ԽՃՈՂՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔ ՄԸ
Պահ մը կանգ առնենք մեր, պահ մը դադար տանք մեր հեւքոտ կեանքին եւ դիտենք մեր շուրջը, դիտել փորձենք նաեւ մեր ներաշխարհը։ Անվիճելի իրականութեամբ պիտի նկատենք՝ որ մեր կեանքը ա՜յնքան շատ խճողած ենք աղմուկով, շարժումով, աւելի-պակաս գործունէութիւններով եւ տեղ չենք ձգած էականին ու կենսականին։ Չենք անդրադարձած, թէ ո՛րն է օգտակարը եւ որը՝ վնասակարը, անպէտ աւելորդութիւններով լեցուցած ենք մեր ժամանակաւոր կեանքը։
Արդի ընկերութիւնը՝ եթէ մէկ իմաստով աշխարհականացած է, նիւթականացած եւ հեռացած ամէն բարոյական ու հոգեւոր արժէքներէ, պատճառը պարզ է՝ մարդ «ինքնաբաւ» սկսած է նկատել ինքզինք։
Մարդ այսօր ինքն իր կարեւորութեամբը գրաւուած է՝ ինք իր գործերուն մէջ «թաղուած» է։
Կրօնքը, հոգեւոր արժէքները եւ բարոյականը ա՛յսպէս կը կղզիանայ, կը լճանայ եւ հետզհետէ կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, երբ զԱստուած լռեցուցած են մարդիկ իրենց անվերջ խօսքերով, աղմուկներով՝ ինչ պատճառով ու պատրուակով ալ կատարուին անոնք։
Արդարեւ, շատախօսութիւնը, կամ դատարկաբանութիւնը ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն, այլ՝ վնաս կը հասցնեն մարդուն։ Ուստի, դատարկաբանութիւնը կը խանգարեն ընկերային կեանքին բնական ընթացքը՝ ներդաշնակութիւնը, համերաշխութիւնը, խաղաղութիւնը։ Դատարկաբանութիւնը՝ աշխատանք մըն է գրգռելու մէկը միւսին դէմ, ինչ որ ընդունելի չէ՛։ Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ շատախօսութեան մէջ կայ միշտ «սո՛ւտ» մը, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ պարզ։ Եթէ մարդ շատ խօսի, դատարկ կը խօսի, քանի որ ճշմարտութիւնը քիչին մէ՛ջն է եւ այդ պատճառով ալ արժէք կը ներկայացնէ։ Սուտը բազմատեսակ է եւ կը սպրդի դատարկախօսութեան մէջ, եւ կը գործէ աննպաստ կերպով։ Դատարկ խօսքերու մէջ միշտ կա՛յ ատելութեան սերմանում, քանի որ մարդ ի վերջոյ կը յայտնէ իր սրտին մէջ պահած «չար»ը՝ շատախօսութեան ընթացքին։
Զգուշանալ պէտք է շատախօսութենէ, քանի որ այդ շատախօսութեան մէջ «չար»ին միջամտութիւնը երբեմն անխուսափելի՛ կ՚ըլլայ։
Եթէ կ՚ուզենք խաղաղ, ներդաշնակուած, համերաշխ կեանք մը ապրիլ այս անցաւոր եւ ժամանակաւոր աշխարհի վրայ, պէտք է կշռենք մեր խօսքերը, ինչպէս կ՚ըսեն՝ տասն անգամ խորհինք եւ մէկ անգամ, վճռական խօսինք։ Մեր խօսքերը պէտք է միշտ շինի՛չ ըլլան. արժանապատուութիւն վիրաւորող ամէն խօսքերէ պէտք է հեռո՛ւ մնալ։ Ամէն տեսակ դատարկաբանութիւն կրնայ գտնուիլ շատախօսութեան մէջ։
Եւ երբ լեզուն կը դադրի ճշմարտութիւնը խօսելէ՝ կը դառնայ ունայնախօս։
Շատախօսութիւնը երբ ճշմարտութիւնը չի խօսիր, այն ատեն, ահաւասիկ խօսքերը կը խճողուին եւ կը ստեղծեն աղմո՛ւկ մը, զոր կ՚անհանգստացնէ մարդը։ Եւ մա՛րդ չի փափաքիր ապրիլ խլացուցիչ ու խառնակ ձայներու մէջ՝ վայնասուն գոռումներու մէջ, որոնք կ՚ենթադրեն ժխոր մը։ Հանդուրժողութիւնը կը պակսի հետզհետէ եւ կը սկսին բամբասանք եւ ամբաստանութիւններ՝ որոնք կը քանդեն ընկերային կեանքի շէնքը…։
Արդարեւ, կեանքի զբաղումներ արգելք կը հանդիսանան ներքին հոգեւոր մշակման։ Անշո՛ւշտ որ պիտի ըլլան զբաղումներ, բայց կարեւորը կեանքի զբաղումները եւ հոգեւոր կեանքը կարենալ ներդաշնակեցնելն է։ Այն որ կը յաջողի՝ ան մշակուած հոգի մը կ՚ունենայ։
Արդի մարդկութիւնը, ընդհանրապէս կորսնցուցած է զԱստուած, քանի որ առեղծուածաբար «գտած է ինքզինք»։ Բայց պէտք չէ՛ շփոթել «ինքզինք ճանչնալ»ը «ինքզինք գտած կարծել»ու հետ։ Արդէն եթէ մարդ կարենայ ճանչնալ ինքզինք, այն ատեն պիտի տեսնէ, թէ ինքզինք գտնել կարելի չէ։ Սակայն մարդ, ամբարտաւանօրէն, ինքզինք Աստուծոյ տեղը կը դնէ։
Այսպէս, ահաւասիկ հոգեւոր կեանքի, կրօնքի հիմերը կորսնցուցած են իրենց խարիսխը հոգեւոր ժայռերու վրայէն՝ փոխադրուած են աւազուտ տեղեր։
Ուրեմն մարդ պէտք է գիտնայ լռել, երբ կը խօսի Աստուած։ Արդարեւ, լռութիւնն ալ ունի իր խօսող լեզուն՝ սակայն կրնայ լսել միայն հոգի՛ն։
Բնութեան մէջ՝ Աստուած յաճախ կը խօսի «լռութեան լեզու»ով։ Եւ մարդ՝ եթէ Աստուծոյ ձայնը պիտի լսէ, ինք լռելո՛ւ է։ Աստուծոյ առջեւ պէտք է լո՛ւռ կանգնիլ. Ան երբեք չի դադրիր խօսելէ, բայց մա՛րդ լռելու է, որպէսզի լսէ…։
Ուշադրութիւն դարձնենք սա իրականութեան. մարդ, կրօնքի հիմունքը ըրած է ի՛ր խօսածը, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ խօսածը։ Դիտեցէք՝ կազմակերպուած կրօնքի բոլոր արարողութիւնները, անոնց մէջ գլխաւոր դերակատարը մա՛րդն է. մարդ իր ամբողջ պաշտամունքներուն մէջ պահ մը իսկ պատեհութիւն չի տար Աստուծոյ, որ Ի՛նք խօսի իրեն եւ ինք՝ մարդը լսէ։
Դիտեցէ՛ք, դարձեալ սիրելինե՜ր, դիտեցէ՛ք եկեղեցիները՝ զԱստուած եւս իբրեւ վեհափառ ունկնդիր մը, կը նստեցնենք «ժողովուրդ»ին հետ։ Նոյնիսկ «քարոզ» կը կարդանք Աստուծոյ, երբեմն ալ կը յանդգնինք քննադատելու Անոր գործերը եւ տնօրինութիւնները, եւ կը փորձենք շատ անգամ մեր «խելք»ը փոխ տալ Անոր, որպէսզի սրբագրէ Իր «վրիպում»ները Իր դատումներուն եւ վճիռներուն մէջ, Իր տիեզերական կառավարութեան մէջ։
Էականապէս զԱստուած կարելի է պաշտել «հոգիով ու ճշմարտութեամբ», եւ ո՛չ թէ ծէսերու եւ արարողութիւններու բեմադրութեամբ մը։
Չե՛նք լսեր Աստուծոյ ձայնը, քանի որ մենք կը խօսինք միշտ՝ առանց լսելու, չենք լռեցներ մեր ձայնը եւ շարունակ կը խօսինք, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի լսենք զԱստուած։
Պատեհութիւն տանք Աստուծոյ, որ Ինք մե՛զ գտնէ, քանի մենք կորսնցուցած ենք զԻնք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 20, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024