ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Մարդ երկ­խօ­սու­թեամբ միայն կը հաս­նի ճշմար­տու­թեան, ան այս մի­ջո­ցով է, որ կրնայ գտնել ճշմար­տու­թիւ­նը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ զորս ան­դա­դար փնտռած է դա­րե­րէ ի վեր։ Մար­դուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ա­մե­նավ­սեմ ե­րե­ւոյ­թը կը գտնուի մար­դուն Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու կո­չու­մին մէջ։ Այս կո­չու­մը «հրա­ւէ՛ր» մըն է՝ զոր Աս­տուած կու տայ մար­դուն երկ­խօ­սե­լու Ի­րեն հետ։

Եւ այս երկ­խօ­սու­թիւ­նը կը սկսի մարդ­կա­յին գո­յու­թեան հետ։

Մար­դը ե­թէ գո­յու­թիւն ու­նի, պատ­ճա­ռը այն է, որ Աս­տուած ստեղ­ծեց զինք սի­րո՛վ եւ չի դադ­րիր սի­րով ա­նոր գո­յու­թիւն տա­լէ, եւ մար­դը լիո­վին չ՚ապ­րիր ըստ ճշմար­տու­թեան, ե­թէ ոչ ինք­նա­կամ ճանչ­նա­լով այս սէ­րը եւ ինք­զինք տա­լով իր Ա­րար­չին։ Մարդ, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին եւ մին­չեւ մեր օ­րե­րը՝ իր ո­րո­նու­մը ար­տա­յայ­տեց Աս­տու­ծոյ, դա­ւա­նու­թիւն­նե­րով եւ կրօ­նա­կան վար­մունք­նե­րով։

Ար­տա­յայ­տու­թեան այս կեր­պե­րը, հա­կա­ռակ երկ­դի­մու­թիւն­նե­րուն՝ զորս կա­րող են բո­վան­դա­կել, այն­քա՜ն ընդ­հան­րա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ են, որ կա­րե­լի է մար­դը կո­չել «կրօ­նա­կան էակ»։

Մարդ­կա­յին ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը ցոյց կու տայ՝ թէ կա­րե­լի է խօ­սիլ Աս­տու­ծոյ մա­սին բո­լոր մար­դոց հետ։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս հա­մո­զու­մը մեկ­նա­կէ՛տն է ա­նոր երկ­խօ­սու­թեան, զոր ան կը հաս­տա­տէ միւս կրօն­նե­րուն հետ, ի­մաս­տա­սի­րու­թեան եւ գի­տու­թեան հետ, ինչ­պէս նաեւ ան­հա­ւատ­նե­րու եւ ա­նաս­տուած­նե­րու հետ։

Եւ այս հա­մո­զու­մէն կը հե­տե­ւի՝ թէ ա­մէն մար­զի մէջ երկ­խօ­սու­թիւ­նը բնա­ծին զգա­ցում մըն է մար­դուն հա­մար։ Եւ դար­ձեալ մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ երկ­խօ­սու­թիւն, ինչ որ ալ ըլ­լայ այդ երկ­խօ­սու­թեան ար­դիւն­քը։ Երկ­խօ­սու­թիւ­նը մար­դուն կո­չու­մին մէկ հե­տե­ւա՛նքն է։ Երկ­խօ­սու­թիւ­նը իր կա­տա­րե­լու­թեան կը հաս­նի եւ կ՚ամ­բող­ջա­նայ հան­դուր­ժո­ղու­թեան վսեմ զգա­ցու­մով, ա­ռա­քի­նու­թեամբ։

Ուս­տի կա­րե­լի չէ՛ խոր­հիլ երկ­խօ­սու­թեան վրայ, հոն ո՛ւր հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը գո­յու­թիւն չու­նի։

Ա­ռանց հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գիի երկ­խօ­սու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ եւ դրա­կան ար­դիւնք մը չ՚ու­նե­նար։ Ը­սինք, որ չկայ ո­րե­ւէ մարզ, ուր մարդ երկ­խօ­սու­թիւն չու­նե­նայ։ Ա­մէն մարդ, ա­մէն բա­նա­ւոր, ող­ջա­խոհ ան­հատ կրնայ երկ­խօ­սու­թիւն ու­նե­նալ իր նմա­նին հետ, կրնայ մէ­կը իր խօ­սա­կի­ցին հետ հա­մա­միտ ու հա­մա­ձայն չըլ­լալ, բայց այս եր­բեք երկ­խօ­սու­թեան հա­մար ար­գելք մը չէ, այլ մա­նա­ւանդ երկ­խօ­սու­թեան նա­խա­պատ­ճա՛ռն է։

Երկ­խօ­սու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղու­թեան միու­թիւ­նը ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ կեր­պով կ՚ար­տա­յայ­տէ Մ. Ա. Վոլ­թէր սա խօս­քե­րով. «Կը հա­կա­ռա­կիմ քու մտա­ծում­նե­րուդ, չեմ ըն­դու­նիր զա­նոնք, բայց քու մտա­ծում­ներդ ար­տա­յայ­տե­լու ա­զա­տու­թիւնդ կը պաշտ­պա­նեմ ամ­բողջ էու­թեամբս»։ Ուս­տի տար­բեր խոր­հիլ, ի­րա­րու հա­կա­ռակ հա­մո­զում­ներ ու­նե­նալ, եր­բեք ար­գելք չէ՛ երկ­խօ­սու­թեան։ Քա­նի որ բո­լոր մար­դիկ կո­չուած են միեւ­նոյն նպա­տա­կին, ու­րեմն ո­րոշ նմա­նու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի մար­դոց եւ ա­նոնց միու­թեան մի­ջեւ, զոր ա­նոնք պար­տա­ւոր են հաս­տա­տել ի­րա­րու մի­ջեւ՝ սի­րոյ եւ ճշմար­տու­թեան մէջ։ Ուս­տի իր նմա­նին սէրը ան­բա­ժա­նե­լի՛ է մար­դուն ստեղծ­ման նպա­տա­կէն։

Մարդ­կա­յին ան­ձը՝ ան­հա­տը պա­հանջ­քը ու­նի ըն­կե­րա­յին կեան­քին։ Ան­հա­տը կրնայ գո­յա­պահ­պա­նուիլ ու գո­յա­տե­ւել միայն ըն­կե­րա­յին կեան­քի մը մէջ՝ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մի­ջա­վայ­րի մը մէջ։ Մար­դուն այս ըն­կե­րա­կան հան­գա­ման­քը ի­րեն հա­մար ո՛չ թէ յա­ւե­լեալ ար­ժէք մը կը ստեղ­ծէ, այլ մա­նա­ւանդ պա­հա՛նջք մը ա­նոր բնու­թեան եւ հե­տե­ւանք մը իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին։

Փո­խա­նա­կու­թեամբ «ու­րիշ»ին հետ, փո­խա­դար­ձու­թեամբ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու եւ երկ­խօ­սու­թեամբ իր նման­նե­րուն հետ, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ՝ եղ­բայր­նե­րուն հետ, մար­դը կը զար­գաց­նէ իր զօ­րու­թիւն­նե­րը եւ կ՚ազ­նուաց­նէ հո­գին, եւ այս­պէս կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ իր կո­չու­մին։ Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ըն­կե­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թիւնն է ան­հատ­նե­րու՝ ո­րոնք զօ­դուած՝ կա­պուած են ի­րա­րու ան­դա­մա­կան կա­պով՝ միու­թեան սկզբուն­քի մը հա­մե­մատ, որ գե­րի­վեր է քան ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը։ Ըն­կե­րու­թեան մէջ միան­գա­մայն, տե­սա­նե­լի են եւ հա­մըն­թաց ան­ցեա­լը, որ խմո­րուե­լով ներ­կա­յին հետ, պատ­րաս­տած է ա­պա­գա՛ն։

Ուս­տի իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ «ժա­ռան­գո՛րդ» մըն է, եւ բնա­կան ու բա­նա­կան է, որ ժա­ռան­գորդ­ներ խորհր­դակ­ցին ու խօ­սակ­ցին եւ հա­մախմ­բուին երկ­խօ­սու­թեամբ։ Ան­հա­տը պար­տա­ւոր է եւ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ ըն­կե­րու­թեան, ո­րուն մի­ջոցն է երկ­խօ­սու­թիւն՝ զօ­րա­ցած եւ ամ­բող­ջա­ցած հան­դուր­ժո­ղու­թեան ազ­նիւ զգա­ցու­մով…։

Երբ հար­ցը «երկ­խօ­սու­թիւն» է, ա­պա ու­րեմն պէտք չէ զանց առ­նել սա «ոս­կի կա­նոն»ը, թէ՝ այն բա­նը, որ չէք ու­զեր ձե­զի դէմ ը­նեն ու­րիշ­ներ, դո՛ւք ալ մի՛ ը­նէք ու­րիշ­նե­րուն, ինչ որ ու­սու­ցումն էր Հե­ռա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մտա­ծե­լա­կեր­պին։ Յի­սուս այս կա­նո­նը բա­րեշր­ջեց եւ ա­ւե­լի դրա­կան ձե­ւո­վը պա­տուի­րեց եւ ը­սաւ. «Ինչ­պէ՛ս կ՚ու­զէք որ վա­րուին ձե­զի հետ, դո՛ւք ալ ու­րիշ­նե­րուն ա՛յն­պէս վա­րուե­ցէ՛ք»։ Այ­սօր ար­դի հո­գե­բա­նու­թեան մէջ ալ նոյն բա­նը կը յանձ­նա­րա­րուի, ը­սե­լով, թէ մարդ պէտք է զգայ դի­մա­ցի­նին զգա­ցում­նե­րով եւ կամ պէտք է փոր­ձէ խոր­հիլ իր խօ­սա­կի­ցին միտ­քով։

Մէկ խօս­քով՝ ե­թէ մարդ, պահ մը ինք­զինք հա­մա­րէ իր դի­մաց գտնուո­ղին տե­ղը, զգայ եւ խոր­հի ա­նոր պէս, պահ մը դուրս ել­լէ իր «Ես»ին սահ­ման­նե­րէն, գի­տակ­ցի եւ ըն­դու­նի, թէ միշտ «Ու­րիշ» մըն ալ գո­յու­թիւն ու­նի եւ ա­ռանց այդ «Ու­րիշ»ին կա­րե­լի չէ՛ գո­յա­պահ­պա­նել ու գո­յա­տե­ւել, կեն­դա­նի պա­հել «Ես»ը, ա­հա­ւա­սիկ այն ա­տեն կա­րե­ւո­րու­թիւն պի­տի ստա­նայ «Երկ­խօ­սու­թիւն»ը եւ մեծ մա­սամբ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ լու­ծել բազ­մա­թիւ ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան հար­ցեր, խնդիր­ներ եւ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ։ «Ձա՛յն»ը պէտք է հնչէ միշտ փո­խա­դարձ կեր­պով եւ երբ մէ­կը կը ձայ­նէ, այ­սինքն կ՚ար­տա­յայ­տէ իր մտա­ծու­մը, կը խօ­սի, միւ­սը պէտք է լռէ եւ ունկնդ­րէ եւ փո­խա­դար­ձա­բա՛ր…։

Ար­դա­րեւ երկ­խօ­սու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ յար­գանք ան­հա­տին՝ ա­նոր ինք­նու­թեան, ան­ձին, մտքին եւ զգա­ցում­նե­րուն։ Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ պար­տա­ւոր է ար­ժէք ըն­ծա­յել ու­րի­շին ի­րա­ւունք­նե­րուն, լսել, բայց թե­րեւս չըն­դու­նիլ, ա­ռանց ստո­րագ­նա­հա­տե­լու, վար­կա­բե­կե­լու եւ ա­ռանց ա­տե­լու­թեան վատ զգա­ցում­նե­րով լե­ցուած ըլ­լա­լով։ Ա­մէն ան­հատ «ի­րա­ւունք»ի տէ՛ր է. ապ­րե­լու, խոր­հե­լու, խօ­սե­լու եւ գոր­ծե­լու, ի­րենց սահ­ման­նե­րուն մէջ ա­զա­տու­թիւն վա­յե­լե­լու։

Ու­րեմն, երկ­խօ­սու­թեան ի­մաս­տը կը կա­յա­նայ փո­խա­դարձ յար­գան­քի վրայ։ Մ. Ա. Վոլ­թէ­րի խօս­քը ի­մաս­տա­լից է։ Ան կ՚ը­սէ իր մէկ հա­կա­ռա­կոր­դին. «Կը հա­կա­ռա­կիմ քու մտա­ծում­նե­րուդ, բայց մտա­ծում­ներդ ար­տա­յայ­տե­լու, խօ­սե՛­լու ա­զա­տու­թիւնդ ալ կը պաշտ­պա­նեմ ամ­բողջ էու­թեամբս, մի՛շտ»։­

Ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ եր­ջան­կու­թեան բա­ցատ­րա­գի­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 28, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015