ԵՐԱԶ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ցանկութիւնները պահանջքի մը արդիւնքն են։ Կ՚աշխատինք ունենալ։ Առ այդ կը մտածենք, կը ծրագրենք եւ կ՚աշխատինք ու նայած նիւթին կը սպասենք իրագործումին:
«Տուր Աշխարհիս Խաղաղութիւն, Ազգիս Հայոց Սէր Միութիւն»... այլեւս կը հնչէ զեփիւռի նման, կու գայ ու կ՚անցնի վայրկեանական ու այդքան։ Ոչ ոք կը լսէ։ Դարերու հարց է եւ այդ խընդ-րանքին գիտակից չենք տակաւին, թէ որմէ՞, ի՞նչ կը խնդրենք... կամ ի՞նչ պէտք է խնդրենք... բան մը որ մեր ներսիդին է ու բոլորովին եւ ամբողջովին կախեալ է մեզմէ: Եթէ Աստուծմէ կը խնդրենք, պէտք է շատ լաւ սերտենք անոր գործելակերպն ու խորհուրդները, երբ գրուած է «Երկինքի Թագաւորութիւնը Ձեր Ներսիդին Է»... հասցէն մենք իսկ ենք, մեզի պարտք կ՚իյնայ խաղաղութիւնը, սէրն ու միութիւնը իրագործելու, ապա՝ հաստատելու: Ոչ խաղաղութիւն, ոչ սէրն ու միութիւնը ինքնեկ չեն - անոնք աչալրջութեան, աշխատանքի ու ժամանակի կարօտ են, մանաւանդ խնդիրը երբ մարդկառոյցին կը վերաբերի, ու ակնյայտ է, որ այս ոճրային մարդ արարածը անհանդարտ է իր ներքին կիրքերով, որոնք կը բաշխեն այլոց ու փոթորիկը կը պայթի, ինչ որ պայթած է մարդու պատմութեան արեւածագէն, ու ծովու ալիքներու նման անհանդարտ են, իսկ երբեմն կը լեռնանայ ու կեանքի շարժման մէջ, նոր բառով՝ ցունամի կը կոչուի:
Մեծածաւալ նիւթերու կողքին ունինք նաեւ մեր առօրեայի հետ կապուած ցանկութիւններ։ Նորածինին՝ կաթ, մանուկին՝ խաղ եւ ընկեր, իսկ պատանիին՝ իրեն յատուկ ցանկութիւններ... երիտասարդին ալ՝ «երազներու պերճուհին» (Մ. Մեծարենց) եւ ամէն անձ ըլլալով յատուկ միաւոր, ունի անշուշտ իր սեփականը, տեսլականը, երազը. «Ես երազ մ՚ունիմ եւ այդ երազին ակունքը հին է։ Նայիլ արեւուն, ներշնչուիլ անով, այրի՛լ լուսաշող»... այս ալ իմ երազս էր յանուն մարդկայնականութեան... ճշմարիտ սէրը վախը կը վանէ, փոխյարաբերութեան թէ ռազմադաշտի մէջ...։
Ի՞նչ է երազը, կայ ու չկայ իրականութիւն։ Կ՚անցնի, կ՚անհետի ու դա՛րձեալ չի մոռնար այցելել, որ կը վերած-ւի երբեմն արցունքի, մխիթարանք իբրեւ գէթ:
Եւ կը ժպտանք, գոհ կը ժպտանք աշխարհին
«Որ երազում երազեցինք ու անցանք»։ (Ե. Չարենց)
Ու դեռ՝ հաւատարիմ մենք մեզի, խաղաղութիւն կը ցանկանք, կը ցանկանք քանի որ չունինք, եւ ոչ միայն չունինք, այլ դարերու ենթարկուածութիւնը մեր իսկ հողին վրայ մեզի ըրած է հայու տեսակ մը, որ հասարակ յայտարարի կարօտը ունի։ Հայաստան ըսելով ի՞նչ կը պատկերացնենք... ի՞նչ է բաղադրութիւնը անոր, ու հայու ինքնութիւնը ո՞ւր եւ ի՞նչպէս կը կերտուի (ի միջի այլոց, «ի՞նչ է հոգին, հայու հոգին»... Վ. Թէքէեան) երբ աշխարհաքաղաքացի ենք եղած մեծ մասով ու ափ մը հողի վրայ հիւծող հայութիւն, անկախութիւն հռչակած հողին վրայ, ուր ներքին հարցերը երբեմն կը բորբոքին ու անցանկալի իրականութեան տեղի կու տան։ Փաստը՝ վերջին օրերու եւ տակաւին շարունակուող շփոթ վիճակն է, խլրտումներն են: Հոս տեղին է յիշել, թէ ի՜նչ բազմաթիւ, բազմատեսակ դժգոհութիւններ ու բարդութիւններ վերագրուած էին խորհրդային կարգերու իբրեւ արդիւնք, մանաւանդ ազատութեան, ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէ։ Մինչդեռ մարդ արարածի հնարքները անթիւ են տեսութիւն մը խեղաթիւրելու եւ այլ բազմաթիւ բաներու:
Գալով՝ ո՛չ խաղաղութիւնը, ո՛չ ալ դրախտը երկրային չեն եղած, չեն կրնար ըլլալ ու պիտի չըլլան... կեանքը իր հունով կը շարունակուի ու անկախ Հայրենիքիդ մէջ իսկ կաշկանդուած կրնաս զգալ: Եւ սակայն՝
«Ինչքան էլ որ սուր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր
Էլի ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան եա՜րն եմ սիրում»: (Ե. Չարենց)
Յ.Գ. Երկտասնամեակ մը առաջ առիթով մը հաւաք տեղի ունեցաւ (դժբախտաբար օրագիր բռնելու դրութիւնը չունիմ), ուր երբ ներկաներէն բժիշկ մը Խորհրդային Միութեան մասին խօսելով «բռնատիրութիւն» բառը գործածեց, գրող Հրանդ Մատթէոսեան ըսաւ. «Ես ոչ մի բռնատիրութիւն չեմ զգացել»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»