ՄԱՐԴԸ՝ ՓՈՔՐ ՏԻԵԶԵՐՔ ՄԸ
Մարդը՝ որ «փոքրիկ տիեզերք» մը կոչուած է, իր մէջ կը զգայ սակայն «անհունութեան» անհպելի սահմաններուն սաւառնող կարողութեան մը թռիչքը, իր մտքին սրաթռիչ թեւերովը մերթ կը խոյանայ դէպի երկինքի բարձրութիւններուն եւ մերթ կը մխրճուի երկրի ներքին մասը՝ ընդերքի մէջ եւ ովկիանոսներու անդնդախոր յատակը։
Ահաւասիկ, ա՛յս է մարդը՝ անհունութեան մէջ տարուբերուող «փոքրիկ տիզերք» մը։
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. մարդ իր ներքին-հոգեւոր աշխարհով եւ արտաքին-մարմնաւոր ամբողջութեամբ իրապէս անծայրածիր «տիեզերք» մը չէ՞։ Եւ մարդ, այս «տիեզերք»ին նմանութեամբ տեւապէս կը տարուբերուի, կ՚եթարկուի փոփոխութիւններու եւ կը վերիվայրի։ Ան երբեմն շատ բարձր է, երբեմն ալ շատ ցած։ Մարդ երբեմն կը բարձրանայ սրբութեան, երբեմն ալ ամենէն գարշելի, նողկալի վիճակներու կրնայ մատնուիլ. եւ ան միշտ նոյն «մարդ»ն է՝ տիեզերքի նմանութեամբ։
Մարդ գիտութեան եւ բանականութեան աչքերուն սեւեռումներովը կ՚ընդգրկէ հեռաւորներու անծանօթ խորհրդաւոր աշխարհներու ափունքները, եւ բնութեան թաքուն ուժերը դէպի վեր հանելով՝ կը գործածէ զանոնք այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզէ իր կամքը։ Մարդուն «ազատ կամք»ը կը վայելէ անհունութեան բարիքները, ինչպէս եւ տիեզերքը։
Ահաւասիկ, մարդ ոչ միայն կազմով, այլ եւ ազատութեամբ ալ կը նմանի տիեզերքին՝ ան անհուն եւ անծայրածիր միջոցին։ Անոր ձեռքերը երկրիս չորս ծայրերը կը կապեն իրարու հետ այնպէս՝ ինչպէս սարդի ոստայն մը տան մը մութ անկիւնը։ Եւ այսօր այս գիտութիւնը կրցած է փոխել մարդուն «ճակատագիր»ը եւ զայն կատարելագործել հոգեպէս։
Եւ այսօր, սիրելի՜ներ, դժբախտ չէ՞ք համարել զայն իր բոլոր այս կարծեցեալ եւ ենթադրեալ զարգացմանը եւ մտաւորական յառաջդիմութեանը մէջ, քանի որ բուն բարոյական մարդը չէ զարգացած իր մէջ եւ կը մնայ տակաւին իր տխուր անկումին մէջ։ Որովհետեւ, գիտութիւնը չէ՛ որ կը պակսի մարդուն, այլ բո՛ւն ներքին հոգեկան կեանքը՝ սրտի եւ զգացումի ճշմարիտ կեանքը. եւ առանց ներքին կեանքին փոփոխութեան միւս՝ արտաքին կամ մտաւորական փոփոխութիւնները կուտ մըն ալ չեն արժեր։ Ուստի, ներկայիս «արուեստական բանականութիւն» իրականութիւնը պէտք է գնահատուի եւ արժեւորուի «ներքին հոգեկան կեանք»ի իրականութեան լոյսին տակ։
Արդարեւ, արուեստականը կարելի՞ է, որ բնականին յատկութիւնները կրէ։
Յիսուսի Նիկոդիմոսէն պահանջած «նոր ծնունդ»ը բոլորովին տարբեր է գիտութեան մեր մտքին վրայ յառաջ բերած փոփոխութիւններէն եւ մարմնոյ ծնունդէն։ Յիսուս կը պահանջէ զարմանալի եւ հրաշալի փոփոխութիւն մը, եւ զայն «նոր ծնունդ» եւ «նոր կեանք» կ՚անուանէ։ Մենք մինչեւ որ այս հրաշալի փոփոխութիւնը իրապէս չզգանք մեր կեանքին մէջ, նոր ծնած չենք կրնար համարուիլ եւ կ՚ապրինք տակաւին «հին մարդ»ը՝ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած դժբախ մարդը։
Արդարեւ, քրիստոնէական վսեմ կրօնը՝ իր գործը ներսէն՝ սրտէն կը սկսի, եւ տակաւ կ՚ազդէ, կը տիրապետէ մեր զգացումներուն եւ մեր բովանդակ էութեան։ Անոր հեղինակին աչքը կը նայի շեշտակի եւ խորաթափանց նայուածքով մը դէպի ներս մեր հոգեկան կեանքին ներքնաշխարհին՝ ուր բացայա՛յտ կ՚երեւի մեր սրտին սրբութիւնը կամ թաքուն պղծութիւնը։
Ուստի, մարդ միայն բանականութիւն չէ, ան ունի նաեւ խիղճ, հոգեւոր ներքին կեանք. մարդ բանականութեան եւ զգացումներու մէջ ամբողջ մըն է, եւ ուրեմն արուեստական բանականութիւնը կարելի չէ՛ «մարդ» համարել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024