ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՍԻՐՈՅ ԹՐԹԻՌՆԵՐ
-Քա ի՞նչ են ասոնք: Ո՞վ կը դնէ գրասեղանիս դարակը: Ո՞վ է աս Նորայրը: Ի՜նչ ալ ճաշակաւոր է ան: Գծագրութեան ալ լաւ կարողութիւն ունի...:
Այսպէս կը մտածէ Արմիկ, երբ ամէն օր կու գայ դպրոց ու գրասեղանին դարակին մէջ տեղաւորուած թուղթի ծրարներ կը գտնէ, որոնց վրայ գրուած են սիրոյ արտայայտութիւններ, սիրտերու եւ ծաղիկներու գեղեցիկ գծագրութիւններու կողքին: Բայց այդ գրութիւններուն մեծամասնութիւնը անհասկնալի է: Ո՛չ արաբերէն են անոնք, ո՛չ ալ՝ հայերէն, միայն ստորագրութիւնները գեղագիր հայերէնով «Նորայր» են: Արաբերէնն ու հայերէնը շատ լաւ գիտէ Արմիկ, քանի ան փոխադրուած է Լիբանանէն ու Երեւանի մօտիկ Աբովեան քաղաքին մէջ ընտանիքին հետ կը բնակի ու բնակարանին մօտակայ դպրոցներէն մէկը կը յաճախէ: Դասընկերներուն քսանը պարսկահայ են, երկուքը՝ տեղացի, մէկը՝ սուրիահայ, իսկ ինք՝ լիբանահայ:
Աչքառու, ճլվլուն աղջիկ մըն էր Արմիկ, տասնչորսամեայ, տաքարիւն պատանեկիկ մը: Անոր յաճախած դպրոցը ունէր առտուան եւ երեկոյեան դասընթացքներ: Ինք կը յաճախէր երեկոյեան բաժինը: Մինչ առտուան իր գրասեղանը զբաղեցնողը պարսկահայ պատանի մըն էր, որ ամէն օր արձակուած պահուն զինք կը տեսնէր ու միշտ կը հետաքրքրուէր իր մասին պարսկահայ դասընկերներուն հարցնելով: Մինչ Արմիկ չէր նկատեր անոր հետաքրքրութիւնը:
Դպրոցի գրեթէ բոլոր աշակերտները գիտէին Արմիկին ու Նորայրին մասին, բացի նոյնինքն՝ Արմիկէն, որ երբեմն-երբեմն հարեւանցի հարցումներով կ՚ուզէր Նորայրին մասին տեղեկութիւններ քաղել, իբրեւ թէ առանց զգացնելու իր ապրումները, բայց ինչպէ՞ս կրնար պահել վառվռող դէմքը, խռովալի նայուածքները, անյագ պրպտումները գրասեղանի դարակին մէջ, ապա կարօտալի ընթերցումն ու հիացումը: Ան ո՛չ կը բարեւէր, ո՛չ կը խօսէր մէկու մը հետ, հեւ ի հեւ կը բարձրանար դասարան ու իր առօրեայ որոնումներուն մէջ կը թաղուէր: Շատ կը փափաքէր անձամբ ծանօթանալ Նորայրին հետ, որուն ներաշխարհին արդէն ծանօթ էր, ու անմեկնաբանելի զգացում մը կ՚ողողէր իր ամբողջ էութիւնը: Այսպիսի ապրումներու ծանօթ չէր ան, հանդիպած էր պատանիներու ու երիտասարդներու, չարաճճիութիւններ ըրած անոնց հետ, սակայն նման ապրումներ երբեք չէր ունեցած: Ան շատ կ՚ուրախանայ մանաւանդ երբ կը տեղեկանայ, որ Նորայրը կը բնակի իրենց տան դէմի հանրակացարանին մէջ, ու աւելին՝ ան իր ննջասենեակի պատուհանէն կրնայ տեսնել անոր սենեակի պատուհանը եւս...: Պիտի կարենայ զայն տեսնել պատուհանէն ամէն օր, որքա՜ն ուրախ է, ամէն վայրկեան կ՚ապրի Նորայրին հետ արդէն, նոյնիսկ քնացած պահուն Նորայրը կ՚այցելէ իրեն՝ գեղադէմ, սեւահեր, հասակաւոր ու վայելուչ իր տեսքով, այսպէս կ՚երեւակայէր ան Նորայրը, ու ամէն օր դպրոցէն վերադարձին կը գամուէր ննջասենեակի պատուհանին առջեւ, կը սպասէր Նորայրի սենեակէն լոյսի ճառագայթումին: Նորայրն ալ կարծես գիտէր Արմիկին տան տեղը ու անոնք ժամերով պատուհաններէն բարեւներ կը փոխանակէին, բայց յստակ չէր տեսնուեր անոնց դէմքը, ի՜նչ փոյթ, կարեւորը զգալն է իրարու ներկայութիւնը, որմէ միայն ու միայն սէր կը յորդի: Արմիկին հրճուանքը կը բազմապատկուէր, երբ երկուքին թեւերը բարձրանային ու բարեւներու այս փոխանակումը Արմիկին պատանի սրտիկը այնպէս արագ կը բաբախեցնէր, որ կարծես ան դուրս պիտի ելլէր մարմնէն: Հապա՛ եթէ տեսնէ Նորայրը, զգայ անոր գոյութիւնը, հայեացքներու փոխանակումով ինչե՜ր կրնան պատահիլ արդեօք...:
Արմիկին մայրը զարմանքով յաճախ սենեակ կը մտնէր, որուն ներկայութիւնը նկատելով Արմիկ դասագրքերու կոյտին դէմ կը նստէր ու դասապատրաստութեամբ զբաղածի մը տեսքը կ՚ունենար: Կինը նկատելով աղջկան աշխատասիրութիւնը, նոյնիսկ ընթրիքը ննջասենեակ կը բերէր, որպէսզի ան կեդրոնացումէն չշեղէր: Բայց ի՞նչ դաս, ո՞վ կը մտածէ դասի մասին...: Արմիկ այդքան ալ ուսումնասէր մէկը չէր, բայց շատ ուշիմ էր, հակառակ որ միշտ ալ չարութիւններով աչքի կը զարնէր: Ահա թէ ինչ ըրաւ օր մը: Արմիկ վարժ չէր արեւելահայերէնի հնչիւններուն, միշտ կը ծիծաղէր դասընկերներուն խօսելաձեւին վրայ, միայն սուրիահայը կը հասկնար իր խօսքերը եւ ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ երբեմն ալ կը մասնակցէր Արմիկին կարգադրութիւններուն: Օր մը Արմիկ տունէն խաւաքարտ մը կը բերէ ու մէկիկ-մէկիկ դասընկերներուն կարդալ կու տայ անոր վրայի մեծատառ գրութիւնը: «Բադը պատին վրայ» գրուած էր խաւաքարտին վրայ․ պարսկահայերն ու հայաստանցիք կը կարդան արեւելահայերէն հնչիւններով՝ «պատը բադին վրայ», Արմիկն ու սուրիահայը չեն կրնար զսպել իրենց քրքիչը, ուշաթափելու չափ կը խնդան ու փորերնին բռնած, կաս-կարմիր կտրած կ՚արտայայտուին՝ «Ծօ ինչպէ՞ս պատը բադին վրայ կ՚ելլէ, հահահա»: Դասընկերները եւս կը զուարճանային այս չարութիւններով ու չէին նեղանար Արմիկէն:
Այսպէս ամիսներ կ՚անցնին ու տակաւին Արմիկ անձամբ չէ տեսած Նորայրը: Յաճախ, սակայն, տարօրինակ կը թուի շիկահեր պարսկահայ պատանիի մը հետաքրքրութիւնը իրեն հանդէպ, որուն հետ հեգնանքով կը խօսի Արմիկ, բայց շիկահեր Սահակը յամառօրէն դէմը կ՚ելլէ Արմիկին, ճամբուն մէջտեղը կը կեցնէ, առաջարկներ կը տեղացնէ, ժամադրավայրեր կ՚որոշէ, բայց Արմիկ միշտ ալ խոյս կու տայ անկէ:
Ու ահա ճակատագրական օրը կը հասնի.Արմիկ սովորականին պէս դարակը կը խուզարկէ, վերջերս ինքն ալ սկսած է նամակներ գրել Նորայրին ու երկուքն ալ մէկզմէկու սիրոյ արտայայտութիւնները կը գգուեն ու անհամբերութեամբ կը սպասեն նոր նամակներու: Կը կարդայ ան օրուան նամակը, կը հրճուի ու յուզումը կը պատէ պատանի հոգին, կ՚ուզէ տեսնել զայն, այսքան մօտ ըլլալով չտեսնե՞լ, ինչպէ՞ս չտեսնել, այսքան հարազատ ապրումներ ու սէր պարունակող անձի մը հետ ինչպէ՞ս չծանօթանալ...: Դասընկերներէն՝ պարսկահայ Կարօն, որ Նորայրին մտերիմ բարեկամն էր, կը մօտենայ ու կը յայտնէ, որ Նորայրը դպրոցէն արձակուելու ժամանակ տեսնել կ՚ուզէ զինք: Ի՞նչ, վերջապէս պիտի տեսնէ՞ Նորայրը, վերջապէս պիտի խօսի՞ անոր հետ, հեքիաթային սպիտակ ձիաւորն է ան Արմիկին: Վայրկեանները ժամերու տեւողութիւն ունին կարծես, չեն անցնիր, մինչ Արմիկ հանգիստ չունի, չի գիտեր ի՞նչ ընէ, երանի կախարդական գաւազան մը ունենար ու ժամացոյցին սլաքի շարժումը արագացնէր: Քանի կը մօտենայ հանդիպման ժամանակը, այնքան անհանդարտ վիճակ մը կ՚ունենայ Արմիկ, կը վառվռի, առաջին սիրոյ առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ, որուն շա՜տ երկար սպասեց...
Վերջին պահու զանգը կը հնչէ ու Կարօն կը մօտենայ Արմիկին ուղեկցելու դէպի ժամադրավայր, ան կ՚ուզէ թռչիլ, արագ հասնիլ Նորայրին, սակայն կը զսպէ ինքզինք․ կը հասնին, բայց ահա դէմը կ՚ելլէ շիկահեր Սահակը. «Ո՞ւրկէ ելաւ հիմա աս տղան, ես եկած եմ Նորայրը տեսնելու, խոչընդոտի մը պէս եկեր ու կանգներ է հոս, ինչպէ՞ս զինք հեռացնենք, որպէսզի կարենամ հանգիստ զրուցել Նորայրին հետ, բայց ո՞ւր է Նորայրը»․ այսպէս կը մտածէ Արմիկ, կը մօտենան անոնք Սահակին ուղղութեամբ, Կարօն կը ծանօթացնէ. «Ահա Սահակ-Նորայրը, որ շատ կ՚ուզէ հետդ ծանօթանալ, ան է նամակներուն հեղինակը»: Ի՞նչ, ի՜նչ հիասթափութիւն մը կը տիրէ Արմիկին, սէրը կաթիլ-կաթիլ կը թափի աչքերէն, կարծես հոգիին հրաժեշտ տալով, ու չի գիտեր ինչպէ՞ս փախչիլ այդ տեղէն: Ամիսներէ ի վեր ինչպէ՞ս կը պատկերացնէր Արմիկ Նորայրը եւ ի՞նչ տեսաւ․ այդ նոյն պատանին, որ տեսնել իսկ չէր ուզեր ան, չէր մարսեր անոր ներկայութիւնը...: Քանի՜ անգամ փախուստ տուած է անկէ... ու լալով տուն կը հասնի Արմիկ:
Յաջորդ օրը կը հիւանդանայ ու դպրոց չ՚երթար: Սակայն անկողինին մէջ, ջերմութիւններով պատուած կը մտածէ, բանի մը բացակայութիւնը կը զգայ ան, նամակները կարդալու ժամն է, կը յիշէ նամակներուն պարունակութիւնը, կը յիշէ նաեւ շիկահեր Սահակ-Նորայրը, կը համեմատէ զայն իր երեւակայութեան կերտած պատկերին հետ, չ՚ուզեր հաւատալ իրականութեան, բայց ի՛նք է, որ գրած է այդ նամակները, բացիկներ շինած չոր վարդերով ու կարմիր սիրտերով... ի՛նք է այդ զգացումները մարմնաւորողը:
Այլեւս Արմիկ նոյն հրճուանքով չի բարձրանար դասարան, պահեր կ՚անցնին ու դարակը խուզարկելու մասին իսկ չի մտածեր, հոգն իսկ չէ, հիասթափութեան ձգած սպին դեռ կը կոտտայ: Այսպէս օրեր կ՚անցնին ու ահա թուղթի կտոր մը կը հպի մատներուն դարակին մէջ, որ ինչե՜ր կ՚արթնցնէ անոր պատանի հոգւոյն մէջ, կարօտով կը բանայ թուղթի կտորը եւ կարծես կը լափէ հոն գրուած տողերը...
Կը մտերմանան անոնք ու երկուքն ալ կը վայելեն պատանեկան առաջին սիրոյ ապրումները: Սակայն երկար չի տեւեր այս մտերմութիւնը, Արմիկը ընտանեօք կը վերադառնայ Լիբանան:
Ամէն օր կեանքի դպրոցէն սորվելիք մը ունինք, այս մէկը ծառայեց Արմիկին հասունացման, եւ այս տարիքին ան հասկցաւ, որ մարդուս արտաքին տեսքը կապ չունի անոր ներաշխարհին հետ:
Տարիներ անց, երբ Արմիկ ամառնային արձակուրդի համար կու գայ Երեւան, կ՚այցելէ Աբովեան քաղաքը, կը դիտէ դպրոցը ու այդ թաղերուն մէջ կը շրջի յուշերուն հետ, մինչ երիտասարդ մը հեռուէն կը նկատէ զինք, կը մօտենան իրարու, կը ճանչնան զիրար, սակայն սառնորակ ապրումներով հազիւ թէ կը ձեռնուին ու ամէն ոք կը շարունակէ իր ուղին: Կեանքի դպրոցը իրենց համար նոր գիտելիքներ չունի ալ: