«Հայկական Փողոց»

«ՈՒՐԲԱԹ ՕՐԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ԴԱՆԴԱՂԻ»

Պուէ­նոս Այ­րէս, Ար­ժան­թին: Մա­յիս 2016: Ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կիս ճա­շա­րա­նին մէջ մէկ կող­մէ կը նա­խա­ճա­շեմ, միւս կող­մէ, հա­մա­կար­գի­չին ե­տեւ նստած, կը փոր­ձեմ քայլ պա­հել ի­րենց հեր­թը սպա­սող շատ մը գոր­ծե­րուս հետ: Այդ կա­ցու­թեանս մէջ չանդ­րա­դար­ձայ, որ տա­րեց մարդ մը մօ­տե­ցաւ ին­ծի եւ սպա­նե­րէն հետս զրու­ցեց, թէեւ չհասկ­ցայ իր ը­սա­ծը, բայց ու­զե­ցի իր ժպտուն, բա­րե­կա­մա­կան ու հա­ղոր­դա­կան դէմ­քին ըն­թացք տալ: Հար­ցու­ցի, ե­թէ անգ­լե­րէն գի­տէր, փոր­ձեց իր միտ­քը եւ ը­սե­լի­քը պար­զել: «Այ­սօր Ուր­բաթ է, շա­բա­թա­վեր­ջը կը սկսի, աշ­խա­տան­քը ընդ­հան­րա­պէս կը սկսի դան­դա­ղիլ»: Ե­թէ դէմ­քին վրայ կար ժպիտ մը, բայց նաեւ ան շա­հե­ցաւ իմ բա­րե­կա­մու­թիւնս: Վեր­ջա­պէս, կը փոր­ձէր քա­ջա­լե­րել զիս, որ­պէս­զի քիչ մը նուա­զեց­նեմ իմ աշ­խա­տան­քա­յին հեւքս եւ ե­րե­ւի շա­բա­թա­վե՞ր­ջը վա­յե­լեմ:

Ար­ժան­թի­նի մէջ կայ այս բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տը, ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ կայ մարդ­կա­յին հա­ղոր­դա­կա­նու­թիւ­նը, ուր դժուար չ՚ըլ­լար  բա­րե­կա­մու­թիւն եւ յա­րա­բե­րու­թիւն մշա­կե­լը: Ուս­տի, յատ­կան­շա­կան ու ե­րե­ւի նաեւ գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն մէկն է, երբ մար­դիկ կ՚ող­ջա­գու­րուին ի­րա­րու հետ իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ, երբ հան­դի­պին, եւ նոյ­նիսկ երբ ան­ծա­նօթ­ներ են եւ նոր կը ծա­նօ­թա­նան:

Եւ այս նոյն ջերմ մթնո­լոր­տին մէջ էր, որ սկսայ մէկ-մէկ քա­կել հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ, իսկ այդ մէ­կուն ծա­նօ­թա­նա­լու լաւ մի­ջոց­նե­րէն մին «Հայ­կա­կան փո­ղոց»ն է: Հոն է, որ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ մէկ-մէկ, ի­րա­րու մօտ եւ զի­րար «հրմշտկե­լով» ստեղ­ծած են պզտիկ Հա­յաս­տան մը: Թէեւ սկիզ­բը հոն հիմ­նուած են ե­կե­ղե­ցին եւ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը, բայց շու­տով ա­նոնց կող­քին սկսած է հայ­կա­կան կեան­քը ծաղ­կիլ՝ իւ­րա­քան­չիւր կրթա­կան-մշա­կու­թա­յին եւ ա­կում­բա­յին ու տա­կա­ւին հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մով: «Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին մեզ մէկ­տե­ղեց», կ՚ը­սէ Խոր­կէ Գա­զան­ճեա­նը՝ խմբա­գի­րը «Ար­մե­նիա» շա­բա­թա­թեր­թին, որ ու­նի եօթ հա­րիւր բա­ժա­նորդ:

Հայ­կա­կան կեան­քը փխրուն է, բայց եւ այն­պէս ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ակ­նե­րեւ են: «Հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր դեր կը կա­տա­րեն հա­յուն ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մին մէջ», կը վկա­յէ Տ. Գի­սակ Արք. Մու­րա­տեան՝ Ար­ժան­թի­նի ա­ռաջ­նոր­դը:

Բայց Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ միայն «Հայ­կա­կան փո­ղոց»ը չէ, որ հայ­կա­կա­նու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ: Քա­ղա­քին մէջ կան բազ­մա­թիւ վայ­րեր, ուր առ­կայ է հայ­կա­կան դրոշ­մը՝ խաչ­քար, յու­շար­ձան, պար­տէզ, հրա­պա­րակ եւ այլն: Հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թիւ­նը ու­նի նաեւ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը երկ­րին մէջ: «Դես­պա­նա­տու­նը ձեր եւ բո­լոր հա­յե­րուն տունն է», ը­սաւ Ա­լեք­սան Յա­րու­թիւ­նեան մեր հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին, պարզ է, որ սփիւռ­քի տա­րած­քին հա­յը պէտք ու­նի հայ­րե­նի «տան» այս ջեր­մու­թեան:

Ար­ժան­թին եր­կիր մըն է, որ ո՛չ միայն հիւ­րըն­կա­լած է հա­յե­րը, այլ նաեւ սի­րած է զա­նոնք: Ար­դա­րեւ, տե­ղա­ցի­նե­րուն հետ զրու­ցե­լով՝ դժուար չէ նկա­տել, որ բա­ւա­կան բան գի­տեն հա­յուն մա­սին եւ յար­գանք ու հիա­ցում կը տա­ծեն ա­նոր նկատ­մամբ: Պուէ­նոս Այ­րէ­սի գիր­քի մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րը «փայ­լող» ներ­կա­յու­թիւն էր: Նոյն ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կայ ե­ղանք շնոր­հա­հան­դէ­սին չորս նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց մէջ հայ գրող­ներ սպա­նե­րէն լե­զուով կը ներ­կա­յաց­նեն հայ­կա­կան պատ­մու­թիւ­նը եւ մշա­կոյ­թը, ինչ որ շատ բան կ՚ը­սէր գա­ղու­թին ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ ա­նոր գի­տակ­ցու­թեան մա­սին: Բայց եւ այն­պէս կայ ան­խու­սա­փե­լին՝ լե­զուի պահ­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր նա­հան­ջը: Ա­նի Մու­շեան-Սար­գի­սեան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէնն է: «Հա­յե­րէն կը հասկ­նան, բայց չեն խօ­սիր,- մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց ան,- հա­յե­րէն դա­սա­նիւ­թեր դա­սա­ւան­դող ու­սու­ցիչ­նե­րու կա­րի­քը շատ մեծ է»:

Ար­ժան­թի­նի մէջ այ­սօր կը գոր­ծեն եօթ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնք ու­նին ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար ա­շա­կերտ­ներ:

Դար­ձեալ մեր պատ­մու­թիւնն է, որ կը չարչր­կէ զիս, ո­րով­հե­տեւ այդ պատ­ճա­ռով է, որ այս­քան տա­րա­ծուած ենք աշ­խար­հով մէկ, ուս­տի պէտք է միշտ պայ­քա­րինք մեր ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­մին հա­մար:

Ար­ժան­թին ե­ղած է «ներ­գաղ­թող­նե­րու» եր­կիր, յատ­կա­պէս՝ Պուէ­նոս Այ­րէ­սը: Շատ են ազ­գու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ե­կած են աշ­խար­հի տար­բեր ցա­մա­քա­մա­սե­րէն, մաս­նա­ւո­րա­բար՝ Եւ­րո­պա­յէն:

Հինգ գոր­ծա­կից­նե­րուս հետ նստած՝ կը զրու­ցէի: Հինգն ալ ար­մատ­նե­րով Ի­տա­լիա­յէն են: Հարց տուի, թէ ի­րենց մեծ ծնող­նե­րը ե՞րբ հա­սած են Ար­ժան­թին, բո­լո­րին պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր տա­րի­ներ ա­ռաջ: Չու­շա­ցաւ իմ հիմ­նա­կան հար­ցումս՝ «Որ­քա՞ն ի­տա­լա­ցի կը զգաք եւ որ­քա՞ն ի­տա­լե­րէն կը խօ­սիք»: Բո­լո­րին պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ, թէ ոչ մէկ ա­ռըն­չուա­ծու­թիւն եւ կա­պուա­ծու­թիւն կայ ի­տա­լա­կան ինք­նու­թեան եւ լե­զուին հետ: «Բո­լորս ալ ար­ժան­թին­ցի կը զգանք»: Իսկ պատ­ճառ­նե՞­րը. ո­մանք կա­մո­վին փոր­ձած եւ մոռ­ցած են ան­ցեա­լի «հետ­քեր»ը, սա­կայն նաեւ կան կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ­նե­րը՝ «հո­սանք»ին հետ քայլ պա­հե­լու եւ ե­րե­ւի ա­նոր դէմ թիա­վա­րե­լու դժուար ի­րա­կա­նու­թիւ­նը:

Ա­սի­կա ինք­նա­բե­րա­բար ա­ռիթ կու տայ մեր մի­ջեւ բաղ­դա­տա­կան կա­տա­րե­լու: Բայց հա­յը այդ­պէս չէ ե­ղած, մենք ալ հա­րիւր տա­րի­ներ ա­ռաջ ե­կած եւ հաս­տա­տուած ենք լա­տի­նա­կան այս եր­կի­րը, բայց կայ տա­կա­ւին ինք­նու­թեան զօ­րա­ւոր տրո­փիւ­նը: Ե­թէ ոչ այդ­քան լե­զուին, բայց մշա­կոյ­թին եւ ա­նոր ար­ժէ­քին ա­ռու­մով կայ մնա­յուն ճի­գը այդ ար­ժէք­նե­րուն վրայ հիմ­նե­լու հայ­կա­կան կեան­քը, եւ ա­տի­կա մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի:

Է­լե­նա Աշ­ճեա­նը տնօ­րէնն է «Մա­րի Մա­նու­կեան» դպրո­ցին: Ան այս ե­րե­ւոյ­թը ներ­կա­յա­ցուց շատ ա­ւե­լի քննա­կան եւ ա­ռար­կա­յա­կան մօ­տե­ցու­մով: «Հա­յե­րէ­նը որ­պէս երկ­րորդ լե­զու պէտք է սոր­վեց­նել հայ նոր սե­րուն­դին, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէ­նը ի­րենց հա­մար մայ­րե­նի լե­զու չէ»:

Ուս­տի պէտք է հա­մո­զուի՞լ եւ ըն­դու­նի՞լ «եր­կու չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը», այդ­պէ­սով գէթ զարկ տա­լով մայ­րե­նիին՝ որ­պէս «երկ­րորդ» լե­զու…

Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան տե­ղա­կան ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պաշ­տա­մուն­քին մաս կը կազ­մեմ: Կը քա­րո­զեմ անգ­լե­րէն, որ կը թարգ­մա­նուի տեղ­ւոյն վրայ՝ սպա­նե­րէ­նի: Խօ­սե­ցայ հա­յու­թեան եւ մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ քրիս­տո­նեայ ներ­կա­յու­թեան մա­սին: Ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ սրա­հը լե­ցուն էր հոծ բազ­մու­թեամբ մը: Պաշ­տա­մուն­քէն ետք մօ­տե­ցաւ չա­փա­հաս անձ մը,  փոր­ձեց հասկց­նել, թէ հայ է եւ մա­կա­նու­նը՝ Ժամ­կո­չեան: Հա­յե­րէն չէր խօ­սեր, բայց սրտին մէջ ու­նէր «հպար­տու­թիւն» մը, զոր կ՚ու­զէր բաժ­նեկ­ցիլ ին­ծի հետ: Եւ թարգ­մա­նո­ղի մը օգ­նու­թեամբ ան ը­սաւ.  «Տղաս Հա­յաս­տան գնաց եւ հի­մա հոն կ՚ապ­րի»:

Եւ այս հա­յուն հպար­տու­թի՞ւնն է՝ ինք­նու­թեան, մշա­կոյ­թին եւ հայ­րե­նի­քին վե­րա­բե­րող, երբ նոյ­նիսկ լե­զուն կը նա­հան­ջէ եւ ստի­պուած է մայ­րե­նին սոր­վիլ որ­պէս «երկ­րորդ լե­զու»:

Բայց, ա­յո՛, ա­սի­կա հա­յուն հպար­տու­թիւնն է: Ե­թէ ի­տա­լա­ցին հա­րիւր տա­րի ետք կորսն­ցուց իր այս ազ­գա­յին հպար­տու­թիւ­նը, բայց հա­յը տա­կա­ւին կը պա­հէ զայն, այդ ալ՝ հա­րիւր տա­րի­ներ ետք: Ե­թէ հա­յը հա­րիւր տա­րի­ներ «սեղ­մեց» ու «ամ­փո­փեց» իր այս հպար­տու­թիւ­նը «Հայ­կա­կան փո­ղոց»ին մէջ, բայց միշտ կառ­չած մնաց յոյ­սին: Այն յոյ­սին, որ «հայ­կա­կան փո­ղոց»ին մէ­ջէն պի­տի տես­նէ, բայց նաեւ հաս­նի «Նոր եր­կինք  մը ու նոր եր­կիր» Աս­տուա­ծա­շուն­չի հաս­կա­ցո­ղու­թեան (Յայտ­նու­թիւն Յով­հան­նու 21:1): Այս «Նոր եր­կինք ու երկ­րի» տես­լա­կա­նին հա­մար ու ա­նոր հետ հա­յը հա­րիւր տա­րի­նե­րէ ի վեր եւ մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ տքնիլ, որ­պէս­զի «յաղ­թէ», եւ որ իր «ա­մէն բա­նե­րը ժա­ռան­գէ» (Յայտ­նու­թիւն Յով­հան­նու 21:7): Եւ այս «ժա­ռան­գը» հա­յուն հպար­տու­թիւնն է, որ մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին կը պա­հէ իր «ջեր­մու­թիւ­նը» որ­պէս ապ­րող «ար­ժէք» մէկ կող­մէ հայ­րե­նի ու Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեամբ, բայց նաեւ՝ ա­ւե­լիով: Այս ա­ւե­լին ալ «Հայ­կա­կան փո­ղոց»ներն են՝ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ թէ այ­լուր, ո­րով­հե­տեւ այդ «փո­ղո­ցին» մէ­ջէն հա­յը միշտ յի­շեց իր «նոր եր­կի­րը»՝ «Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նը»: Եւ այս ալ յոյ­սին ար­գա­սիքն է. ար­դա­րեւ, հա­րիւր տա­րի­ներ ետք հա­յը նոյն այս յոյ­սին կառ­չե­լով՝ կը շա­րու­նա­կէ յի­շել, բայց նաեւ՝ պա­հան­ջել: Այս յոյ­սը հա­յուն կը շնոր­հէ իր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նկատ­մամբ հպար­տու­թիւ­նը, որ եր­բեք չի մոռ­ցուիր, այլ կը պահ­պա­նուի ընդ­միշտ:

«Հայ­կա­կան փո­ղոց»՝ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ թէ այ­լուր: «Փո­ղոց» մը, որ հա­յուն կու տայ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ տալ ապ­րե­լու կեան­քը իր այս ինք­նու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հպար­տու­թեամբ:

Եւ այս հպար­տու­թեամբ է, որ հա­յը իր  «Հայ­կա­կան փո­ղո­ցը» պի­տի հասց­նէ հայ­կա­կան «Նոր եր­կիր»:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016