ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐԻ «ՈՒԱՈՒ»Ը1
Ուրեմն, դիմադրութեան մէջ բաժանումը տեղի ունեցաւ եւ Արաֆաթը հեռացաւ Թրիփոլիէն, այցելեց Գահիրէ եւ հանդիպեցաւ Հիւսնիւ Միւպարէքին:
Աշխարհը իրար անցաւ, ոտքի կանգնեցաւ ու այլեւս պիտի չնստի անոր համակիրներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ՝ պաղեստինեան, արաբական եւ համաշխարհային գետնի վրայ: Ուրեմն, արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը նոր հանգրուան մը թեւակոխեց:
Հետեւաբար, նոր բառանշաններ (logo) կան:
Նոր պաստառներ:
Նոր երթեր:
Նոր տարակարծութիւններ:
Նոր միջամտութիւններ:
Նոր կազմակերպութիւններ:
Նոր օգնութիւններ:
Նոր ոտնձգութիւններ:
Նոր մեղադրանքներ:
Նոր համագումարներ:
Նոր որոշումներ:
Նոր խոստումներ:
Նոր պարտութիւններ:
Նոր գաղթակայաններ:
Ուրեմն, նոր բան մը չկայ արեւին, լուսինին եւ աստղերուն տակ, եւ արաբական պայքարը՝ Պաղեստինը ազատագրելու համար կը շարունակէ իր բնականոն դարձած ընթացքը՝ յաջողութենէ յաջողութիւն, յաղթանակէ յաղթանակ, Ահմէտ Սաաիտի ժամանակէն սկսած մինչեւ այսօր:
Խօսակցութիւնը, ընդհանրապէս, կը տանի արաբներուն, որով բառ մը այստեղէն, յայտարարութիւն մը այնտեղէն, ջանադրաբար եւ երախտագիտութեամբ կ՚աշխատին նախապատրաստելու մթնոլորտը պատերազմի՝ արաբական, միջազգային, իսլամական, լրատուական, մշակութային եւ տնտեսական գետիններու վրայ: Համագումարներ, ժողովներ, զգուշացումներ, սպառնալիքներ, կոչեր՝ որոնց ամենէն փոքրը Պաղեստինի տաճարի ազատագրումն է եւ աղօթել այնտեղ, սակայն երբ պատերազմը սկսի՝ բոլորը կը լռեն, կարծէք իրենց գլուխին թռչուն ըլլայ կամ «Օրաքս», կը թաղեն իրենց գլուխները անկիւններու մէջ, իրենց ձեռքերը ականջներուն կը տանին, մինչեւ որ Իսրայէլը իր թշնամական յարձակումը իր աւարտին հասցնէ, իր վէրքերը ամոքէ, իր պահեստազօրը արձակէ, իր թնդանօդները իւղոտէ, ճամբաներ բանայ, օդակայաններ կառուցէ, արտերը ցանէ՝ եւ սկսի անոնց բերքը հաւաքել այն հողէն, որ գրաւած էր, [ատկէ ետք, յանկարծ] արաբները՝ որպէս մէկ մարդ ոտքի կը կանգնին ու կը սկսին իրենց քաջագործութիւնները՝ դիմադրութեան մարդոց եւ կիներուն հաշւոյն այդ հողին վրայ. կամուրջ մը քանդեցինք, ռազմանաւ մը պայթեցուցինք, այստեղ արգելք եղանք ոստիկանական խումբի մը եւ այնտեղ խափանեցինք մեծ կառքի մը անցքը, եւ ոչինչ աւելի այս բոլորէն, օր օրի, ամիս ամիսի ետեւէ, տարի տարիի ետեւէ…, այնքան որ արաբ քաղաքացին եւ ամբողջ աշխարհն ալ իր հետ ձանձրանան այս լուրերէն եւ այս յաղթանակներէն: Իսկ երբ այս բռնազաւթումը իրականացած նոր իրողութիւն մը դառնայ, որով այստեղէն բառով մը եւ այնտեղէն յայտարարութեամբ մը, կը սկսին նախապատրաստել նոր պատերազմ մը եւ նոր բռնազաւթում մը, որպէսզի արաբ քաղաքացին եւ աշխարհն ալ իր հետ մոռնան հին բռնազաւթումը ու զբաղին նոր բռնազաւթումով:
Եւ այպէս շարունակ…
Մինչեւ մարտիկը յուսահատի պատերազմէն:
Քաղաքագէտը՝ քաղաքականութենէն:
Լրագրողը՝ լրատուութենէն:
Գրողը՝ գրելէն:
Պաղեստինցին՝ Պաղեստինէն:
Լիբանանցին՝ իր Լիբանանէն:
Ծոցցին՝ իր Ծոցէն:
Արաբը՝ իր արաբականութենէն:
Լաւատեսը՝ իր լաւատեսութենէն:
Քաղաքացին՝ իր հայրենիքէն:
Հայրենիքը՝ իր զաւակներէն:
Փաստը այն է, որ աւելի քան երեսունվեց տարիներ ետք արաբական պայքարէն եւ սրբազան հոսքէն՝ Պաղեստինը վերադարձնելու համար, ահաւասիկ Պաղեստինը կը բարեւէ բռնագրաւուած արաբական հողերուն…, իսկ արաբական բռնագրաւուած հողերը կը բարեւեն Լիբանանին…, իսկ Լիբանանը՝ արաբ ժողովուրդներուն…, իսկ արաբ ժողովուրդները իրենք զիրենք Աստուծոյ կը յանձնեն:
Տակաւին, ինչո՞ւ համար արաբական եւ պաղեստինեան տարբեր կազմակերպութիւններ, հոսանքներ, միութիւններ եւ ճակատներ, իրենց լրատուական մարմիններով աջէն ձախ իրարու կը սպառնան եւ զիրար կ՚ահաբեկեն որեւէ մէկ քայլ առնելու անձնական գետնի վրայ՝ հաշտութեան միտող:
Ի՞նչ կ՚ուզեն ուրեմն.
Հաւաքական խաղաղութի՞ւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 48
Վաղարշապատ
1 Ուաու-ը արաբերէն լեզուի դերանուններէն է, որ երկու բայեր իրարու կը կապէ, ցոյց տալու համար, որ իր երկուքէ աւելի է: