ՆԵՆԳԱՒՈՐ ԼԵԶՈՒՆ
Նենգամտութիւն կամ նենգութիւն կը նշանակէ՝ չար դիտաւորութիւն, դաւ, կեղծիք։ Նենգամիտ մարդիկ իրենց մէջ նենգութիւն պարունակող մարդիկ են՝ խարդախ ու խորամանկ, որոնք ամէն ատեն պատրա՛ստ են ուրիշներու վնաս հասցնելու եւ իրենց շահ ապահովելու։ Նենգութիւնը աւելի եւս կ՚արտայայտուի խօսքով, այսինքն լեզուո՛վ։ Նենգամիտ մարդուն ամենաազդու միջոցն է «չար լեզու»ն։ Արդարեւ, կարելի չափով հեռու պահել պէտք է այդպիսիները ընկերային շրջանակներէ եւ կամ հեռո՛ւ մնալ անոնցմէ։ Բայց որքան ալ հեռու պահել կամ հեռու մնալ փորձէք նենգամիտ մարդոցմէ, միշտ ներկայ են ու պիտի ըլլան ընկերութեան մէջ։
Անխուսափելի՜ է այս իրողութիւնը։
Չարախօս, ստախօս՝ բամբասող, անիրաւ մեղադրող եւ հայհոյող լեզուն միշտ պատրաստ եւ ներկա՛յ է ընկերային կեանքին մէջ։ Արդարեւ, մարդուս սրտին խորը միշտ կա՛յ նախանձը՝ որ պատճառն է ամէն նենգամտութեան եւ չարախօսութեան։ Նախանձը թո՛յն մըն է, որ կը տարածուի մարդուս հոգիին մէջ եւ դուրս կու գայ որպէս չարախօսութիւն, երբեմն ալ՝ ստախօսութի՛ւն։
Սուրբ Գիրքին մէջ կան բազմաթիւ անուանումներ «թունալից լեզու»ին մասին, որոնք միշտ կը նկատուին դատապարտելի՛։ Զոր օրինակ, նենգաւոր լեզուով մարդ չարիքի մէջ կ՚իյնայ։ Աստուած կը զզուի ստախօս լեզուէն՝ սուտ խօսող անիրաւ վկայէն, եւ եղբայրներու միջեւ կռիւ եւ երկպառակութիւն ցանող նենգամիտ մարդէն։ Սաղմոսներէ մէկուն մէջ կ՚ըսուի՝ թէ բռնաւորին լեզուն չարութիւններ կը հնարէ եւ սուր ածելիի նման նենգութիւն կը գործէ եւ զայն կը տարածէ։ Իսկ Իմաստունը կը յայտարարէ՝ թէ մահը եւ կեանքը լեզուին ծայրն են։ Կարելի է բազմացնել օրինակները նաեւ մեր կեանքի փորձառութիւններուն մէջ։
Ուրեմն, սիրելի ընթերցող բարեկամնե՛ր, ինչո՞ւ համար «լեզու»ն չի ծառայեցներ մարդ կեանքի ճոխացման, բարութեան, գեղեցկութեան եւ վերջապէս՝ ճշմարտութեան, փոխանակ մեղքի, ատելութեան, կռիւի, չարիքի եւ մանաւա՛նդ մահուան գործիք ընելու…։
Միշտ կը կրկնենք՝ պիտի կրկնենք, երբ կա՛յ սէրը, հապա ինչո՞ւ ատելութիւնը։ Ինչո՞ւ համար մարդոց մեծամասնութիւնը չի մասնակցիր Սաղմոսերգուին եւ Իմաստունին, չի ձայնակցիր ըսելով. «Իմ լեզուս Քո՛ւ արդարութիւնդ պիտի խօսի…»։
Ուստի փորձենք մեր բերանը բանալ եւ լեզուն գործածել իմաստութեա՛մբ, եւ մեր լեզուին անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէնքը ընենք՝ քաղցրութիւնը, որ գեղեցիկ է եւ բարի, մանաւա՛նդ ճշմարիտ…։
Ըսինք, որ նախանձը սկիզբն է ամէն նենգութեան։
Թէ ի՞նչ է նախանձը։ Նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։ Նախանձը մարդուս զգացած տխրութիւնն է ուրիշին բարիքին դիմաց. ան սանձարձակ փափաքն է զայն սեփականացնելու։ Բարի, ողջամիտ մարդը կը պայքարի նախանձին դէմ։ Նախանձին հակաթոյնը, դեղթափն է բարեհաճութիւնը՝ որ անոր ազդեցութիւնը կը չէզոքացնէ եւ կ՚ոչնչացնէ։
Խոնարհութիւնն ալ կարեւոր միջոց մըն է չէզոքացնելու նախանձը։ Ուստի մարդ երբ անձնավստահութիւն ունի, նախանձի զգացում չ՚ունենար։ Ամբողջ բարոյական ուսուցումներ եւ կրօնական վարդապետութիւններ կը պահանջեն նախանձը արտաքսել մարդկային սրտէն, ինչ որ կ՚ապականէ ամբողջ մարդը՝ մարմինն ու հոգին։ Նախանձի զգացումը պատճառ կ՚ըլլան նաեւ, որ մարդուս միտքը ուղիղ չգործէ եւ շիտակ որոշումներ չտայ։ Նախանձը կը վնասէ արդարութեան եւ իրաւունքներու վայելման։
Երբ Նաթան մարգարէ ուզեց Դաւիթ թագաւորը զղջումի դրդել՝ պատմեց անոր աղքատի մը պատմութիւնը, որ միայն գառնուկ մը ունէր՝ որուն հետ իր աղջիկ զաւկին պէս կը վարուէր. ապա այն հարուստին՝ որ հակառակ իր ունեցած բազմաթիւ հօտերուն, այս աղքատ մարդուն վրայ կը նախանձէր, մինչեւ որ վերջապէս գողցաւ մարդուն գառնուկը։
Ուստի նախանձը կրնայ մարդս տանիլ յոռեգոյն չարագործութիւններու։ Աստուածաշունչ մատեանը կը վկայէ, թէ սատանային նախանձին պատճառով է, որ մա՛հը աշխարհ մտաւ (ԻՄԱՍՏ. Բ 24)։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն (մախանք=չար նախանձ, չարակնութիւն) է, որ իրարու դէմ կը շարէ։ Եթէ ամէնքս այսպէս շարունակենք խախտել մարմինը Քրիստոսի, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Մենք Քրիստոսին մարմինը տկարացնելու գործին լծուած ենք։ Մենք մեզ միեւնոյն մարմինին անդամներ կը յայտարարենք եւ զիրար կը յօշոտենք գազաններուն պէս»։
Նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է, ըսինք։ Ան մա՛յրն է շատ մը չարութիւններու, չարագործութիւններու, եւ մինչեւ իսկ «մահացու մեղք»երու պատճառ կրնայ ըլլալ։ Այս մասին Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ նախանձի զգացումին մէջ կը տեսնուի սատանայական մեղքը, գերազանցօրէն։ Նախանձէն կը ծնին մանաւանդ նենգամտութիւն եւ ատելութիւն՝ որոնք կ՚ապականեն մարդկային հոգին։ Նախանձը տխրութեան ձեւերէն մէկն է, ուրեմն ե՛ւ մարդասիրութեան զլացումը։
Նախանձին գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ է՝ հպարտութի՛ւնը։ Ուստի մարդ պարտի մարզուիլ հոգեւոր բարձր արժէքներու մէջ, խոնարհութիւնը եւ համեստութիւնը հակաթոյնն է՝ նախանձի վատ զգացումին։ Ուստի մարդ պէ՛տք է անտարբեր չըլլայ կարգ մը հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ։
Մարդ պէտք է ունենայ զոհողութեան ոգին՝ որ նախաքայլն է սիրոյ եւ ան, որ կը սիրէ՝ երբեք նախանձի զգացում չ՚ունենար։ Չմոռնա՛լ ոսկի օրէնքը. ինչպէս որ կ՚ուզէք վարուին ուրիշները ձեզի հանդէպ, դուք ալ նոյնպէս վարուեցէք ուրիշներու նկատմամբ…։
Քաղցր լեզուն կը յաղթահարէ ամէն դժուարութիւն եւ կը լուծէ ամէն հարց ու խնդիր՝ որոնք կեանքը անտանելի կ՚ընեն եւ անիմա՛ստ։ Ուստի, եթէ կ՚ուզենք խաղաղ կեանք մը ապրիլ՝ քաղցրացնենք մեր լեզուները, մաքրենք մեր սիրտը բոլոր թոյներէ, որպէսզի կեանքը ըլլայ մեղմ ու անուշ, եւ դիւրատար։
Կեանքի բազմազան նեղութիւնները, դժուարութիւնները բաւական են, մենք ալ անոնց վրայ չաւելցնենք նոր եւ արուեստական նեղութիւններ։
Ո՛չ մէկը գերազանց կարողութիւններով օժտուած է, ո՛չ մէկը աւելի սիրելի է քան ուրիշը, ո՛չ մէկը աւելի կարեւոր, աւելի օգտակար եւ աւելի արդիւնաւոր ծառայութեան մէջ է, միակ պակասն է վարուելակերպը, ոմանք քիչ մը աւելի ինքնամոլ կը վարուին, քիչ մը կ՚անտեսեն «ուրիշ»ը, այդքա՛ն…։
Սիրելիներ, փորձենք «ուրիշ»ին աչքով դիտել մեր շուրջը, զգանք «ուրիշ»ին զգացածները, ապրինք «ուրիշ»ին ապրածները եւ… անպայմա՛ն անկեղծ ըլլանք։ Անկեղծութիւնն է, որ մեզ պիտի առաջնորդէ ճշմարտութեան եւ հո՛ն է ամէն նուիրականութիւն, սրբութիւն, ամէն հաւատալիք՝ որոնց համար կ՚ապրինք, կամ «ապրիլ կ՚ենթադրե՜նք…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 10, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024