ԸՆՏԱՆԻ՞Ք, ԹԷ ՔԱՈՍ (Ա. ՄԱՍ)
-Արդար կը տեսնե՞ս, աղբար, որ դուն ունենաս վեց զաւակներ, տունդ վխտայ անոնց խաղերով ու ճլվլոցով, վայելես երջանկութիւնը բազմանդամ ընտանիքին, անունդ վերապրի անոնց հետ, մինչդեռ եղբայրդ զաւակ չունի, անկենդան է անոր տունը, միշտ տխուր, միշտ մտահոգ: Ի՞նչ կ՚ըսես, եթէ աս վեց ամսուան նորածին մանչդ տաս եղբօրդ, թող ան ալ քիչ մը ուրախանայ ու տան մթնոլորտն ու տրամադրութիւնը փոխուի...:
Այսպէս կը վճռէ Եղիսաբէթ՝ 55-ամեայ ամուլը իր եղբօր՝ Յովհաննէսին, որ միշտ ալ հլու հնազանդ, կուրօրէն կ՚ենթարկուի քրոջ վճիռներուն: Մոռցուած է նոյնիսկ կնոջ մը գոյութիւնը, որ մայրն է մանուկին, միշտ ալ այսպէս եղած է արդէն նահապետական բարքերու իշխողութեան տակ շնչող այս ընտանիքին համար: Բայց հոս ոչ միայն այս բարքերն են որ կը տիրեն, այլ խանդոտ տալոջ մը արարքներն են անոնք, բարդոյթները, որոնք կը զարգանան ի տես Յովհաննէսի ընտանիքի աճին, մինչ ինք ամուլ է ու ամուսնանալու յոյսն ալ վերացած է, ուստի ամէն ինչ կ՚ընէ կրակ ձգելու եղբօրը տան մէջ:
Զրոյցը հասած է աւարտին, որոշումը՝ առնուած: Ներսի սենեակէն կու գան քոյր ու եղբայր: Մանուկներով շրջապատուած մայրը, ստնկեր մանուկը կրծքին, կը զգայ կարծես պատահելիք գէշ բան, երբ արդէն իսկ տալը կու գայ, մանուկը կը քաշէ մօր գիրկէն ու հրաժեշտ տալով. «եղբայրդ շատ պիտի ուրախանայ» ըսելն ու սադայէլական հայեացքներով եղբօրը կնկան նայելով դուռը փակելը մէկ կ՚ըլլայ:
Մայրը սառ կտրած կը նայի կուրծքէն կաթող կաթի կաթիլներուն, որոնք քիչ առաջ քաղցը կը փարատէին այն մանկան, որ ինը ամիս իր արգանդին մէջ սնած էր ու տակաւին քիչ առաջ կը թռչկոտէր թեւերուն մէջ: Մօր արցունքի գաղջ կաթիլները եւս կը միանան հոսող կաթին, որ հետզհետէ կը նօսրանայ: Մեծ է հարուածը, սթափիլը՝ անկարելի, իսկ խօսիլն ու հակաճառելը ուրիշ անկարելիութիւն մը կը կազմեն. չհասկցող կողակից մը ունենալուն արդիւնքը այս է անկասկած, ոչ միայն չհասկցող, այլեւ արբեցող ու հարուածող. միայն անասնական հաւատարմութիւն մըն է որ կը տածէ սոսկ ծնողքին հանդէպ, մինչ իր ընտանիքը գերիներու կոյտ մըն է կարծես, որ պարտաւոր է ենթարկուելու ամէն ինչի: Այսպէս կը կարծէր ըլլալ Յովհաննէս տղամարդկութիւն կոչուածը, որ 1940-ականներուն Հալէպի մէջ ընտանիք կազմած արեւելքցի մըն էր: Այդ ժամանակ ընտանիք կազմել կը նշանակէր տիրել ընտանիքին եւ այնպէս մը վարուիլ անոր անդամներուն հետ, որ կարծես հեռաղեկով առաջնորդուող գործիքներ ըլլային անոնք, բացառութիւններ ալ կրնային գտնուիլ, հարկաւ...:
Խոհանոցէն կու գայ մօր անդրանիկը՝ վեցամեայ Հռիփսիկը, որ նորածինին որքան հոգ կը տանէր ու միայն ինք կը խաղացնէր, կը հագցնէր, կը քնացնէր. մօրը միակ նեցուկը, որ նոյնիսկ մանկիկին փոքրիկ մայրը կարելի էր կոչել զայն: Հռիփսիկ կը տեսնէ մօրը կերպարանքը, աջ-ձախ կը փնտռէ մանուկը, տան բոլոր սենեակները սրընթաց շրջան մը կ՚ընէ ու խելակորոյս, կարծես թանկարժէք խաղալիք մը կորսնցուցած, որ երբեք ալ չէ ունեցած, կը վերադառնայ մօրը ու.
-Ո՞ւր է աղբարիկս,- կը բացագանչէ:
Մայրը ինքզինք կը զսպէ, արցունքները կը սրբէ: Որոշում մըն է անոր մէջ առնուածը կարծես, ակնթարթի մը սահումով պարտականութեան կը վերածուի ամէն ինչ, կ՚որոշէ չլալ, չզգալ, մեքենայ մը ըլլալ, շնչաւոր մեքենայ մը. միշտ ալ այս որոշումը կ՚առնէր, բայց իւրաքանչիւր մանկան ծնունդին հետ, կարծես յոյսի շող մը, կայծ մը կը փայլէր: Թերե՛ւս մանուկը կարենար բան մը փոխել տան մէջ, անգութ հօր մէջ գութի նշմար մը զգացուէր, զգացում մը, ժայռի մակերեսին ճեղք մը բացուելու նման բան մը...: Բայց այս անգամուան հարուածը շատ մեծ է ու պոռթկումը՝ բիւրապատիկ աւելի, ինչպէ՞ս չլալ, չնեղուիլ, չզգալ. որքան ալ որոշէր՝ չէր կրնար ան մեքենայի մը վերածուիլ, մանաւանդ որ հարցը զաւկի մը աներեւութանալուն կը վերաբերի...: Ու կ՚եռայ կաթը անոր կուրծքին մէջ, ուրեմն անօթի է Յովսէփը, բայց ո՞ւր է ան, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս դիմանալ...: Աչքերուն դիմաց բարձրաձայն կ՚աղաղակէ Հռիփսիկը, ու ներքուստ խեղդուելով ոտքի կ՚ելլէ մայրը, կը գրկէ զայն ու պահ մը միասին կու լան. Հռիփսիկն է մօր միակ մխիթարանքը, ու.
-Պտոյտի գնաց, աղջի'կս, կու գայ,- կը խաղաղեցնէ մայրը:
-Ո՞վ տարաւ, մա՛մ:
Թէեւ Հռիփսիկին համար անհասկնալի կը թուի հօրաքրոջը Յովսէփին պտոյտի տանելու հանգամանքը, քանի օր մը նման բան չէ պատահած, ու անդրադառնալով հօրը խոժոռ դէմքին, ան ցած ու զգուշաւոր ձայնով մը կը շարունակէ լուսաբանուիլ ինչքան որ կարենայ.
-Բայց ինչո՞ւ կու լաս, ի՞նչ կայ,- մտահոգուած կը նայի մօր աչքերուն:
-Բան չկայ, քիչ մը հիւանդ եմ:
-Ի՞նչ ունիս, մա՛մ, ի՞նչ ընեմ որ առողջանաս:
-Պաչիկ մը,- կ՚ըլլայ մօր պատասխանը ու աւելի ամուր կը սեղմէ դստրիկը գրկին մէջ:
Կ՚անցնին օրեր, Հռիփսիկ անընդհատ կը հարցնէ մօրը Յովսէփին մասին, մինչ մայրը մեքենայական պատասխաններով կը կրկնէ նոյն յանկերգը. «կու գայ, աղջի՛կս, կու գայ»: Սակայն մայրը կը տառապէր վերջերս ահագնացած գլխացաւով մը, երկար ժամեր կը քնանար, կամ ալ այդպէս կը ձեւացնէր, իսկ Յովհաննէսը զզուած էր կարծես այս առօրեայէն, կը զգար կնոջ ցաւը, թերեւս ի'նք ալ կը զգար ցաւ մը, ի վերջոյ հայր է, որուն պատճառով ա՛լ աւելի զայրացկոտ դարձած էր ու աւելի յաճախ կ՚արբենար:
Օր մը երբ հայրը տուն կը մտնէ, կը տեսնէ Հռիփսիկը մօրը մօտ՝ նոյն հարցով կը հետաքրքրուի, կը մօտենայ աղջկան ու գինովութեան մէջ կ՚ապտակէ, ու ժխոր մը կը ստեղծէ տան մէջ դարձեալ: Հռիփսիկ չի գիտնար հարուածին ինչո՞ւ եւ ուրկէ՞ գալուն պատճառը. կը պատսպարուի մօր գիրկին մէջ, մայրն ալ հարուածներէն իր բաժինը կը ստանայ, հարկաւ: Յովհաննէս կը պոռայ.
-Ալ չե՛մ ուզեր լսել Յովսէփին անունը, չկա՛յ, տարի՛նք, Սողոմոն ամմոյիդ տուինք, չե՛մ ուզեր լսել այս նիւթը տան մէջ այլեւս...:
Մօրը գլխացաւը կը սաստկանայ, սակայն Հռիփսիկը գրկելով խաղաղեցնել կը փորձէ ու միասին անկողին կ՚ուղղուին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶՐԱԵԱՆ
Շարունակելի...