ՔՍՈՒ ԴԱՏԱՐԿԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ժողովուրդը, նախքան հաղորդուիլ, հոգեւորականին կը խոստովանի իր մեղքերը եւ թողութիւն կը խնդրէ։ Անոր համար կը կարդացուի բանաձեւուած մեղաներու երկար բովանդակութիւն մը՝ համրուած զանազան մեղքեր։ Մեղաներու այս բովանդակութիւնը անշուշտ չի պարունակեր բոլոր մեղքերը, անոնք միայն առհասարակ սովորական դարձած մեղքերն են, ինչ որ կարելի է այդ թուարկուածներէն զատ մեղքեր ալ գտնուին։ Հարցում. այդ համրուածներէն դուրս ենթական եթէ մեղք մը գործած է, հազուադէպ ալ ըլլայ միշտ հաւանական պէտք է նկատել, ինչո՞ւ չըլլայ, ապա ուրեմն իր մեղքը խոստովանած պիտի ըլլա՞յ։
Իսկ երկրորդ հարց մը սա է. խոստովանողը կարդացուած ամէն մեղքը իր իսկական իմաստով հասկնալու կարելիութիւնը ունի՞։ Մասնագիտութիւն պահանջող արուեստային (technique) բառեր շատ անգամ անհասկնալի կ՚ըլլան խոստովանողի համար, նոյնիսկ անոնք աշխարհաբար լեզուով արտասանուին։ Հարցում. առանց իմաստը հասկնալու կարելի՞ է խոստովանած համարել ենթական։ Փորձառութիւնը մեզի կը պարտադրէ հարցնել այս երկու հարցումները, քանի որ անգիտակցօրէն կատարուած որեւէ գործ երբեք նպատակայարմար արդիւնք մը չ՚ունենար, քանի որ մարդ բանաւոր, խորհող, դատող, որոշող եւ ըստ այնմ կեանքին ընթացք տուող էակ մըն է, եւ ո՛չ մէկ գործ պէտք է մեքենաբար եւ կոյրզկուրայն կատարէ, եւ մանաւանդ իր հոգեւոր ներքին աշխարհը հետաքրքրող արարքները պէ՛տք է գիտակցաբար, ազատօրէն կատարէ։ Եւ երբ կը կարդացուի մեղքերու շարոց մը եւ կը պարտադրուի, որ ամէն անգամուն խոստովանողը «մեղա՜յ» ըսէ, ասիկա պարզապէս ձեւապարտութիւն մը չէ՞։ Ենթական, ընդհանրապէս առանց հասկնալու երբ այդ թուարկուած մեղքերուն փոխարէն «մեղա՜յ» կ՚ըսէ, իրապէս խոստովանած կ՚ըլլա՞յ։ Կ՚արժէ խորհիլ…։
Մենք, անարժանաբար, եւ թերեւս երբեմն յանդգնութիւն ցոյց տալով եւ մեր չափէն ու կշիռէն դուրս գալով, մեր համեստ փորձառութեամբ նկատած կարգ մը հարցերու լուծման համար դիտողութիւններ ներկայացուցինք։ Բայց կ՚երեւի մեր մելանը անգոյն է եւ գրութիւնները անընթեռնելի՛…։
Սա կարելի է ըսել՝ ժողովուրդը լուսաբանել հոգեւորականին առաջնակարգ պարտականութիւնն է, եւ այս մասին հոգեւորականին լուրջ պարտաւորութիւն եւ ծանր պատասխանատուութիւն կը վերաբերի։ Իրաւունք ունին այդպէս խորհողները, եթէ իւրաքանչիւրը հաւատարիմ ըլլայ իր պարտականութեան ու գիտակից՝ իր պատասխանատուութեան։ Ուրեմն ժողովուրդին մեքենաբար շարժելուն պատճառներէն մին, եւ կարեւորագոյնն է, իրենց պէտք եղած տեղեկութիւններու զլացումը, դժբախտաբար։
Ուրեմն, մենք մեր կարգին, ընդունելով այս թերութիւնը եւ խոստովանելով որ մէկ կողմը մեղադրելէ առաջ մարդ նախ ինքզինք պէտք է քննէ, կ՚ուզենք կարդացուած մեղքերու շարանէն հատուած մը առնել եւ կարելի եղած չափով լուսաբանել, բացատրել ջանալ։
Պատահաբար ընտրեցինք «Քսու դատարկաբանութիւն» խօսքը, ինչպէս գրութեան վերնագիրն է։
«Քսու դատարկաբանութիւն» կը նշանակէ՝ հրահրող դատարկախօսութիւն, այսինքն պարապ խօսքերով խօսք տանիլ-բերել, քծնիլ։ Այս մեղքը կ՚ենթադրէ մէկու մը դէմ գրգռող աշխատանք, մէկը միւսին դէմ հանելու խօսքեր, որոնք շատ անգամ անհիմն են ու հակառա՛կ իրականութեան։ Քսու դատարկաբանութիւնը պարզապէս ատելութեան սերմանում է։ Դատարկաբանութիւնը, որ ենթակային շատ անգամ «անիմաստ հաճոյք» մը կը պատճառէ, հետզհետէ կը վերածուի քսուութեան՝ որ կը ստեղծէ բաժանումներ, երկպառակութիւններ, թշնամութիւններ։ Արդէն պարապ, անիմաստ խօսքէն ի՞նչ օգուտ կարելի է ձեռք բերել, բայց միայն վնաս։ Ուստի զգուշանալո՛ւ է այս վնասակար արարքէն ու հեռանա՜լ ամէն տեսակ պարապ, սնամէջ խօսակցութիւններէ։ Արդարեւ երբ լազուն կը դադրի ճշմարտութիւնը խօսելէ՝ կը դառնայ ունայնախօ՛ս։
Արդ, երբ խոստովանելու մտադրութեամբ կը մօտենանք հոգեւորականին, արդեօք կը խորհինք, որ «քսու դատարկաբանութիւն»ը ո՜րքան սովորական դարձած է մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Երբ կը խոստովանինք, արդեօք որքան ժամանակ վերջ կը շարունակենք մեր սովորութիւնը եւ թերեւս անմիջապէս կը սկսինք դարձեալ պարապ պարապ խօսիլ…։ Ինչո՞ւ, քանի որ մենք մեր խոստովանածներուն չենք անդրադարձած եւ մեքենաբար «մեղա՜յ» ըսած ենք՝ առանց գիտակցելու, թէ ի՛նչ բանի համար «մեղա՜յ» կ՚ըսենք։ Անշուշտ ամէնքին համար չէ՛ մեր խօսքը, այլապէս մեծ անիրաւութիւն ըրած կ՚ըլլանք։ Բայց դժբախտաբար կարեւոր մաս մը ժողովուրդէն «մեղա՜յ»ն կ՚արտասանէ մեքենաբար, ձեւապաշտօրէն եւ պարզապէս առանց հասկնալու, թէ ի՛նչ բանի համար «մեղա՜յ» ըսած է։ Ցաւալի՜ չէ՞…։
Մենք կը վկայենք անձերու, որոնք վերջին պահուն, երբեմն առանց խոստովանելու կը մօտենան Սրբութեան, հաղորդուելու համար։ Այս իսկ ցոյց կու տայ, թէ շատեր, կամ ըսենք՝ ոմանք գիտակցութիւնը չունին հաղորդուելու սրբութեան եւ Հաղորդութեան խորհուրդին։ Ոմանք ալ, ինչպէս շատ անգամ վկայած ենք, կու գան, խոստովանողներու կարգին իրենց «ներկայութիւն»ը ցոյց կու տան, առանց նոյնիսկ «մեղա՜յ»ներ արտասանելու կը կանգնին, յետոյ կը հեռանան առանց հաղորդուելու։ Երբ առիթը ունեցանք անոնց հարցնելու, թէ ինչո՞ւ խոստովանութեան ներկայ գտնուեցան առանց «մեղա՜յ»ներու մասնակցելու եւ արտասանելու, եւ յետոյ առանց հաղորդուելու հեռացան եկեղեցիէն, պատասխանը կ՚ապշեցնէ մեզ. «Այդ ձեր կարդացածը աղօթք չէ՞ր։ Մենք մեր վրայ աղօթք կարդացուելէ ետք մեկնեցանք եկեղեցիէն»։ Եւ ասիկա կը պատահի երբ Սուրբ Պատարագը կը շարունակուի։
Ուրեմն ոմանց պէտք է հարցնել, ինչո՞ւ եկեղեցի կը յաճախէք։ Եւ անոնց պատասխանը պատրա՛ստ է. «Սովորութիւն եղած է, մենք ամէն Կիրակի եկեղեցի կու գանք», եւ ոմանք կ՚աւելցնեն, կարծես շատ շիտակ բան մը ըրած են. «Եթէ եկեղեցի չյաճախենք, մենք զմեզ անհանգիստ կը զգանք, եւ երբ եկեղեցի կու գանք, կը հանգստանանք եւ կը թեթեւնանք…»։ Անոնց համար ուրեմն եկեղեցին «հանգստարան» մըն է եւ կամ զբօսավայր մը՝ ուր «հաճելի ժամանակ» մը կ՚անցընեն, եւ իրենց խօսքով «կը թեթեւնան»։ Խե՜ղճ մտայնութիւն, եւ այսպիսիներ իրենք զիրենք «հաւատացեալ» կամ «հաւատարիմ հաւատաւոր» կ՚անուանեն…։
Ո՛չ, սիրելինե՜ր, եկեղեցին հանգստանալու, թեթեւնալու, ժամանցի եւ զբօսնելու վայր չէ՛. ան աղօթքի Տո՛ւն է, Քրիստոսը ապրելո՛ւ, Քրիստոսը վայելելո՛ւ, Անոր ներկայութիւնը ըմբոշխնելու, ճաշակելու սուրբ վա՛յրն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս, 8, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024