ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԹԻԹԵՌՆԻԿԸ
Արաբ քաղաքացի մը, անկախութենէն վերջ տարածաշրջանէն ներս ոգեւորութեան ալիքը բարձրանալէ ետք, ցոյցի մը ընթացքին սպաննուեցաւ: Մինչ ան իր Տիրոջ մօտ է, կը կարօտնայ իր կնոջ, զաւակներուն եւ իր հայրենիքին: Անոր հոգին կարօտէն եւ հետաքրքասիրութենէն կը ծփծփայ երկինքին մէջ ու իր կնոջ հետ՝ որ գրեթէ մոռնալու վրայ էր զինք, հետեւեալ երկխօսութիւնը կ՚ունենայ.
Ամուինը. ինչպէ՞ս է առողջութիւնը, զաւակներն ու դրացիները:
Կինը. լաւ են. իսկ դո՞ւն:
Ամուսինը. իր հայրենիքին ու սկզբունքներուն սիրոյն մահանալէն աւելի հիասքանչ բան կա՞յ: Սակայն, ձեզմէ հեռու ըլլալս, վէրքերէս աւելի արիւնեց իմ սիրտս:
Կինը. մենք ի՞նչ ըսենք: Ա՜հ եթէ գիտնաս թէ մօրաքոյրդ՝ ըմ1 Մահմուտը ի՜նչ ըրաւ, եւ ի՛նչ ըսաւ հօրաքոյրդ ըմ Հըմետանը, երբ մահուանդ լուրը սփռուեցաւ:
Ամուսինը. չեմ ուզեր հեռախօսազանգի ժամանակը անձնական լուրերով անցընել: Կ՚ուզեմ հարցնել աւելի մեծ հարցերու մասին, որոնց համար կեանքս զոհեցի: Պատմէ՛ ինծի, ի՞նչ են արաբական ազատագրութեան լուրերը:
Կինը. լաւ են:
Ամուսինը. իսկ չմիաւորուած երկիրներու շարժումը:
Կինը. բացառիկ:
Ամուսինը. իսկ արաբական աշխարհէն ներս ազատութի՞ւնը:
Կինը. ձեռքերդ կը համբուրէ:
Ամուսինը. իսկ բանտե՞րը:
Կինը. դատարկ են:
Ամուսինը. հիանալի է, հիանալի, որովհետեւ մեծ երազս եղած է, այդ ահաւոր դահլիճներէն օգտուիլ զանոնք դատարկելէն ետք, կամ որպէս թատերապարի (ballet) բեմեր, կամ կաճառներ արեւելեան երաժշտութիւնը զարգացնելու համար: Ի՞նչ բանի համար կը գործածէք զանոնք:
Կինը. տակաւին կը տարակուսինք՝ թատերապարի՞, թէ՞ երաժշտութեան համար գործածենք:
Ամուսինը. հիանալի է, հիանալի: Իսկ գիւղատնտեսութեան բարեփոխումներուն ծրագիրները աւարտա՞ծ են:
Կինը. մեծ մասով:
Ամուսինը. ուրեմն, ամէն ինչ կայ այլեւս եւ արժան գինով՝ աշխատաւոր դասակարգին համար:
Կինը. անշուշտ, մանաւանդ միրգերը:
Ամուսինը. լա՛ւ է, լաւ: Սակայն, ուշադիր եղէք եւ շատ խնձոր մի՛ ուտէք, որովհետեւ փորկապութիւն կը պատճառէ: Մտած-ելած ատեն պանան ուտելուն չափը մի՛ անցընէք, քանի որ ան ածխաջուրերուն տոկոսը կ՚աւելցնէ եւ կ՚այլանդակէ արաբ աշխատողներուն մարմինները ու կը խանգարէ անոնց՝ կատարել իրենց պարտականութիւնները:
Կինը. այդ առումով հանգիստ եղիր:
Ամուսինը. իսկ տնտեսական մեծ նախաձեռնութիւններուն պահով ի՞նչ կայ:
Կինը. անձրեւի նման են. եւ մենք հիմա ատոնց պտուղները կը քաղենք:
Ամուսինը. հետեւաբար, արաբական դրամները իրենց դերը պէտք եղածին պէս խաղացած են: Մենք, ինչքան կը յիշեմ, հարուստ ենք:
Կինը. աւելին, մենք աշխարհի ամենէն հարուստներն ենք: Եթէ այդ դրամները չըլլային, ապա տարիներէ անգլիական եւ ամերիկեան տնտեսութիւնը փլուզուած կ՚ըլլար:
Ամուսինը. ամէն ինչի մասին «մտածելէ ետք», եւ քանի որ այդ դրամները ունին իրենց աւելցուքը՝ արաբական աշխարհի կարիքները բաւարարելէ ետք, ինչպէս նաեւ աղքատութեան, տգիտութեան, անգրագիտութեան եւ գործազրկութեան յաղթելէ ետք, կը կարծեմ արգելք չկայ ուրիշներուն օգնելու: Ասիկա, ինչպէս գիտես, արաբներուն բարքերէն է:
Կինը. ուրիշ բան կ՚ուզե՞ս:
Ամուսինը. ի՞նչ են Պաղեստինի լուրերը:
Կինը. ձայնդ բարձրացուր, չե՛մ լսեր:
Ամուսինը. չեմ կրնար, ապա թէ ոչ չորս կողմս եղող արաբ նահատակներուն հոգիները կ՚արթննան:
Կինը. իրաւունք ունիս: Ես ալ յոգնեցայ, եւ յետոյ ճաշը կրակին վրայ է: Ի՞նչ կ՚ուտէք այդտեղ:
Ամուսինը. նիւթը մի՛ փոխեր: Ի՞նչ են Պաղեստինի լուրերը:
Կինը. ամօթ է, այսքան տարիներէ ետք այդ հարցումը կը հարցնե՞ս:
Ամուսինը. գիտեմ, սակայն, տակաւին մտահոգ եմ հրեաներու կապակցութեամբ: Ծովուն մէջ մի՛ նետէք զանոնք: Ընտրելու հնարաւորութիւն տուէք անոնց՝ խաղաղութեամբ մեր հետ ապրելուն, կամ իրենց մայր երկիրները վերադառնալու համար:
Կինը. սիրով:
Ամուսինը. ճանապարհելու ժամանակ խիստ մի՛ ըլլաք անոնց նկատմամբ, քանի որ ներումը կարողութեան հարց է, եւ ինչպէս գիտես՝ իսլամական նուաճումներու, ինչպէս նաեւ հռոմայեցիներուն եւ պարսիկներուն հետ ունեցած իրենց պատերազմներու ժամանակ, արաբները…
Դրացիներէն մէկը. ծօ բերանդ գոցէ՛, աս ի՜նչ յիմար ես:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 29
Վաղարշապատ
1 Արաբերէն բառ, կը նշանակէ մայր: Արաբները սովորութիւն ունին երբ իրենց անդրանիկ զաւակը ծնի, ատկէ ետք այդ զաւակին հայրն ու մայրը կը սկսին կոչել զաւակին անունով, անոր անուան առջեւ դնելով հայր կամ մայր: Այսպէս. ըմ Մահմուտ (Մահմուտի մայր), ապու Մահմուտ (Մահմուտի հայր):