ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ՊԱՀԵԼԸ ՆԱԵՒ ՄԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ՊԱՀԵԼ Է
Լիբանանի մէջ վտանգուած տպագիր մամուլի հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ էր երէկ:
Լիբանանեան տպագիր մամուլի աշխատակից շատ մը պաշտօնակիցներ, որոնք պաշտօնէ արձակուած են տուեալ մամուլին նիւթական նեղութեան պատճառով, գանգատ ներկայացուցին Լրագրողներու սենտիքային, թէ նկատի ունենալով իրենց դժուար կացութիւնը՝ մամուլի տէրերը շահագործելով ընկերային դառն վիճակը, սկսած են իրենց գործ առաջարկել շատ ցած աշխատավարձով, որով անկարելի է արժանապատուութեամբ ապրիլ:
Ահաւասիկ Լիբանանի տնտեսական դժուար կացութեան ստեղծած ընկերային այլ հարց մը, որ ունի աւելի քան մութ հեռանկար՝ երբ նկատի ունենանք, որ տպագիր մամուլը արհեստագիտութեան ու համացանցի յառաջացումով, արդէն իսկ համաշխարհայնօրէն կը գտնուի մութ փապուղիի մը մէջ, որմէ ըստ երեւոյթին դժբախտաբար քիչ հաստատութիւններ ապահով դուրս պիտի գան:
Հայ տպագիր մամուլը ինչ որ չափով տակաւին կը տոկայ՝ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ, ի գին ամէն դժուարութեանց: Աշխատինք ու ջանանք, որ համաշխարհային այս ալիքը չհար-ւածէ նաեւ զայն
Համահայկական զօրաշարժ եւ ռազմավարութիւն պէտք է շրջանցելու այս վտանգը:
Վտանգը այս պարագային բնականաբար ազգային առումով է, որովհետեւ հայ մամուլը իր մասնագիտական ծառայութենէն զատ, նաեւ յենասիւներէն է ազգապահպանման՝ իր հայեցի ուղղուածութեամբ հայ ժողովուրդը զգաստ պահելու իր էութեան եւ իրաւունքներուն նկատմամբ։ Հետեւաբար հայ մամուլը պահելը նաեւ մեր հայկական դիմագիծը պահել է։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք»