ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՍԿԻԶԲԸ
«Նոր տարի» մը՝ նոր կեանքի մը առաջին օրն է, որ մարդուս կ՚աւետէ նորոգուած, բարեփոխուած նոր շրջան մը։ Երանի՜ անոնց, որ գիտեն օգտագործել այդ նորութիւնը իրենց կեանքէն ներս։ Արդարեւ, «Նոր»ը դիմաւորել չի բաւեր, այլ պէտք է իւրացնե՛լ, օգտագործել, առիթ մը նկատել զայն, էապէս նորոգուելու։ Պէ՛տք է խորանայ մարդ՝ երեւոյթին մէջ, իմաստին հասնի եւ ըստ այնմ որոշէ իր կեանքի ընթացքը։
Իրաւամբ կ՚ըսուի, թէ Աստուած ինքզինք կը ճանչնայ ստեղծելով, այսինքն Ինքզինք ըլլալո՛վ։ Մարդն ալ՝ այն ատեն կը կատարելագործուի, կը զօրանայ եւ անթերի կ՚ըլլայ երբ անդրադառնայ իր էութեան, ինչ որ կ՚ենթադրէ նորոգուի՛լ։
Արդարեւ սկիզբը եւ վերջը՝ ծնիլը եւ մեռնիլը փոխադարձ երեսներ են յաւիտենական նորոգումի մը։ Եւ այս «յաւիտենական նորոգում»ը՝ արդիական ու իրական անդրադարձ մըն է յաւիտենական անդրադարձէն, ինչպէս կ՚անուանէ Ֆ. Նիչէ։
Այս ուղղութեամբ՝ մեռնելու, այսինքն կեանքը աւարտելու, եւ մանաւանդ ծնելու իրողութիւնները, որպէս բնական երեւոյթ, մէկ մէկ բեւեռներ կը դառնան՝ որոնց կապուած է մարդկային կեանքի ամէն մէկ կտորը, մասը։ Ուրեմն «շրջան» մըն է, որ կը կատարուի նորոգութեան եւ վերանորոգութեան անվերջ շրջան մը՝ որ ծրագրուած է աստուածային ընդհանուր ստեղծագործութեամբ։ Սկիզբը՝ ծնունդը մեկնակէտն է այս սկզբունքին, այս գաղափարաբանութեան։
«Նոր Տարի»ն ժամանակի տարածութեան մէջ հանգրուան մըն է, որ յաւիտենականութեան մաս կը կազմէ։
Ուստի «Նոր տարի»ի ըմբռնումը պէտք է անդրադարձնէ մարդուն՝ թէ ան յաւիտենականութեան ճամբուն վրայ անկիւնաքար մը, հանգրուան մըն է…։
Ժամանակը անհասկնալի կ՚ըլլայ, երբ Միտքը չներգործէ անոր գաղափարին մէջ՝ ուր կարելի պիտի ըլլայ վայելել ապրումներ, որ մարդս կ՚առաջնորդեն մեծ Խորհուրդին։ Բայց յաւակնութիւն կ՚ըլլայ, երբ մարդ խորհի՝ թէ միտքը լուծած է «Խորհուրդ»ը իր ամբողջութեանը մէջ։ Ո՛չ, քանի որ միտքը ունի սահման, չափ ու կշիռ, որոնց միջոցով կը հասնի միայն հոն՝ որուն սահմանուած է։ Սակայն կրնայ միտքը քաղել մասնիկներ Խորհուրդէն՝ որոնք կը յայտնեն Անոր էութիւնը։ Եւ այդ մասնիկներն են, որ մարդուս սեւեռումները մասամբ կը հասցնեն իրենց նպատակին։
Մարդկային կեանքը եւ լայն առումով «կեանք»ը ունի երկու մասեր. մին կրկնուող մասը, իսկ միւսը՝ նորոգուող մասը։ Կրկնուող մասը գրեթէ ամուլ մէկ շրջան մըն է, եւ կ՚արդարացնէ այն մտածումը՝ թէ կեանքը կրկնութիւններու անվերջ ընթա՛ցք մըն է։
Կեանքի նորոգուող մա՛սն է, որ կեանքին կու տայ տեւականութիւն եւ կենդանութիւն։ Այս կը նշանակէ՝ նորին մէջ թողուլ անցեալէն այն, ի՛նչ որ օգտակար է եւ իրագործելի, եւ զատելու ու զտելու այն՝ ի՛նչ որ անպէտ է այլեւս եւ հինցած՝ անգործածելի՛։ Ահաւասիկ հո՛ս է կարեւորութիւնը՝ աւանդապահութեան եւ աւանդապաշտութեան, թէ ո՛ր մէկը պէտք է պահել եւ ՛որ մէկը՝ այլեւս անգործածելի տարր նկատել եւ ձգել։ Աւանդապահութիւնը խոհեմութիւն, ողջմտութիւն է, օգտակար ներկային կազմաւորման, իսկ աւանդապաշտութիւնը՝ մոլորութիւն, յետադիմութիւն եւ խաւարամտութի՛ւն։
Ուստի անցեալին մէջ կա՛ն բաներ՝ որոնցմով մարմնաւորուած կազմաւորուած ու բիւրեղացած է յաւերժական կեանքը՝ էականը եւ կենսականը։ Անցեալին մէջ, ուրեմն կան տարրական, բարձր երեւոյթներ՝ որոնք դէպի ապագայ կը ներշնչեն, նոր ոգի եւ նոր կեանք խոստանալով համայն մարդկութեան։ Եւ ահաւասիկ, այս ոգին է որ մարդս կ՚առաջնորդէ անծանօթ ապագայի մը լուսաւոր սկիզբին, իր մէջ տեղաւորելով իր նորութիւնը։ Նորը օգտակա՞ր է թէ վնասարար, այդ է հարցը, որ կարելի է լուծել մարդուն բանականութեամբ ու գործադրութեամբ իրեն շնորհուած «ազատ կամք»ով։ Չարը ու բարին, վնասարարը եւ օգտակարը, խաւարը եւ լոյսը պէտք է զանազանէ մարդ, եւ իր բանականութեամբ եւ ազատ կամքով ընտրէ անոնցմէ մին եւ ըստ այնմ յառաջանայ կեանքին անվերջ ճամբուն վրայ՝ կրկնելով նոյնը կամ նորոգուելով նորով։ Ազա՛տ է մարդ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 5, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024