ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆԸ ՀՈՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՀԱՅ ՑՈՒՑԱՐԱՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ...
Յարգելի ընթերցող մը երէկ իր դժգոհութիւնը յայտնեց, թէ ինչո՞ւ այս սիւնակով տակաւին կը յապաղիմ իմ տեսանկիւնէն դիտածս արձանագրելու այստեղ՝ ինչ կը վերաբերի անցեալ Կիրակի առաւօտէն ի վեր Հայրենիքի մէջ տիրող բոլորիս ծանօթ կացութեան:
Նախ յիշեցումի համար պէտք է այստեղ նշել, որ ՌԱԿ առաջիններէն եղաւ, որ դէպքին առաջին իսկ օրէն իր Կեդրոնական վարչութեան մակարդակով, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը (որ հրատարակուեցաւ ինչպէս «Զարթօնք»ի, նաեւ ՌԱԿ-ի այլ օրկաններու մէջ), դատապարտեց կատարուած յարձակումը՝ հաստատելով, որ Հայրենիքի մէջ զէնքի ուժով փոփոխութիւն կատարելու ամէն փորձ կը հակասէ մեր կուսակցութեան ժողովրդավարական դաւանանքին եւ սկզբունքներուն:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ կ՚ուզեմ առաւել եւս շեշտել, թէ անկախ յարձակումին զօրակցող զգացական կամ թերեւս ալ արդար պոռթկումներէն՝ կատարուածը իր ձեւին եւ ժամանակի ընտրութեան մէջ՝ ըստ իս աւելի քան սխալ է:
Որպէս Միջին Արեւելքի մէջ ապրող եւ գործող անձ, որ դառն փորձառութիւնը ունի այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»ին, որ իբր թէ սկսաւ ընկերային փոփոխութիւններու արդարացի եւ ժողովրդավար շարժումներով, շուտով արտաքին միջամտութիւններով վերածուելու համար արիւնայեղութեան, որուն սկիզբը կը յիշեմ՝ մինչ աւարտը տակաւին տեսանելի չէ...: Հետեւաբար ինծի համար աւելի քան անընդունելի է՝ Հայրենիքը նման կարմիր իրավիճակով մը պատկերացնել:
Կ՚ապրիմ Հայրենիքէ հեռու եւ հակառակ յաճախակի այցելութիւններուս, բնականաբար չունիմ հայրենի ժողովուրդին առօրեան կամ անոր ցաւը: Հաւանաբար յարձակման այս ձեւին դիմող տղաքը ունին իրենց յատուկ տրամաբանութիւնը: Բայց պետութիւնն ալ զայն դիմակալելու համար ունի իր տրամաբանութիւնը: Սակայն յետոյ ի՞նչ: Ի վնաս որո՞ւ: Զինեալ այս յարձակումը փորձութեան չի՞ մղեր առարկայական մօտեցումով դիտորդներուն մտածել տալու, որ զէնք փոխադրելու մեղադրանքով ամիսներ առաջ կատարուած ձերբակալումը կրնայ եւ իրաւական հիմք ունենալ ու ոչ միայն քաղաքական...: Ի վերջոյ նաեւ ինչո՞ւ մոռնալ, որ Հայ ժողովուրդն ու անոր զաւակները՝ յարձակման մասնակցող, անոր զօրակցող կամ զայն դիմակալող կողմ ունին մէկ եւ միակ թշնամի:
Ինչո՞ւ ուրախացնել թշնամին: Ինչո՞ւ միջազգային լրատուութեան ուշադրութիւնը դէպի Երեւան շեղեցնել: Ինչո՞ւ վնասել արդէն իսկ Հայրենի տկար տնտեսութեան՝ այն ալ ամառնային զբօսաշրջիկութեան եղանակին: Ինչո՞ւ զէնքը ուղղել իւրայինին կուրծքին՝ ի տես Հայրենիքի եւ Արցախի ապահովութեան ու նաեւ գոյութեան սպառնացող ազդակներուն...:
Իրապէ՞ս սպառած է ամէն ժողովրդավարական միջոց՝ քաղաքակրթօրէն ընկերային փոփոխութիւն յառաջացնելու Հայրենիքի մէջ: Պայմա՞ն է թշնամին ուրախացնել: Այս օրերուն սիրելի ընթերցող, կը հետեւի՞ս ատրպէյճանական համացանցային զանգուածային լրատուական միջոցներու ապրած ցնծութեան՝ երբ կ՚արտայայտուին Երեւանի դէպքերուն մասին...:
Ամօ՛թ մեզի:
Ի վերջոյ տեսէք վերի նկարը, որ համացանցի մէջ լայն ընդունելութիւն գտած է՝ նամանաւանդ ընդդիմութեան համակիրներուն կողմէ, որուն մէջ Հայ զինուորին հետ գիրկընդխառնուող Հայ օրիորդը հարց կու տայ անոր, թէ «դուն կը կրակե՞ս վրաս եթէ քեզի այդպէս հրահանգուի», Հայ ոստիկանը կը պատասխանէ՝ «չեմ կրակեր»:
Թոյլ տուր ինծի սիրելի ընթերցող, որ վերի նկարը վերլուծեմ իմ տեսանկիւնէս. հայ ոստիկանը անշուշտ, որ պիտի չկրակէ հայ օրիորդին վրայ, որովհետեւ ան ի վերջոյ այդ վայրին մէջ կը գտնուի ոչ թէ հայ ցուցարարին վրայ կրակելու, այլ անոր ապահովութեան հսկելու եւ կեանքը պաշտպանելու...:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք»