ՄԱՀՈՒԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ
Մարդիկ միշտ խորհած են մահուան մասին, բայց մահուան վրայ մտածել դժուար եղած է միշտ։ Կեանքին անխուսափելի ճշմարտութիւնն է մահը. ծնունդը պատահական է, բայց մահը՝ վճռակա՛ն։ Այս իմաստով՝ ծնունդը մահուան առաջին քայլն է, եւ որքան ալ անընդունելի ըլլայ, ա՛յս է ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, որքան բարեբախտութիւն մըն է՝ մահուան խորհուրդին շատ ընտանի չըլլալը մտքին, նոյնչափ դժբախտութիւն պիտի ըլլար անոր բոլորովին անծանօթ ըլլալը մտածութեան։ Ուստի, մահուան ձայնը ներքին կեանքին անխուսափլի եւ անուրանալի իրականութի՛ւնն է։
Մահուան գաղափարին իսկական լուսաբանութիւնը քրիստոնէութեան սկզբունքներուն մէջն է. այն է, որ մահը հանգրուա՛ն մըն է միայն մարդ էակին գոյութեան մէջ։
Այս իմաստով՝ ո՛չ թէ կորուստ մը, այլ՝ անցքի դուռ մըն է, ուրկէ հոգին թռիչք կ՚առնէ դէպի անմահութեան աշխարհ, որ է յաւետանական երանելի՜ կեանք։ Արդարեւ, Աւետարանի ուսուցումը կը սորվեցնէ, թէ մահուան ճամբէն մարդ կ՚անցնի ճշմարտութեան՝ յաւիտենական արդարութեան, որուն կոչուած է ծնունդով իսկ։
Հին մարդը չունէր հանդերձեալ կեանքի պայծառ եւ յստակ ըմբռնումը՝ ճշմարիտ կեանքին բարձրագոյն գաղափարը։ Անոնց համար անմահութիւնը ուրիշ բան չէր՝ եթէ ոչ մարմինի կեանքին յաւերժացումը՝ որ հսկայական դամբարաններուն եւ մոմիայի իմաստը եւ պատճառն է։ Բայց մահուան գաղափարը, քրիստոնէական հաւատքին մէջ, ո՛չ միայն հանդերձեալին խորհուրդը լուսաւորեց, այլ եւ ազդեց երկրաւոր կեանքին՝ յաւիտենականին պատրաստութիւնը կատարելու համար զայն։
Ասոր համար է, որ գերեզմանները ոչ թէ տխրութեան եւ սարսափի վայր են մեզի համար, այլ սրբարաններ, անծածկոյթ եկեղեցիներ։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ անմահութիւնը աւելի շատ կը զգայ գերեզմաններու մէջ։ Այս իմաստով, շիրիմը բեմ մըն է, ուրկէ մահը թէ՛ անմահութիւն կը քարոզէ հաւատացեալին եւ թէ բարոյական՝ ներկայ կեանքին համար։ Ուստի, մեռնիլ կայ. արդարութիւն կայ։ Այս մասին Շաթորպիան կ՚ըսէ, թէ՝ մահուան միջոցաւ է որ բարոյականը աշխարհ մտաւ։ Ուրեմն, մահուան գաղափարը ողջախոհ եւ զգաստ կ՚ընէ մարդը՝ մաքուր եւ բարի կեանք մը ապրիլ կը թելադրէ անոր. կ՚օգնէ տիրանալու համար իմաստութեան, պատրանքերէն կը սրբէ հոգին, ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն կարճ է կեանքը՝ համեմատութեամբ պարտականութիւններուն, զորս մարդ պէտք է կատարէ անոր ընթացքին. կը հարկադրէ մարդը պզտիկ կիրքերով չլեցնել եւ չտարուիլ անիմաստ եւ աննպատակ զբաղումներով…
Եւ մահուան գաղափարը մարդս հեռու կը պահէ ոխակալութենէ, կը թելադրէ սիրտը չլեցնել քինախնդրութեամբ, այլ ներող ըլլալ մեր նմաններուն եւ լայնախոհ՝ կեանքի գործառնութիւններու մէջ։ Արդարեւ, ոխակալը երկու գերեզման կը փորէ. մէկը իրեն համար, միւսը՝ իր հակառակորդին համար։ Եւ այս իմաստով, ոխակալութիւնը՝ քինախնդրութիւնը երկսայրի սուր մըն է, որմէ պէտք է զգուշանալ, խուսափի՛լ։
Եւ մա՛հն է, որ մարդուս պիտի սորվեցնէ ապրիլ կեա՛նքը։ Բայց կեանքը ասիկա կատարելապէս սորվելու համար կարճ է եւ անբաւարար. ուստի, փոխանակ մահուան գաղափարէն հեռու ապրելու՝ պէտք է յաճախ մտածել մահուան վրայ, ընտանի ըլլալ այդ անխուսափելի ճշմարտութեան, եւ փոխանակ վախնալու՝ ջանալ օգտուիլ անոր դասերէն։ Մահը՝ աչքէն սիրտ գացող ճամբա՛ն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 15, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024