Բոլորովին Թափանցիկ
Բարեսիրական կազմակերպութիւնները պարտին ամբողջականօրէն թափանցիկ գործել՝ մանրամասնօրէն հրապարակելով իրենց հաշուական գործառնութիւնները:
Այսօր, աւելի քան երբեք, կարեւոր է, որ նոյնիսկ ամենէն յարգուած, աւելի ճիշդ՝ յատկապէ՛ս ամենէն յարգուած բարեգործական միութիւնները իրենց հանգանակած գումարներուն մասին հաշիւ ներկայացնեն հանրութեան:
Այսօր թափանցիկ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը առաւե՛լ իսկ շեշ-տըւած է, որովհետեւ մեր չորսդին, սունկի պէս, ամէն օր կը ծնին նորանոր բարեգործական միութիւններ, որոնք համազգային կարեւորութիւն ունեցող ծրագիրներու համար կը յաւակնին ու կը յանդգնին հանգանակութիւններու ձեռնարկել: Տեղական հարկային իշխանութեանց վերահսկողութիւնը շրջանցելու վարպետութիւն ձեռք ձգելը այնքա՛ն ալ մեծ գիտութիւն չի պահանջեր: Օրէնքը չարաշահելու ճանապարհներն ալ բազմազան են, դժբախտաբա՛ր: Ուրեմն, մեր համայնքին մէջ մե՛նք է որ տիրութիւն պէտք է ընենք, միասին, բոլո՛րս:
Հաստատուած ու վստահութիւն շահած կազմակերպութիւններու թափանցիկութեան այս շեշտադրումը հիմնականին մէջ կը հետապնդէ երկու նպատակ.
ա.- Յաւելեալ վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին եւ այդ ճամբով ալ յաւելեալ մասնակցութեան մթնոլորտ ստեղծել.
բ.- Պատեհապաշտներու ու խաչագողներու ճանապարհը ըստ հնարաւորին փակել:
Հաշիւ պահանջելով, հաշուետուութիւն պահանջելով՝ կրնանք մաքրել հրապարակը: Որքա՛ն ալ բարոյական իրաւունք տանք մենք մեզի հաշիւ պահանջելու անյայտ ծագումով այս դրամաշորթներէն, պարտաւոր ենք մեր կարգին բաց ու թափանցիկ գործունէութեան աւանդը կատարելագործել, որպէսզի հաշիւ պահանջելու երեւոյթը փոխադարձ ցեխարձակումի հանդէսի չվերածուի, ու այդպէսով, թացը չորին հետ խառնելով՝ աւելի իսկ չվարկա-բեկուի ամբողջ հանգանակային աշխատանքը:
Հաշիւ տանք, թափանցիկ կերպով աշխատինք, որպէսզի դաժանօրէն խստապահանջ ըլլանք ու հաշիւ պահանջենք բոլորէն:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»