ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ
Մինչեւ օրս բազմիցս բարձրաձայնած ենք սփիւռքի մէջ գրեթէ ամէն օր շարունակուող լեզուի նահանջի մասին. աւելի քան կէս դար հայ մամուլը իր մտահոգութիւնը յայտնած ու պէտք եղածէն շատ աւելի բարձրաձայնած է. սակայն այսօր կու գանք տարբեր մտահոգութեամբ. ո՛չ միայն սփիւռքի, հայրենիքի մէջ եւս վտանգուած է հայոց լեզուի ապագան:
Անցեալին ցաւը միայն սփիւռքն էր. յոյս կար, որ հայրենիքը ի՛նք պաշտպան հանդիսանայ եւ ցրուէ այդ վտանգը, սակայն այդպէս չեղաւ. հայրենիքի մէջ եւս լեզուն սկսաւ աղաւաղուիլ եւ սփիւռք ու հայրենիք միասնաբար նահանջեցին: Իր հայկականութիւնն ու ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին դիմաց հայրենիքին օգնութիւնը կը հայցէր, իսկ հայրենիքը իր թշուառութեան դիմաց սփիւռքի օժանդակութիւնը հայցեց... եւ այսպէս երկու թշուառ մէկզմէկու թշուառութիւնը վերացնել փորձեցին: Եւ հիմա այս դժբախտ ճշմարտութեան դիմաց լուրջ մտահոգութիւն է լեզուի ապագան... որո՞ւ պէտք է վստահիլ լեզուն. սփիւռքի՞ն, թէ Հայաստանին:
Տակաւին 2007 թուականին սփիւռքի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հռչակեց «Հայ լեզուի տարի», ըսելով՝ «Ազգեր կը գոյատեւեն ժամանակի ու միջոցին մէջ իրենց իւրայատուկ ինքնութեամբ». իսկ ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէ հայ ժողովուրդը, երբ կորուստի դատապարտուած է այդ ինքնութիւնը՝ որ մեզ հայ ըլլալու արժանի կը դարձնէ: Ի՞նչ ընէ ազգութիւնը, երբ իր զաւակները երկու երեսներու վրայ՝ որպէս սփիւռք ու հայրենիք մահամերձ վիճակ մը կը ներկայացնէ. որո՞ւ ցաւին դիմանայ:
Որոշ տեղ մը, սփիւռքի մէջ լեզուի աղաւաղումը սխալ նկատելով հանդերձ ընդունելի կը գտնենք, պարզ այն պատճառով, որ օտարութեան մէջ օտար մշակոյթը կամայ թէ ակամայ կ՚իշխէ եւ այդ մէկը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ լեզուամտածողութեան վրայ. սակայն հայրենիքի՞ մէջ. վստահաբար պիտի ըլլան շատեր, որոնք յիշեցնեն Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ գտնուիլը, սակայն նորութիւն մը պիտի չըլլայ ըսել, թէ այդ «գերութիւն»էն աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր ազատուած է Հայաստանը եւ այդ երեսուն տարուան մէջ այսպէս կամ այնպէս կարելի էր ձերբազատուիլ այդ ազդեցութիւններէն. գուցէ ազատուելու փորձեր կատարել:
Մենք այդ անխոնջ պայքարը տեսած ենք սփիւռքի մէջ, մամուլի, հայկական դպրոցներու եւ կուսակցական եւ ոչ-կուսակցական կազմակերպութիւններու ճամբով. հայրենիքի մէջ այդ պայքարը այդքան ալ տեսանելի չէ եղած, գուցէ պարզ այն պատճառով, որ հայրենիքի մէջ մարդ աւելի հայ կրնայ զգալ ինքզինք՝ քան այլուր եւ հետեւաբար լեզուն աւելի անաղարտ կը պահէ: Սփիւռքի մէջ կար այն քարացած համոզումը, որ Հայաստանը պաշտպան կը կանգնի հայ ժողովուրդի ընդհանուր ժառանգին։ Կենդանի դժոխքը իր սեփական աչքերով տեսած ժողովուրդի մը միակ յոյսը իր հայրենիքն էր, որուն ճամբով սփիւռքի մէջ եւս պիտի ծաղկէր նոր հայրենիք մը՝ նոր սերունդով, հա՛յ սերունդով: Սակայն այդ յոյսերը ի թերեւ ելան. ժամանակի ընթացքին հայրենիքը ինքնութեամբ սրբավայր դառնալու փոխարէն սփիւռքի հետ միատեղ սկսաւ նահանջ արձանագրել եւ այսպիսով հայկականութեան ինքնութեան կորուստի սպառնալիքը ո՛չ միայն սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն, այլեւ հայրենիքի հայերուն համար վտանգ մը սկսաւ դառնալ: Սփիւռքի օգնութիւն հայցելը տրամաբանական էր, որովհետեւ անոնց համար Հայաստանը հայութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշ էր. սփիւռքի համար Հայաստանն էր պաշտպանը, իսկ հայրենիքի համար՝ սփիւռքը... եւ այսպիսով կորսուեցաւ կապը պաշտպանի եւ պաշտպանուածի միջեւ եւ անոնք յայտնուեցան նոյն դիրքին վրայ: Այլ խօսքով՝ սփիւռքի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները հայրենիքի առջեւ եւս ծառացան:
Իրականութեան մէջ հայրենիքէ ներս տեղի ունեցած լեզուի աղաւաղումը մեզ աւելիով կը մտահոգէ, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս գիտենք, թէ ժամանակ մը ետք հայկական սփիւռքը (հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն) պիտի վերանայ. եթէ կան անձեր, որոնք կը կասկածին, թող աչքէ անցընեն մեր այսօրուան սփիւռքը եւ փորձեն համեմատել անցեալին հետ. պիտի տեսնեն նօսրացում, որովհետեւ սփիւռքի մէջ օրէ օր հայը քայլ մը աւելիով կը մերկանայ իր հայութենէն:
Փոխադարձ օգնութեան կոչ մը պարզապէս յուսահատութիւն է. եթէ հայրենիքը ի՛նք պիտի չըլլայ մեր ինքնութեան պաշտպանը, ապա որո՞ւ վստահիլ: Գուցէ շատեր ուզեն գիտնալ, թէ հայրենիքի պաշտպան չըլլալը ինչո՞վ կը նկարագրենք. այսօր հայրենիքի մէջ եւս վտանգուած է մեր լեզուն, մեր մշակոյթը՝ որ մեր ինքնութեան երկու ամենէն կարեւոր սիւներն են. այսօր հայրենիքի մէջ շա՜տ շատեր չեն տիրապետեր հայերէն ուղղագրութեան. ուղղագրութենէն անդին անոնց գործածած բառերուն կէսէն աւելին օտար բառեր են. օրինակ մը տալու համար մէջբերենք. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մէկ նկարին տակ հայորդի մը հետեւեալ գրառումը կ՚ընէ (կը մէջբերենք առանց փոփոխութեան). «Խի՞ միայն հակսկսոռուպցցան են ձախողել, բա ձեր թիմի կոռոպցիան»։ Մօտաւորապէս եօթ-ութ բառերէ կազմուած նախադասութիւն մըն է. ո՞ր մէկը հայերէն է. «Խի՞»ն, թէ ոչ «Կոռուպցցան». իսկ «թի՞մ»ը... ուրիշ մը վարչապետը կը կոչէ «մուտիլովչիկ», ուրիշ մը «նաֆարիտ» կը կոչէ. թէ ինչ կը նշանակեն՝ չենք գիտեր: Այսքանը լեզուական առումով. իսկ մշակութայի՞ն... վերջին տասնամեակի հայ երաժշտութեան տիտանները ձեզի որպէս պատասխան... հո՛ն փորձեցէք գտնել հայ մշակոյթի մասունքները։ Դպրոցական դասագիրքերէն կրօնի դասերու վերացումը, Հայոց պատմութեան առարկայի դասաժամերու կրճատումը ձեզի պատասխան:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մազերը ինչո՞ւ կը ճերմկին:
Պատասխան. Մազերը կը ճերմկին մազերուն մէջ գտնուող որոշ բջիջներու կորուստին պատճառով. տարիքին հետ միասին այդ բջիջները աւելի կը կորսուին, որուն պատճառով մազերը կը սկսին ճերմկիլ: Սակայն ճերմակութեան այլ պատճառ մըն է նաեւ նեղութիւնը. արագ ճերմկիլը ժառանգական ալ կրնայ ըլլալ: Ըստ էութեան մազերու ճերմակութիւնը ծերութեան բնական ընթացքին մաս կը կազմէ, որովհետեւ ինչքան մարդ արարած մեծնայ, այդքան բջիջները կը տկարանան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024