Էրեբունիի դէպքէն ետք Հայաստան կանգնած է կարեւոր քննութեան մը առջեւ
Քաղաքագէտ Միքայէլ Զոլեանի կարծիքով, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները արագ քայլերու չձեռնարկեն ու չդարմանեն Երեւանի Սարի Թաղ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ապա այս խռովութիւններու ալիքը կրնայ աճիլ եւ հունաւորուիլ ամբողջ երկրին մէջ:
Հայաստանի մէջ ներկայ պահու դրութեամբ ամենէն թէժ օրակարգը Էրեբունի շրջանին մէջ եղող ՊՊԾ (Պարեկ պահակային ծառայութիւն) խնդրի լուծումն է: Յիշեցնեմ, որ Կիրակի առաւօտ (16 Յուլիս) կանուխ, առաջին անգամ «Սասնայ ծռեր» անունով հանրութեան ներկայացող խումբը մուտք կը գործէր զօրակայան եւ պատանդ կը վերցնէր հոն գտնուող տասն ոստիկաններ: Զօրակայան մտնող զինեալներուն եւ տեղւոյն ոստիկաններուն միջեւ տեղի կ՚ունենար փոխհրաձգութիւն, որուն արդիւնքով դէպքին վայրը կը զոհուէր ՊՊԾ-ի կեդրոնի փոխ-հրամանատար գնդապետ Արթուր Վանոյեան: Երկու կողմերէն ալ կը գրանցուէին վիրաւորներ, ու վիրաւորեալ ոստիկաններէն երեքը կը փոխադրուէին հիւանդանոց:
Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող լուրը, որ հասարակութեան կողմէ սկիզբը կ՚ընկալուէր, որոշ վերապահութիւններով կը հաստատուէր, ոչ միայն իբրեւ լուր, այլ որպէս նոր իրավիճակ:
Ոստիկանութեան տասնեակ կառքեր կը փութային շրջան եւ Էրեբունի շրջանի յարակից հիմնական փողոցները կը փակուէին:
Դէպքի առաջին գիշերը երեւանցիք մինչեւ ուշ գիշեր գամուած կը մնային համակարգիչներու առջեւ՝ հետեւելու համար յառաջիկայ հաւանական զարգացումներուն: Եթէ առաջին օրը իրադրութիւնը կը համարուէր համեմատաբար խաղաղ, յաջորդ օրերուն հանրութեան տարբեր խմբաւորումներ, ինչպէս՝ «Մենք ենք տէրը մեր երկրին» եւ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնները, կ՚որոշէին մինչեւ ուշ ժամեր մնալ Էրեբունի զօրակայանի մօտ եղող «հատման գիծին» մօտ:
Քաղաքական գետնի վրայ մինչ իշխանութիւնները կը նախընտրէին մինչեւ Հինգշաբթի գիշեր (ՀՀԿ-ի գործադիր խորհուրդի նիստ) լռութիւն պահել եղածին առընթեր, շատ նօսր թիւով քաղաքական գործիչներ կը փորձէին մօտէն հետեւիլ դէպքերու յառաջիկայ զարգացումներուն: Այդ գործիչներուն մէջ երեւելի դեր կը կատարէր «.Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատասխանատուներէն եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ՝ Նիկոլ Փաշինեան, որ դէպքին նոյն օրը մուտք կը գործէր զօրակայան եւ կը նկարահանէր իր ունեցած զրոյցները, թէ՛ զինեալ եւ թէ՛ պատանդ առնուած ոստիկաններուն հետ:
Յառաջիկայ օրերուն տարբեր քաղաքական գործիչներ կը փորձէին Էրեբունի շրջան հասնելով կապ ստեղծել հանրութեան եւ զօրակայանին մէջ գտնուող զինեալ տղոց միջեւ:
Պէտք է նաեւ յիշեցնել, որ զինեալ տղոց համար գլխաւոր նախապայմանը Հայաստանի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումն էր: Անոնք դէպքի առաջին օրը եղած յայտարարութեամբ մը, կը պնդէին, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ին համակարգողը՝ Ժիրայր Սէֆիլեան պէտք է ազատ արձակուէր եւ զօրակայան գալով ուղղակիօրէն մասնակից դառնար խնդրի հանգուցալուծման համար տարուող բանակցութիւններուն:
Անշուշտ բանակցութիւններ եզրը աւելիով կը շեշտուէր Երեքշաբթի առաւօտ, երբ Ժիրայր Սէֆիլեանի գլխաւոր զինակիցը համարուող՝ Ալեք Ենիգոմշեան կը ժամանէր Էրեբունի զօրակայանի շրջան եւ լրագրողներուն հետ խօսելով կը յայտնէր խնդրի լուծումը խաղաղ ճանապարհով աւարտելու համար տարուող բանակցութիւններուն մասին: Ենիգոմշեան նաեւ կը խոստանար, որ «Սասնայ ծռեր» խմբակի տղաքը իր միջոցաւ ԱԱԾ-ին առաջարկներ ներկայացուցած էին, ու նոյն (Երեքշաբթի) երեկոյեան իրաւապահ մարմինները պիտի պատասխանէին այդ առաջարկին: Ենիգմոշեան իր խօսքին մէջ կը շեշտէր, որ այս հանգրուանին կարեւոր չէ եղած առաջարկներուն բովանդակութիւնը եւ կարեւորը լարուած իրավիճակի վերացումն էր:
Հայաստանի տարբեր շրջանակներուն համար եւս կարեւորագոյն խնդիրը հաւանական արիւնահեղութեան մը առաջքը առնելն էր, ու այս առումով էր նաեւ, որ խումբ մը մշակոյթի գործիչներ բաց նամակ մը պատրաստելով կը դիմէին Ժիրայր Սէֆիլեանին, որ իր զինեալ ընկերները յորդորէ, իրենց մօտ եղած զէնքը վար դնելու եւ ոստիկանութեան յանձնուելու:
Կար նաեւ այն խօսակցութիւնը, ըստ որուն Հայաստանի իշխանութիւնները անցնող Երեքշաբթի գիշեր Ժիրայր Սէֆիլեանը Վարդաշէնի բանտէն փոխադրած էին Էրեբունի շրջան, որպէսզի վերջինս անձամբ հետեւի տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:
Թէ որքանով ճիշդ էր այս տեղեկութիւնը յստակ չէ, բայց եւ այնպէս երեւելի է, որ տեղի ունեցող բանակցութիւնները, մինչեւ այս տողերուն գրուիլը, չէին յաջողած դրական արդիւնքներու յանգիլ:
Իշխանութեան լռութիւնը հասկնալի էր: Ու հասկնալի էր նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները տարբեր մակարդակներու վրայ կը փորձէին խնդրին շուրջ առկայ լարուածութիւնը նուազեցնել ու այդպէսով զայրացած հանրութեան մօտ եղած «արեան ճնշում»ը իջեցնել նուազագոյնի:
Ու հակառակ այս մօտեցումին՝ հանրութեան մէջ երեւելի ժխտական երանգ մը կար, նման այն երանգին, որ երեւելի դարձաւ անցեալ 2015 թուականի Յունիս-Յուլիս ամիսներուն, երբ ելեկտրականութեան թանկացման դէմ սկիզբ առած արշաւը կը վերածուէր մեծածաւալ ցոյցերու, որոնց հետեւանքով նաեւ Բաղրամեան գլխաւոր պողոտան երկար ժամանակով փակուած կը մնար:
Պէտք չէ մոռնալ, որ գետնի վրայ պատահած դէպքերը յաճախ այնքան արագ զարգացումներու կրնան տանիլ, որ նոյնիսկ մոռացութեան կը մատնուին դէպքին իսկական պատճառները:
Այսինքն՝ հիմա բոլորս ձեւով մը մոռցած ենք եղած «գրաւում»ին իսկական նպատակը եւ Հայաստանով ու սփիւռքով մէկ մտահոգ ենք, իրավիճակի խաղաղ կարագաւորմամբ:
Ճիշդ է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար հարցը ուժային միջոցներով լուծելու բոլոր բեմագրութիւնները կան, բայց նոյն իշխանութիւնները ու յատկապէս երկրի թիւ մէկ դէմքը՝ Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը գիտակցի, որ Հայաստանի մէջ նոր արիւնհեղութեան որեւէ դէպք տարբեր մակարդակներու վրայ երկրին համար պիտի ըլլայ շատ վնասակար ու այդ արիւնհեղութեան հետեւանքները երկար ատենով պիտի մնան հայրենի ժողովուրդի թէ՛ յիշողութեան եւ թէ՛ հաւաքական տրամաբանութեան վրայ:
Թէ ի՞նչ հանգուցալուծում պիտի ունենայ Էրեբունի զօրանոցի խնդիրը, պարզ չէ։ Յստակ է միայն, որ նման բարդ իրադրութիւններու առջեւ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն ու պիտի փորձեն նուազագոյն վնասներով դուրս գալ իրադրութենէն:
Պէտք է նաեւ նկատել, որ Հայաստանը այսօր կարեւոր քննութիւն մը կ՚անցընէ: Բոլորին համար յստակ է, որ այս դէպքերու աւարտին պարզ պիտի դառնայ, թէ երկիրը ներքին ի՛նչ «իմունիթէտ» ունի, ու պարզ պիտի դառնայ նաեւ, որ Ապրիլին արցախեան սահմանները «վազած» Հայաստանի քաղաքացիները որքա՛ն խոհեմութեամբ դուրս պիտի գան այս տագնապէն:
Հայաստանին կը սպասեն կարեւոր օրեր: Խօսքը անշուշտ արցախեան հարցին կը վերաբերի ու այս պրիսմակին մէջ, յստակ է նաեւ, որ ներքին ճակատին վրայ եղած որեւէ պառակտում կրնայ խորքային վնաս տալ բանակցութիւններու սեղանին պատրաստուող Հայաստանին:
Այդ բանակցութիւններու ատեն Հայաստանը մէկ մարդու նման պիտի խօսի: Մէկ մարդու նման պիտի մտածէ ու մէկ մարդու նման պիտի ընդունի կամ մերժէ: Ու այս առումով ներքին խլրտումներով ստեղծուած անհանգիստ իրավիճակը պէտք է արագօրէն իր դարմանը գտնէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան