ՁԳՏՈՒՄ-ԱՆԿՈՒՄ

Գիր­քը պայ­քար­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թեանբ օ­ղա­կուած ըն­թացք մըն է՝ յա­նուն յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ի­րա­գոր­ծու­մի:

Կիլ­կա­մէշ իր հետ ու­նե­նա­լով Էն­կի­տուն, կ՚իյ­նայ ճա­նա­պարհ ո­րո­նե­լու՝ գտնե­լու յոյ­սով յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը. ու­րիշ խօս­քով՝ ան­մա­հու­թիւ­նը. բան մը, որ ցան­կա­լի է հար­կաւ, եւ սա­կայն…։

Դժուար է բա­ժա­նու­մը կեան­քէն, որ իր հա­զա­րա­թել քնքշանք­նե­րով կը կա­պէ մար­դը. թէ՛ գար­նան զե­փիւ­ռը, թէ՛ ամ­րան տօ­թը ի­րենց յա­տուկ գրաւ­չու­թիւնն ու օ­գու­տը ու­նին, ինչ­պէս նաեւ մեզ շրջա­պա­տող ա­մէն իր եւ կեն­դա­նու­թիւն…։ Եւ սա­կայն, ի՞նչ կ՚ըլ­լայ ար­դիւն­քը:

«Դու ո՞ւր ես ձգտում, Կիլ­կա­մէշ,
Կեան­քը որ փնտռում ես, չես գտնի…
…………­
Աս­տուած­նե­րը երբ ստեղ­ծում էին մար­դուն
Նրան մահ սահ­մա­նե­ցին
Կեանքն ի­րենց ձեռ­քում պա­հե­ցին…»։

Յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը, որ կառ­չա­ծու­թիւն է, ինք­նա­բե­րա­բար շղթա­յումն է ա­զա­տու­թեան. թօ­թա­փէ կառ­չա­ծու­թիւ­նը ու պի­տի ա­զա­տագ­րուիս. դժուար ի­րա­կա­նա­ցում ար­դա­րեւ. ուս­տի, մարդ ա­րա­րա­ծը ա՛յլ ճամ­բա­ներ հնա­րած է թէ՛ յետ մա­հու յա­ւի­տե­նու­թեան կամ՝ այս աշ­խար­հի մէջ ա­նուն մը ձգած ըլ­լա­լու բա­ւա­րա­րու­թեամբ. ուս­տի զարկ տուած է ա­րուեստ­նե­րու, ար­շա­ւանք­նե­րով՝ տի­րա­պե­տե­լու ան­յա­գուրդ իղ­ձին, կանգ­նե­լով բուր­գեր, ար­ձան­ներ, դրամ­ներ տպե­լով ու ա­նոնց վրայ ի­րենց նկա­րը պատ­կե­րե­լով, քա­ղաք­նե­րու ա­նուն­նե­րով, նոյ­նիսկ մո­լո­րակ­նե­րու ա­նուն­նե­րով եւ այլն…։

Սա­կայն սա մեր ապ­րած կեան­քը խա­ղա­ղու­թեամբ բո­լո­րե­լու ա­մէն ճի­գե­րը մնա­ցած են ա­պար­դիւն, վե­րոն­շեալ կարգ մը պատ­ճառ­նե­րով, երբ բա­նակ­ներ կ՚աս­պա­տա­կեն եր­կիր­ներ։

Ի փառս մէ­կու մը, որ փա­ռա­ւո­րեալ պի­տի կո­չուի ե՛ւ ներ­կա­յի ե՛ւ ա­պա­գա­յի մէջ… ու այս ա­մէ­նուն իբ­րեւ զոհ, են­թար­կուո­ղը պի­տի ցան­կայ ար­դա­րու­թիւն ու­ժե­ղէն՝ ո­րու ար­դա­րու­թիւ­նը իր սու­րին ծայ­րէն կա­խեալ է: Ու­ժե­ղէն ար­դա­րու­թիւ­նը ինք­նին տկա­րին նուա­ճումն է՝ ի շահ իր ան­կուշտ տեն­չանք­նե­րուն եւ այդ­պէս պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի բազ­մա­տե­սակ ե­րես­նե­րով ու եր­բեմն մարդ կը շուա­րի ո­րո­նե­լով ել­քը: Բայց մի­թէ՞ ու­նի ելք, թէ խնդի­րը յա­ւի­տեան է, կամ հե­ռո՜ւ, շատ հե­ռու, եւ կա­րե­լի չէ կա­սեց­նել ինչ­պէս յոր­դա­հոս գե­տը մի քա­նի թու­բե­րով, կամ փո­թո­րի­կը սան­ձել… ա­ղօթք­նե­րով:

Այս տա­կա­ւին ար­տա­քին ե­րե­ւոյթ է. կայ ա­մէն մէկ ան­ձի ներ­քին կա­ռոյցն ու փա­փա­քը, ա­նոր հաս­նե­լու ցան­կու­թիւ­նը, ի հարկէ չկա­րե­նալ ի­րա­կա­նաց­նե­լու պա­րա­գա­յին ներ­քին տագ­նա­պը կ՚ըլ­լայ ան­խու­սա­փե­լի, այդ ալ մարդ­կա­յին է ու բնա­կան:

Հնդիկ աշ­խար­հահռ­չակ բա­նաս­տեղծ Ռա­պինտ­րա­նադ Դա­կոր ու­նե­ցաւ իր տես­լա­կա­նը.-

«Ես հա­լա­ծում եմ ոս­կէ եղ­նի­կին:
…………­
Ես վա­զում եմ սա­րե­րով ու ձո­րե­րով, թա­փա­ռում
Եմ ա­նա­նուն վայ­րե­րուն, ո­րով­հե­տեւ հե­տապն­դում եմ ոս­կէ եղ­նի­կին: (Պար­տիզ­պա­նը.69):
Բայց ո՛րն է ել­քը:
Սո­փոկ­լես յոյն փի­լի­սո­փան ը­սած է- «Լա­ւա­գոյնն է չծնիլ…»։
Բայց ար­դէն ծնած ենք…

Տա­րուին ը­սած է. «Յար­մա­րո­ղը կը գո­յա­տե­ւէ»…։ Բայց բա­նա­կան մար­դու հա­մար միթէ՞ հեշտ է յար­մա­րիլ, երբ դա­տո­ղու­թիւն ու կիրք կը միա­նան… փա­փաք­նե­րը ան­սահ­ման են, իսկ ի­րա­կա­նա­ցու­մը՝ ան­կա­րե­լի:

«Ու­զե­ցի ա­րե­ւը բռնել ու խա­ղալ գնդի­կի փո­խա­րէն
Ու­զածս մեծ բա՞ն էր մի­թէ իմ տա­րիքս տա­սը չէր…»

Սա­կայն երբ զար­նուինք ի­րա­կա­նու­թեան պա­տին, որ ալ կա­խեալ չէ մեզ­մէ…։

«Ու­զե­ցի տեղ մը ես սրտին մէջ
Ու դար­ձայ ող­ջա­կէզ…
……………­
Ալ տեղ մը չեմ ու­զեր ոչ մէկ տեղ
Կ՚ու­զեմ որ այ­րեն դիակս փայ­տէ ու տան հո­վե­րուն
Աչ­քե­րուն առ­ջեւ «ար­դար» ա­րե­ւուն…»:

Հոս կը վեր­ջա­նայ ա­մէն ցան­կու­թիւն:

Ցգրու­թիւն:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016