ՅՈՅՍԻ ԿԱԹԻԼՆԵՐ
Երեւանի գեղեցիկ այգիներէն մէկուն ամէնօրեայ այցելուներէն է Տիկին Լուսին: Ան կը սիրէ առանձնանալ բնութեան գիրկը, առօրեայ մտահոգութիւններէն հեռանալ, մոռնալ տեսիլքի մը պէս անցնող մի քանի տարիները, անցեալի փառքի կորուստը, ներկայ անկայունութիւնը...: Միշտ ալ չի յաջողիր անցնող տարիներու ահն ու կսկիծը փարատել: Կը փորձէ տեսնել բաժակին լեցուն մասը՝ զաւակները շուրջն են, ամուսինը՝ եւս, համերաշխ, տաքուկ երդիք մը ունին, հոգատար երիտասարդ զաւակներ, այո՛, ասոնք են բաժակը լեցնող դրական ապրումները, պէտք է աշխատանք տանիլ, սակայն, այս բաժակին դրականը պահելու, աճեցնելու համար:
Նստած, այսպիսի մտմտուքներով կը խոկայ, ու ահա նայուածքը կ՚իյնայ դէմի նստարանին նստած տարեց զոյգի մը վրայ: Տէր եւ տիկին ըլլալու են անոնք: Որքա՜ն քնքշանք ու սէր կայ անոնց այս նստուածքին ու խորհրդածութեանց մէջ: Անոնց այս մտերմութիւնը Տիկին Լուսինը կը փոխադրէ շա՜տ հեռուներ, տասնեակներով տարիներ առաջ, երբ ան փոքր էր ու կը վայելէր հօր ու մօր ջերմ ու սիրով լի հովանին: Տիկին Լուսին կը ժպտի, ու ահա անոր հայրն է որ կը խօսի մօր հետ պապենական բարբառով.
- Առաւօտ դեզէն (թրք. կանուխ), կէս քուն կէս արթուն,
Չհագնման, չքսման,
Էկէր (թրք. եթէ) էրէսիդ տեսնամ նէ վաղմնցով (առաւօտուն),
Գործերիս րասթ (թրք. յաջող) կ՚երթան հճմի (մինչեւ) իրկուն:
Այսպիսի սիրալիր քառեակները առտուան սուրճը կը համեմէին... եւ տակաւին կը շարունակէր.
- Յես կը սիրեմա քըզիկ, մարդու մ՚ըսեր:
Դադրուկ (դատարկ) եմ գլոխիս ծոցիդ վրէն դնեմ,
Չըննայ հերսոտիս (արաբ. զայրանաս), անգին ծաղիկիս,
Թանկագին մանեակիդ էկօ վիզդ դնեմ:
Ապա ամէն օր գործի չգացած մօրը կ՚ըսէր.
- Էկօ ընծի պագ մի տուր, պօյիդ սիրեմ:
Իսկ ամէն օր տուն մտնելուն պէս «պագ» մըն ալ առնելէն ետք.
- Ուշաղտէքը (թրք. մանուկները) ի՞նչըս են, աղքէ՞կ են:
Միշտ ալ այսպէս խինդ ու զուարթութեամբ լի անձ մըն էր Տիկին Լուսինին հայրը: Բայց միթէ ան ալ մտահոգութիւններ չէ՞ր ունեցած, չէ՞ր տանջուած կեանքին ընթացքին: Անոր հայրը՝ Խաչատուրը նոյնպէս կենսուրախ անձ մըն էր: Խաչատուր տարագրեալներու ճակատագրին մատնուած, ցեղասպանութիւն տեսած ու շա՜տ չարչարուած էր:
Տասնհինգամեայ Խաչատուրը փրկուած էր Ուրֆայի ջրհորներէն մէկուն մէջ պահուելով եւ ապա տարագրեալներուն խումբին միանալով՝ հասած Հալէպ: Տարիներ ետք, Հալէպի Աճուրթարլա արուարձանին մէջ ան յաջողած էր բանալ գորգագործութեան փոքրիկ արհեստանոց մը, ուր նաեւ աշխատանքի հրաւիրած էր Եղեռնէն մազապուրծ երիտասարդուհիներ եւ այսպէս տարիներ շարունակ աշխատելով, լումայ լումայի վրայ դնելով, քար քարի վրայ շարելով կառուցած էր տուն ու տեղ, կազմած՝ ընտանիք, ուր ամէն ինչ նմանցուցած էր հայրական օճախին ու միշտ ալ կենդանի պահած հայրենի բարբառը եւ փոխանցած իր զաւակներուն, որոնց անդրանիկը Տիկին Լուսինի հայրը՝ Ադամն էր:
Տիկին Լուսին կը յիշէ իր մեծ հօր՝ Ղալայճոնց Խաչատուրի արտայայտութիւնները, երբ ան կ՚այցելէր իրենց տունը: Ան նախ ջուր կը խնդրէր եւ խմելէն ետք.
- Աղջինիս, Էս խատահա (թրք. բաժակ) աղքէկ բռնէ, էտէնց պինդ բռնէ յոր չընկնի:
Իսկ երբ դուրսի անցորդները դիտել ուզէր.
- Էս բէնճէրէն (թրք. պատուհան) բրդօն մի բաց, աղջինի'ս, յոր դուրսա թամաշա էնենք:,- ապա- Ինչը՞ս իս, աղջինի՛ս, աղքէ՞կ ես, պապիդ քըզի մատիտ-տէֆթէր (արաբ. տետրակ) առե՞րէ մի, դպրոց կ՚երթա՞սա մի:
Մինչ Տիկին Լուսինի հօրը պատանի մայրը՝ Վարդանոյշ, դարձեալ ուրֆացի մը, աքսորի ճամբէն փրկուած է քիւրտ մեծահարուստի մը կողմէ, անոր տան մէջ Ուրֆայի հայաշունչ ճաշերու պատրաստութեան առաջարկին ընդառաջելով, բայց մեծահարուստէն խնդրած է, որ ան նաեւ իր ութամեայ քոյրը ընդունի: Քիւրտը համաձայնած է, պայմանաւ, որ եթէ իր յղի կնոջ զաւակը մանչ մը ըլլայ՝ կը պահէ երկուքը, ապա թէ ոչ զանոնք կը վերադարձնէ աքսորեալներուն: Վարդանոյշ գիշեր-ցերեկ կ՚աղօթէ, որ աշխարհ գալիք նորածինը ըլլայ մանչ մը, ու այդպէս ալ կը պատահի, եւ երկու քոյր կը մնան քիւրտ մեծահարուստին տան մէջ, ուր շրջան մը աշխատելով Վարդանոյշ կը հաւաքէ աշխատավարձքը եւ ապա կը փոխադրուի Հալէպ, կ՚ամուսնանայ ու այդ լումաները կ՚օգտագործէ ամուսնոյն ծառայեցնելով՝ գորգագործութեան գործարանի բարելաւման համար: Շէն ու ուրախ զոյգ մըն էին անոնք, որոնք այս յատկութիւնը փոխանցեցին նաեւ իրենց զաւակներուն:
Տիկին Լուսին կը յիշէ նաեւ իր հօր խրատները, երբ հարսանեկան զգեստով հօրը տան հրաժեշտ կու տար.
- Էրկէնիդ խօսքը մտիկ էրէ, չըննայ քի օր մի հերսիդ առնաս ըրնէդ:
Որքան կը մխիթարուի Տիկին Լուսին այս յիշատակներով: Անցեալի անուշ յուշերը կու գան ամոքելու անոր ներկայ դառն վիշտերը: Իր նախնեաց տառապանքը կը համեմատէ կարծես իր իսկ ընտանիքի կամովին տեղահանութեան հետ: Կը յիշէ, թէ ինչպէ՞ս լքեց ծննդավայրը, իր երկու երիտասարդ զաւակներուն միակ փրկութիւնը այս էր անկասկած, կամ ալ հոն պիտի մնային ու զինուորական ծառայութեան համար զաւակները բանակ պիտի մեկնէին: Չէ՛, քա՛ւ լիցի, շատ լաւ ըրած է այս որոշումին յանգելով: Այդպէս ալ կ՚եզրակացնէ Տիկին Լուսին, որ շատ կը մտածէր լքուած տան մասին, որ տղոց ապագան էր, բայց մարդն է իր ապագայի կերտիչը, ամէն ինչ կարելի է վերականգնել կամ ալ նորը ստեղծել, բացի հոգեկան կորուստէն... ահա հօրը խօսքերը եւս կու գան Տիկին Լուսինի տատամսոտ մտմտուքներուն յաջորդող այս եզրայանգումը քաջալերելու.
- Փարան էտէնց բան մի յէ քի մարդուն էչքերա կը քէօրցնէ:
- «Փարան» բերողն ալ մարդն է, վատնողն ալ, միայն անվտանգ մնան զաւակներս,- կ՚արտայայտուի Տիկին Լուսին:
Երազէն սթափածի մը պէս Տիկին Լուսինի նայուածքները կ՚որոնեն դէմի տարեց զոյգը, ահա կը տեսնէ անոնց թեւ թեւի մտած կամաց-կամաց անհետանալը: Խոր շունչ մը կը քաշէ ան ու աչքերը դէպի երկինք սեւեռելով կը դիտէ ամպերը, որոնց մէջ թերեւս կը տեսնէ նաեւ իր նախնիներուն պատկերները: Անոնք այս ծերունի զոյգին միջոցով այցելեցին այսօր իրեն եւ մատնանշեցին բաժակին լեցուն մասը, ինչու չէ նաեւ լեցուցին զայն սիրով, զուարթութեամբ ու յոյսի լուսաշող կաթիլներով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան