եւ պաշտպանուելու՝ հասարակաց բարիքին եւ հրապարակային կարգին սահմաններուն մէջ։
Բայց ազատութեան կիրարկումը չի՛ պարունակեր իրաւունքը՝ ըսելու ամէն ինչ եւ ընելու ամէն բան։ Ազատ ըլլալ՝ չի՛ նշանակեր «խելքին փչած»ը ընել եւ ուզածը խօսիլ. ազատութիւնը ունի սահմա՛ն մը, սահման մը, որ է ուրիշին ազատութեան տարածքը։
Քրիստոնէական ազատութեան ըմբըռ-նումն ալ տարբեր չէ ազատութեան տիեզերական ընդհանուր հասկացողութենէն։ Ըստ Պօղոս Առաքեալի, ազատութիւնը կը տրուի Աստուծմէ, այսինքն «Բնական իրաւունք» մըն է, ամէն մարդու հասարակ, ամէն աձի յատուկ։ «Շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք Հօր Աստուածոյ, որ մեզ արժանի ըրաւ լոյսի թագաւորութեան մէջ բնակող իր ընտրեալներուն վիճակին մասնակից դառնալու։ Մեզ խաւարի իշխանութենէն ազատեց եւ բերաւ իր սիրելի Որդիին իշխանութեան տակ» (ԿՈՂՈՍ. Ա 12-13)։ Այս հատուածէն կը հասկնանք, թէ ազատութեան համար ուղիղ ճամբու հետեւիլ, շիտակ անձի հնազանդիլ պէտք է։ Արդարեւ ազատութիւնը հպատակութիւն եւ հնազանդութիւն կ՚ենթադրէ ուղիղին, շիտակին, արդարին եւ ճշմարիտին։ Ան որ հնազանդ է՝ ազա՛տ է, ազատութեան սահմանին մէջ կրնայ կիրարկել իր կամքին պահանջքները։ Բայց ան որ անհնազանդ է արդարին, բարիին եւ ճշմարիտին՝ անոր դէմ կը կանգնի արգելքը օրէնքին, որպէսզի չխախտի հասարակաց խաղաղութիւնը, անդորրութիւնը։
«Արդ, եթէ Որդին ձեզ ազատէ՝ այն ատեն իրապէ՛ս ազատ պիտի ըլլաք» (ՅՈՎՀ. Ը 36)։
Ուրեմն ազատութեան ակը կարեւոր է՝ ուղիղ, արդար եւ ճշմարիտ ակէ մը բխած ազատութիւնը իրապէ՛ս ազատութիւն է, այլ՝ անիշխանութի՛ւն է։
Ազատութեան գործածութիւնը նրբամտութիւն կը պահանջէ, ազատութեան սխալ կիրարկութիւնը կրնայ վնասներու պատճառ դառնալ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքի մէջ։ Չափաւորութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ ազատութեան գործածութեան մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 21, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024