ԾՆՈՂՔԻ ՅԱՐԳԱՆՔ
Մարդու հայրութեան ակունքը Աստուծոյ հայրութի՛ւնն է, ան է հիմը ծնողներուն մատուցուած պատիւին։
Անչափահաս թէ խելահաս, զաւակներուն յարգանքը իրենց հօր կամ մօր հանդէպ՝ կը սնանի բնական սէրէն, ծնած՝ զիրենք իրարու միացնող զօդէն։ Ան խնդրուած է աստուածային պատուէրէն։
Յարգանքը ծնողներուն հանդէպ՝ «ծնողասիրութիւն» կը կայանայ «երախտագիտութեան» մէջ անոնց հանդէպ, որոնք կեանքին պարգեւովը, իրենց սիրովը եւ աշխատանքովը՝ իրենց զաւակները աշխարհ բերին եւ հնարաւոր դարձուցին, որ անոնք մեծնան հասակով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով։
Որդիական այս յարգանքը կը յայտնուի ճշմարիտ հլու հնազանդութեամբ։
«Իմաստուն զաւակը կը սիրէ խրատուիլ, իսկ արհամարհոտ զաւակը՝ չ՚անսար յանդիմանութեան» (ԱՌ. ԺԳ 1)։
Այնքան ատեն որ զաւակը կ՚ապրի ծնողներուն յարկին տակ, պարտի հնազանդիլ անոնց ամէն խնդրանքին, կատարուած՝ իր կամ ընտանիքին բարիքին համար։
Զաւակներ պարտին նաեւ հնազանդիլ իրենց դաստիարակներուն խոհական պատուէրներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնց վստահած են զիրենք իրենց ծնողները։
Սակայն եթէ զաւակը ի խղճէ համոզուած է, թէ բարոյապէս գէ՛շ է հետեւիլ որոշ հրահանգի մը, կրնայ չհետեւիլ անոր։ Ահաւասիկ հո՛ս է, որ կը յայտնուի բանականութեան կարեւորութիւնը, այն՝ որ մարդ էակին մասնայատուկ է, իրերու եւ իրադարձութիւններու պատճառին, նպատակին եւ իմաստին մէջ խորանալ եւ ըստ այնմ շարժիլ, որոշում տալ եւ գործել։ Հնազանդութիւնը առաքինութիւն է, բայց բանաւոր եւ բարի՛ հրահանգի մը…։
Հասուն տարիքի հասնելէ ետք ալ, զաւակները պիտի շարունակեն յարգե՛լ իրենց ծնողները, քանի որ անոնց «ծնող» էութիւնը երբեք չի՛ վերջանար։
Ուստի զաւակներ պիտի կանխեն անոնց փափաքները, սիրով պիտի դիմեն անոնց խրատներուն եւ պիտի ընդունին անոնց արդարացի՛ յանդիմանութիւնները։
Զաւակներուն չափահասութեամբ՝ անոնց հնազանդութիւնը ծնողներուն հանդէպ կը դադրի, բայց ո՛չ յարգանքը՝ որուն ցմիշտ պարտաւոր կը մնան։
Հոս պահ մը կանգ առնենք եւ յիշենք Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոսի խօսքը, թէ՝ եթէ մարդ անտարբեր է իր շուրջիններուն նկատմամբ անիկա մարդ չէ՛։
Արդարեւ ծանր կրնայ թուիլ այս խօսքը, բայց եթէ նկատի ունենանք, որ «անտարբերութիւն»ը, մանաւանդ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու տեսակէտէ կարգ մը աստուածաբաններու եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ համարուած է «ութերորդ մահացու մեղք», կարելի է հասկնալ Գարեգին Ա. Հայրապետին արդար ընդվզումը անտարբերութեան մասին։ Ուստի ո՛չ մէկ մեղք ինքնին կրնայ գոյութիւն ունենալ. անպայման մեղք մը կը ստեղծէ, առիթ կու տայ ուրիշ մեղքի մը գոյութեան։
Անտարբերութիւնն ալ իր կարգին կրնայ շատ մեղքերու ստեղծման առիթ ընծայել։ Հոս յիշենք Աւետարանի «Բարի սամարացի»ին առակը՝ որ շատերու ծանօթ ըլլալու է։ Ուստի երբ բարեկամի մը իր բարեկամին որեւէ ձեւով օգնելը բնական կը նկատուի, ապա ուրեմն հակառակորդի մը, թշնամիի մը օգնութիւնը անսովոր բան մըն է։ Անսովոր բայց նոյնքան գնահատելի, ազնիւ շարժում մը։ Փոխադարձաբար բարեկամին բարեկամի նկատմամբ անտարբերութիւնը նոյնքան քստմնելի՝ փշաքաղող եւ սարսռազդեցիկ երեւոյթ մըն է։ Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով անտարբերութիւնը ծանր մեղք մը եւ մահացու մեղք մըն է…։
Ուստի զաւակի մը իր ծնողքին հանդէպ անտարբերութիւնը մե՛ղք է, եւ փոխադարձաբար՝ ծնողքին ալ իր զաւակներուն նկատմամբ անտարբեր գտնուիլը մե՛ղք է, նոյնիսկ զաւակը որեւէ կերպով յանցաւոր կամ մեղաւոր ըլլայ։ Արդարեւ յանցանքին կամ մեղքին «պատիժ»ը կամ հատուցումը ո՛չ թէ անտարբերութիւն, այլ համապատասխան պատիժ մը պէտք է ըլլայ եւ կամ նախընտրաբար՝ ներո՛ւմ։
Սա անվիճելի է, թէ՝ ամէն ինչի մէջ տառը կրնայ մեռցնել, սակայն ոգին կ՚ապրեցնէ։ Այս իմաստով բարի սիրտը եւ բարի կամեցողութիւնը տիրական պէտք է ըլլայ այն ամէն անհատին մէջ՝ որոնք «մարդ» կոչումին արժանի են։ Նոյնպէս այն ամէն զաւակի մէջ, որ իրապէս զաւակներն են իրենց ծնողքին։ Բայց նոյն փոխադարձութեամբ՝ ծնողներ ալ, նոյնիսկ ա՛լ աւելի բարեսրտութեամբ եւ բարեկամեցողութեամբ վարուին իրենց զաւակներուն հետ, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ անտարբեր չըլլալ իրարու նկատմամբ։ Ընտանիք մը կը գոյապահպանուի ու կը գոյատեւէ իր ամբողջ անդամներով՝ ծնողքը պէտք ունի, կախում ունի իր զաւակներուն կեցութենէն, բայց զաւակներն ալ իրենց էութիւնը կը պարտին իրենց ծնողներուն, ուր անտարբերութիւնը տեղ չունի՛…։
Արդարեւ յարգանքը իր արմատները ունի Աստուծոյ երկիւղին մէջ, որ մէ՛կն է Սուրբ Հոգիին պարգեւներէն։
Ի՞նչ է արդարեւ չափահաս զաւակներուն պատասխանատուութիւնները ծնողներուն հանդէպ։
Որքան որ կրնան, անոնք պարտին անոնց նիւթական եւ բարոյական օգնութիւնը բերել, ըլլա՛յ անոնց ծերութեան տարիքներուն, ըլլա՛յ անոնց հիւանդութեան, առանձնութեան կամ անձկութեան շրջանին։ Այս հոգածութիւնը կ՚ենթադրէ ընտանիքին ամբողջութիւնը եւ տեւականութիւնը։ Ուստի որդիական յարգանքին տեւականութիւնը կը նպաստէ ընտանեկան կեանքին ներդաշնակութեան։
Որդիական յարգանքը կը շարունակուի հոգածութեամբ, կը հայի եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ փոխյարաբերութիւններուն։ Այս յարգանքը եւ հոգածութիւնը ծնողներուն հանդէպ, կը ճառագայթէ ընտանեկան ամբողջ միջավայրին վրայ։
«Ծերերուն պսակը՝ անոնց զաւակներուն զաւակներն են» (ԱՌ. ԺԷ 6)։
Առաքեալը կ՚ըսէ. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ» (ԵՓՍ. Դ 2)։
Քրիստոնեաներ յատուկ երախտագիտութիւն կը պարտին հանդէպ անոնց՝ որոնցմէ ընդունած են հաւատքին պարգեւը, Մկրտութեան շնորհքը եւ կեանքը Եկեղեցւոյ մէջ։ Այն անձերը կրնան ըլլալ ծնողները, ընտանիքին միւս անդամները, աւագ ծնողները, հոգեւոր հովիւները, կրօնացոյցները-կրօնուսոյցները, դաստիարակները կամ բարեկամները։
Ուստի, եթէ «ծնողքի յարգանք»ը լայն իմաստով առնուի, այս բոլորը արժանի են «ծնողքի յարգանք»ի, քանի որ «ծնող» եզրը ո՛չ միայն մարմնական, այլ նաեւ հոգեւոր իմաստով պէտք է նկատի առնուի։
Արդարեւ ամուսնական սիրոյ բեղմնաւորութիւնը չի սահմանուիր միայն զաւակներու որդեծնութեամբ, այլ պարտի տարածուիլ մինչեւ անոնց հոգեկան, բարոյական հոգածութիւնը, խնամութիւնը եւ ամբողջ կազմաւորումը։
Դաստիարակութեան իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ծնողներուն համար առաջնահերթ եւ անժամանցելի կը մնան։ Ծնողներ պարտին դիտել իրենց զաւակները իբրեւ «զաւակներ Աստուծոյ» եւ յարգել զանոնք իբրեւ «մարդկային անձ»եր։ Այս ուղղութեամբ, ծնողներուն առաջին պատասխանատուութիւնն է իրենց զաւակներուն խնամքը եւ հոգածութիւնը։ Այս պատասխանատուութեամբ անոնք կը փաստեն ընտանիքի մը ստեղծումը՝ ուր գորովը, ներումը, սէրը, յարգանքը, երջանկութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը կը գործադրուին։
Ընտանիքը մասնայատուկ վայրն է առաքինութիւններու կրթութեան։ Այս կը պահանջէ անձնուրացութիւն, առողջ դատողութիւն, ինքնազսպում՝ որոնք նախապայմաններն են ամէն ճշմարիտ ազատութեան։ Եւ մարդ կը կատարելագործուի ազատութեա՛ն մէջ։ Այդ ազատութեան մէջ կը տիրէ համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն։
Կ՚ուզենք վերջացնել հարցում մը ուղղելով. ի՞նչ կարելի է խորհիլ այն «ծնող»ներուն մասին՝ որոնք կը թերանան իրենց պարտականութեան մէջ իրենց զաւակներուն հանդէպ եւ որոնք չունին իրենց ծնողի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Երբ աստուածային պատուէրը ե՛ւ բանականութիւնը կը պարտադրէ յարգել ծնողները, բացարձա՞կ է այդ, կամ ուրիշ խօսքով՝ իրենց պարտականութեան մէջ թերացող ծնողներ արժանի՞ են յարգանքի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 31, 2015, Իսթանպուլ