ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՆՀԱՃՈՅ ԵՐԵՍԸ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք կեանքի անհաճոյ կողմին եւ կը յայտնենք մեր մտահոգութիւնները այդ մասին։ Բայց ասիկա երբեք յոռետեսութիւն պէտք չէ՛ նկատուի, այլ՝ իրատեսութիւն, քանի որ կեանքը ունի նաեւ անհաճոյ կողմ մը՝ որուն պէտք է ենթարկուի մարդ, որ կ՚ապրի կեանքը այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ, միշտ կը կրկնենք՝ աշխարհ երբեք վարդաստան մը, հանգստաւէտ, անդորր միջավայր մը չէ, եւ ո՛չ ոք կրնայ խոստանալ այդպիսի աշխարհ մը՝ ուր կարելի պիտի ըլլար ապրիլ խաղաղութեան մէջ։
Դարձեալ, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, Յիսուս Ինք կ՚ըսէ, թէ նեղութիւններ պիտի ըլլան այս աշխարհի վրայ, եւ ասոր համար կը յանձնարարէ քա՛ջ ըլլալ։
«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, քանի որ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Կան ընդհանրապէս մարդիկ, որ տեւական դժգոհ են. կը տրտնջեն, կը գանգատին շարունակ։ Բայց նոյն մարդիկ կ՚անտեսեն կեանքին հաճելի, ուրախ կողմերը եւ իրենց ապրած ուրախութիւնները։ Ահաւասիկ իրական յոռետեսները անո՛նք են՝ կեանքին միա՛յն անհաճոյ երեսը կը տեսնեն եւ կը կարծեն, թէ կեանքի մէջ միշտ նեղութիւն ապրած են։ Մինչդեռ մարդ պէտք է ապրի կեանքը իր բոլոր երեսներով, քանի որ կեանքը ա՛յս է…։
Կեանքին միայն լաւ կողմերը, հաճելի երեսը ընդունիլ, եւ նեղութիւն պատճառող, տհաճ կողմերը անտեսել բնութեան հակառակ է. մարդ միայն ուրախանալու, զուարճանալու կամ հանգիստ ապրելու համար չէ՛ եկած աշխարհ։
Խորհեցէք, սիրելի բարեկամներ, եթէ կեանքը տեւական հանգիստ, շարունակ զուարճութիւն եւ ուրախութիւն ըլլար՝ մարդ կրնա՞ր հասկնալ անոնց արժէքը։
Արդարեւ կեանքը իմաստաւորողները, գեղեցկացնողները՝ հակադրութիւններն են, որոնք կը ներդաշնակեն զայն։ Եւ դարձեալ խորհեցէք, սիրելիներ, հիւանդ մը երբ բժշկուի, շատ աւելի երջանիկ կ՚ըլլայ, քան տեւական առողջ մէկը, որ երբեք հիւանդացած չէ եւ այդ իսկ պատճառով, առողջութիւնը սովորական բան մըն է իրեն համար, որուն արժէքը շատ ալ չի հասկնար։
Մութէն լոյս ելլե՞լ աւելի հաճելի է, թէ տեւապէս լոյսի մէջ ըլլալ։ Տեւական ճերմակը աւելի հաճելի՞ է, քան սեւ եւ ճերմակը միատեղ՝ որ կը ներդաշնակեն, կը հաւասարակշռեն կեանքը այս աշխարհի վրայ։
Եւ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ. «Լա՛ւ գիտցէ՛ք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ, դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։ Կին մը երբ պիտի ծնի՝ ցաւ կը քաշէ, քանի ծննդաբերութեան ժամանակը հասա՛ծ է, բայց երախային ծնունդէն ետք այլեւս իր նեղութիւնները չի յիշեր այդ ուրախութեան պատճառով՝ որ մարդ մը աշխարհ եկաւ» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 20-21)։
Նոյնն է պարագան այն ամէն անհատին համար, որ նեղութիւն կը կրէ, բայց վստա՛հ է, որ այդ նեղութեան վերջաւորութեան իրեն կը սպասէ ուրախութիւն…։
Արդարեւ խելացութիւն է, խոհեմութիւն է չափով մը մոռնալ անցեալ նեղութիւնները՝ չյիշել զանոնք կարելի եղած չափով։
Նեղութիւններուն ազդեցութիւնը եւ տպաւորութիւնը պէտք չէ՛ փոխադրել ներկային, որ բնականաբար պիտի տպաւորէ նաեւ ապագան։ Ուստի նեղութիւնները պէտք է թողուլ անցեալի մէջ, հոն՝ ուր վերջացած են։
Ուստի խելացութիւն չէ՛ մեր անցեալ կեանքին բոլոր անհաճոյ պատահարներու յիշատակները վերյիշել՝ անոնց անօրէնութիւններն ու յուսախաբութիւններ, եւայլն, անոնց վրայ խօսիլ, մտահոգուիլ՝ լալ ու ողբալ՝ մինչեւ որ ա՛լ անյոյս ընկճուինք։
Օգուտ չունի՛ անցեալ անհաճոյ դէպքերուն վրայ միտք յոգնեցնել, քանի որ այդ ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ կեանքի ընթացքին։ Անշուշտ անցեալ դէպքերէն պէ՛տք է դաս առնել, յոռի օրինակներ ալ լաւ օրինակ կրնան ըլլալ շատ անգամ հակառակ անոնց՝ որ կը կարծեն, թէ յոռի օրինակը «օրինակ» կարելի չէ համարել։ Անցեալի սխալներէն, անյաջողութիւններէն դաս առնել՝ յոռի օրինակով սրբագրուիլ չի՞ նշանակեր։ Ուրեմն, այո՛, կերպով մը չխորհինք անցեալ անհաճոյ պատահարներուն վրայ, բայց նաեւ դաս առնենք, օգ-տըւինք անոնցմէ…։
Յուսահատ մարդը միշտ կառչած կը մնայ անցեալին վրայ՝ չ՚ապրիր ո՛չ ներկան, ոչ ալ ապագան, այլ ան կ՚ապրի միշտ անցեալի մէջ։ Յուսահատ հոգին խաւարներու մէջ կ՚ապրի, մութով լեցուն է, ան իրմէ կը վանէ յոյսը, սէրը, ճշմարտութիւնը՝ որ մէկ խօսքով՝ Աստուծոյ լոյսը, եւ ստուեր կը ձգէ ուրիշներու լուսաւոր ճամբուն վրայ։
Յուսահատութեան բնական հետեւանքն է՝ յուսալքութի՛ւն, որ անիմաստ կը դարձնէ կեանքը։
Գոհութի՜ւն Աստուծոյ բոլոր լուսաւոր, յստակ եւ փայլուն պատկերներուն համար՝ զորս Ան ներկայացուցած է մեզի։
Ուրեմն լուսաւորենք մեր կեանքը այդ լոյսով՝ լուսաւորուինք մեր կեանքի ճամբուն մէջ։
Կարող ըլլանք յարաժամ նայիլ կեանքին հաճելի եւ լուսաւոր երեսին։ Մարդ պէտք չէ վախնայ անկում կրելէ, այլ պէտք է վախնայ անկում կրելէ վերջ կանգնելու զօրութենէն ու կարողութենէն զուրկ ըլլալէ…։
Չվախնանք նաեւ նեղութիւններ, դժուարութիւններ ունենալէ, այլ վախնանք՝ նեղութիւններէ, դժուարութիւններէ ազատելու ուժ ու կարողութիւն չունենալէ՝ յուսահատելէ ու յուսալքուելէ, անցեալի տհաճութիւնները փոխադրելէ ներկային, եւ ապրիլ տեւապէս անոնց հետ։
Անկեալ մարդկութիւնը արժանի՛ է բարձրանալու կործանման անդունդէն՝ որուն մէջ կը գտնուի իր իսկ սխալներուն պատճառով։ Մարդուն տեղը երբեք անդունդը չէ՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 16, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024